Լրահոս

Ամուլսարի Հանքը Պիտի Շահագործուի

Լուսանկար՝ ՀԵՏՔ

ԵՐԵՒԱՆ.- Հ.Հ. վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ նպատակայարմար կը գտնէ շարունակել Ամուլսարի հանքին շահագործումը։ Ան հաւաստիացուց, թէ Ամուլսարի հանքը պիտի փակուի, եթէ պարզուի, որ անիկա վնաս պիտի հասցնէ Սեւանայ լիճին, Ջերմուկի ջուրերուն եւ բնութեան այլ տարրերուն:

Ջերմուկէն ժամանած ցուցարարներ յայտնեցին, որ եթէ Ամուլսարի խնդրին լուծում չտրուի, կառավարութիւնը որոշէ, որ հանքը պիտի շահագործուի, իրենք պիտի չնահանջեն ու պիտի փակեն բոլոր ճամբաները։

Նշենք, թէ Օգոստոս 16-ին Ջերմուկի եւ յարակից շրջաններու բնակիչները կատարած էին բողոքի ցոյց` ընդդէմ Ամուլսարի շահագործման:

Ցուցարարները դիմած էին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին` անմիջապէս հանդիպելու պահանջով: Անոնք նաեւ վարչապետին յղած էին բաց նամակ մը, որուն մէջ նշուած էր, որ թաւշեայ յեղափոխութենէն իրենք կ՛ակնկալէին, որ իրենց ձայնը լսելի կը դառնայ եւ Հայաստանի զարգացման, շրջանին մէջ համայնքին գոյութեան, անոր տնտեսական ու ընկերային կեանքին: «Ցաւօք, մեր ակնկալիքները չարդարացան. փոխարէնը` Ամուլսարի հանքի դէմ պայքարը մտաւ երկար ու ձիգ իրաւական եւ դիւանակալական գործընթացի մը մէջ», գրած էին անոնք:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button