ԱՄԷՆ ԿԻՐԱԿԻ ՆՈՅՆ ԲԱՆԸ Կ՛ԸՍԷԱ

0 0
Read Time:4 Minute, 32 Second

KHACHADOOR CHURCH

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Նիս, 2016

Կիրակի օր եկեղեցի յաճախող իւրաքանչիւր հաւատացեալ Աստուծոյ տունը երթալու իւրայատուկ մղում ունի, եւ քարոզի նկատմամբ՝ տարբեր մօտեցում։ Ոմանք՝ քարոզ լսելու համար կ՛երթան, ուրիշներ՝ քարոզի պահուն դուրս կ՛ելլեն պապիրոս մը ծխելու եւ բարեկաﬕ մը հետ խօսելու։ Կան որ անհամբեր կը սպասեն որ աւարտի քարոզը, ուրիշներ առիթէն կ՛օգտուին մշիկ մշիկ քնանալու համար, ոմանք ալ քարոզիչին ոսկեծորան խօսքերէն չեն կշտանար։ Մէկն ալ կը կարծէ թէ քարոզիչը ամէն կիրակի նոյն բանը կ՛ըսէ, բարկացած ձեռքը կը բարձրացնէ, կ՛ելլէ տեղէն,-
-Տէ հերի՛ք էա, ամէն կիրակի նոյն բանը կ՛ըսէա։ Ամէն կիրակի նոյն բանը կ՛ըսէա,- կ՛ըսէ, գաւազանը կ՛առնէ, կ՛ելլէ, կ՛երթայ։
Այս անձին մասին մէկէ աւելի անձեր տեղ մը պատﬔր են ինծի խնդալով։ Հաւատացեալ մըն է որ քարոզէն դժգոհ հոգեւոր ճաշի սեղանէն ու կ՛ելլէ ու տուն կ՛երթայ,յաջորդ կիրակին նորէն գալու եւ քարոզը լսելու, համբերանք հատնելու, ոտքի ելլելու եւ տուն երթալու։
Ասանկ ատեն ո՞վ ինքզինքը քարոզիչին տեղը կ՛ուզէ դնել եւ է՝ ի՞նչ զգալ։
Օր մը Քարոզխօսութեան դասապահուն եկեղեցական ուսուցիչը բացատրեց քարոզին իմաստն ու կարեւորութիւնը եւ բառը ստուգաբանեց ակնարկելով քարկոծել եզրին։ Որպէս թէ քարոզ բառը կապ ունեցած ըլլայ Քար կոծել ուն հետ։ Քարկոծել բառը ժամանակի ընթացքին եղած ըլլայ քարոզել, քմծիծաղով ըսաւ։ Չնայած որ երբեﬓ քարոզը քարկոծելուն կապակցելը անիմաստ թուի ﬔզի, բայց քարկոծելու մասնագէտ քարոզիչները երբեﬓ կը հպարտանան հաւատացեալին թերացուﬓերը մատնանշելով եւ ﬔղադրելով զանոնք։ Քարոզիչ կայ որ կ՛ըսէ,
– Եկեղեցի ինչո՞ւ չէք գար։
Մենք՝ եկեր ենք, չեկողներուն ըսէք, անձայն կ՛ըսեն լսողները իրենց մտքէն։
– Շաբթուան մը ընթացքին չէ՞ք կրնար մէկ կամ երկու ժամ յատկացնել Աստուծոյ։ Կրնա՛նք, տեսէ՛ք, յատկացուցեր ենք լսողները կ՛ըսեն լռելեայն։
Մէկ երկու ժամ Աստուծոյ նուիրել խորքին մէջ զանոնք ինքզինքին ալ նուիրել է։ Աստուծոյ տունը՝ Եկեղեցին՝ կը լուայ, կը մաքրէ, կ՛ազնուացնէ եւ կը զինէ հաւատացեալին սիրտն ու հոգին, նոյնիսկ եթէ ան չի կրնար ծայրէ ծայր հետեւիլ պաշտամունքին, երգեցողութեան, աղօթքին, նոյնիսկ եթէ իր ուշադրութիւնը կը ձրուի՝ կը նայի թէ ո՞վ է եկեր, եւ ո՞վ չէ եկեր, ո՞վ ինչ հագուեր է, եւ ո՞վ որուն քովը նստեր կեցեր կամ կը խօսի, նոյնիսկ եթէ մտքէն բամբասէ Աստուծոյ թէ այսինչն ու այնինչը ինչ տեսակ մարդ է, եւ կամ սիրտը բանայ անոր եւ բաներ մը խնդրէ իրմէ, կամ ալ յիշէ իր գործած այս կամ այն սխալը, ﬔղքը եւ զղջայ, կամ ըսէ թէ ինք լաւ է ըրեր, կամ ﬔղքը սրբագրելու մասին խորհրդակցի Աստուծոյ հետ, Անոր պատգաﬓերը խղճին ﬕջոցաւ ստանայ, յաճախ, թեթեւցած սրտով ու հոգիով երթայ տուն, Աստուծոյ ներկայութիւնը վայելած ըլլալու, Անոր հետ անկեղծ, սրտբաց եւ բուժիչ զրոյց մը ունեցած ըլլալու գոհունակութեամբ։ Աղօթքն ի՞նչ է եթէ ոչ զրոյց մարդու ու երկնքէն իր մտածուﬓերը, խօսքերը, եւ արարքները քննողին ﬕջեւ։
– Ամէն կիրակի նոյն բանը կ՛ըսէա,- բարկութեամբ ըսողը գուցէ կ՛ակնկալէր եւ կը սպասէր որ քարոզիչը իր սրտին ու հոգւոյն խօսող բան մը բարի լուր մը պիտի տայ իրեն այդ օր, պատգամ մը որ իր սիրտը պիտի առնէ, ﬗիթարէ, ըլլայ բալասան մը որ բուժէ իր ցաւն ու հոգին։
Պատարագին սկիզբը եկեղեցի եկողը թափօրի պահուն գերապանծ փառքով զարդարուած Քրիստոսի սպասաւորը կը տեսնէ որ Տիրոջ օրհնութիւնը կը բաշխէ եկեղեցւոյ եւ աշխարհի հաւատացեալներուն իր խաչոﬖ ու բուրվառովը։ Սէր կը բաշխէ Ճաշու Ժաﬕ Աստուածաշունչի բարելուր ընթերցուﬓերուն ընդմէջէն։ Հաւատամքի արտասանմամբ կը հաստատէ Քրիստոնեային հաւատքին խարիսխը։ Վերջին ընթրիքի յիշատակին տեւականացման համար Յիսուսի պատգամը կը կատարէ, յաւերժացնելով Վերջին Ընթրիքի խորհուրդը։ Պատարագիչը կ՛առնէ հացը, գոհութիւն կու տայ երկնաւորին, կ՛օրհնէ, խաչաձեւ կը կտրէ եւ կը բաժնէ որ հաւատացեալները ճաշակեն Քրիստոսի մարﬕնը, յետոյ կ՛օրհնէ բաժակին գինին, կը բարձրացնէ, կու տայ որպէսզի ըմպեն, խﬔն Նոր Ուխտի իր արիւնը որ իրենց եւ շատերուն ﬔղքերու քաւութեան եւ թողութեան համար կը թափի։ Հաղորդութիւն ստանալու պատրաստ հաւատացեալը կը խոստովանի իր մարդկային ﬔղքերը, եւ գինիով օծուած նշխարը կը ճաշակէ որպէսզի մաքրուի իր սիրտն ու հոգին։
Նայող կայ թէ ո՞վ կը հաղորդուի եւ ո՞վ ո՛չ։ Կիները այրերէն աւելի՞ կը հաղորդուին, եւ այրերը ինչո՞ւ չեն հաղորդուիր ﬔղաւոր չե՞ն։ Սրտակից ննջեցեալ բարեկամս Սեպուհը այս մասին համոզուած զարմացաւ թէ այրերը ինչո՞ւ կ՛ամչնան հաղորդութիւն ստանալու։ եւս առաւել կան որ ասինչն ու այնինչը անարժան կը նկատեն հաղորդութիւն ստանալու առանց իր հաւանութեան…։
– Մեղայ Աստուծոյ, ﬔզի՞ ﬓաց որոշելը թէ ո՞վ է ﬔղաւոր եւ ո՚վ է արդարը։ Չէ՞ որ Յիսուս աշխարհ եկաւ ﬔղաւորները Աստուծոյ մօտեցնելու։ Չէ՞ որ Քրիստոս անխտիր քարոզեց բոլոր այն ﬔղաւորներուն որոնք կու գային ճանչնալու համար Աստուծոյ թագաւորութեան տանող ճանապարհը։ Չէ՞ որ Ան յանուն Աստուծոյ բժշկեց կոյրը, կաղը, համրը, խուլն ու անդամալոյծը։
… Աստուած հոգին լուսաւորէ հաւատացեալին որ կիրակի օրերը եկեղեցի կ՛երթար, քարոզիչին խօսքերը իմանալու եւ կ՛եզրակացնէր թէ ան ամէն կիրակի նոյն բանը կ՛ըսէր, եւ բան մը չեղածի պէս յաջորդ կիրակի նորէն կու գար անոր նոյն խօսքերը մտիկ ընելու ﬕնչեւ որ համբերանքը հատնէր բարկացած՝ ոտքի ելլէր ու երթար, յաջորդ կիրակի նորէն գալու այն յոյսով որ իր սրտին ու հոգւոյն սպասած պատգամը օր մը պիտի տար քարոզիչը վերջապէս, յոյսով…
Տարօրինակ է որ եկեղեցի եկողը կը կարծէ թէ քարոզիչը ամէն կիրակի նոյն բանը կ՛ըսէ, բայց երբեﬓ չի յիշեր թէ ի՞նչ ըսաւ։ Նոյն բանը պիտի ըսէ հապա ի՞նչ, մարդ ու Աստուած։
Եկեղեցականներուն քարոզի մասին խօսելու հրաւիրուած հովիւ մը նիւթը ներկայացնելէ առաջ ﬔզի ներկաներուս թելադրեց որ ﬔր լսած քարոզներէն երեքը յիշենք։ Նախ իրարու երեսին նայեցանք ու յետոյ պրպտեցինք ﬔր յիշողութիւնը, որպէսզի ﬔզ տպաւորած երեք քարոզ յիշենք։
Մեր ալ պատասխանները նմանեցան հաւատացեալին որ կը կարծէր թէ քարոզիչը ամէն կիրակի նոյն բանը կ՛ըսէր, ի՞նչ կ՛ըսէր չենք յիշեր։ Քարոզի մը նիւթը ուրիշ ի՞նչ կրնայ ըլլալ եթէ ոչ Հա՛յր, Որդի՛ եւ Սո՛ւրբ Հոգի Աստուած, մարդ ու տիեզերք։ Ճիշդ է քարոզը Աստուծոյ խօսք է։
– Ամէն կիրակի նոյն բանը կ՛ըսէա։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ԱՄԷՆ ԿԻՐԱԿԻ ՆՈՅՆ ԲԱՆԸ Կ՛ԸՍԷԱ

  1. Amen giragi nuyn karoze che payz antzial darva nuyn giragiyin karozene! Yerani Der Hayre gam Hayr Sourpe Sourp Kirke kordsadselov joghovourtin amenoria gyankin tejvaroutiounnerou masin khosi, espopank dalov yev kachalerelov yev huys dalov! Kani ankam bidi lesenk vor Hisous tzouge yev hatze orhnelov geragretz joghovourte! Gerna ellal vor ayt antze vor tours elav, ayt ore shad pan chouni oudelou……

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles