ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 15ՐԴ ՆԱՒԱՊՏՈՅՏԸ

0 0
Read Time:6 Minute, 58 Second

Տոքթ. Արա Գաբրիէլեան

Յուն­ուար 21էն 28ը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ամե­րի­կա­հայ Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան 15-րդ տա­րե­կան նա­ւապ­տոյ­տը, մաս­նակ­ցու­թեամբ 1,300 հայ­րե­նա­կից­նե­րու, որոնք եկած էին Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րէն, Գա­նա­տա­յէն, Հա­յաս­տա­նէն ինչ­պէս նա­եւ Եւո­պա­յի, Հա­րա­ւա­յին Ամե­րի­կա­յի եւ Մի­ջին Արե­ւել­քի եր­կիր­նե­րէն: Հա­կա­ռակ հա­մաշ­խար­հա­յին տնտե­սա­կան լուրջ ճգնա­ժա­մին, որ տա­կա­ւին իր ազ­դե­ցու­թիւնը զգա­լի կը դարձ­նէ ամէն տեղ, պատ­կա­ռե­լի թիւով հա­յեր իրենց ետին ձգե­լով ձմեռ­ուայ անն­պաստ ցուրտն ու ձիւնը, հա­ւաք­ուած էին Florida-ի Ft. Lauderdale   քա­ղա­քը, ուր­կէ ճամ­բայ ելաւ MSG Paesia նա­ւը: Նա­խորդ նա­ւապ­տոյ­տի մաս­նակ­ցող­նե­րը, որոնք մե­ծա­մաս­նու­թիւն կը կազ­մէ­ին, ինչ­պէս նա­եւ առա­ջին ան­գամ եկող­նե­րը, ան­համ­բեր կը սպա­սէ­ին վա­յե­լե­լու բնու­թեան հրա­շա­լիք­նե­րը, նա­ւին կող­մէ ու մա­նա­ւանդ մեր մա­տու­ցե­լիք բազ­մա­թիւ ու բազ­մա­պի­սի ծրա­գիր­նե­րը` հայ­կա­կան ջերմ ու հա­րա­զատ մթնո­լոր­տի մէջ: Ու կա­րե­լի է ան­վա­րան յայ­տա­րա­րել, որ մէկ շա­բաթ  յե­տոյ ոչ ոք յու­սա­խաբ եղաւ նա­ւապ­տոյ­տէն, ընդ­հա­կա­ռա­կը մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը վե­րին աս­տի­ճա­նի գո­հու­նակ նա­ւապ­տոյտ յանձ­նախում­բի տա­րած բծախն­դիր ծրագ­րում­նե­րէն ու հա­ճո­յա­կա­տար պատ­րաս­տա­կա­մու­թե­նէն, հրա­ժեշտ տուին իրա­րու` մի­ա­ժա­մա­նակ խօսք տա­լով, որ պի­տի մաս­նակ­ցին գալ տար­ուան այ­սինքն` 16րդ նա­ւապ­տոյ­տին: Ի դէպ, յանձ­նա­խումբս ար­դէն իսկ լծուած է աշ­խա­տան­քի գալ տար­ուան նա­ւապ­տոյ­տը նոյն­քան եթէ ոչ աւե­լի ան­մո­ռա­նա­լի դարձ­նե­լու հա­մար:

Մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը, ինչ­պէ՞ս ան­ցու­ցին այդ երա­նե­լի շա­բա­թը: Օրը կը սկսէր ամ­բողջ նա­ւով մէկ հա­յե­րէ­նով մեր ծրա­գիր­նե­րու յայ­տա­րա­րու­թեամբ հա­կա­ռակ անոր որ առա­ջին իսկ վայրկ­եա­նին իւ­րա­քան­չիւր սեն­եա­կի մէջ դրուած էին գրքոյկ­ներ, ուր նշուած էին շա­բաթ­ուան մեր ծրա­գիր­նե­րը:

Առա­ւօտ­եան հո­գե­պա­րար ժա­մեր­գու­թիւն կը կա­տար­ուէր առաջ­նոր­դու­թեամբ Արք.  Թա­պագ­եա­նի: Տե­ղի կ՛ու­նե­նա­յին խօ­սակ­ցա­կան հա­յե­րէնի եւ հայ­կա­կան աւան­դա­կան, տոհ­միկ պա­րե­րու դա­սա­ւան­դու­թիւն­ներ: Օր­ուան մէջ տե­ղի կ՛ու­նե­նա­յին դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ, զե­կոյց­ներ, կլոր սե­ղա­նի շուրջ հայ­կա­կան այժ­մէ­ա­կան հար­ցե­րու մա­սին զրոյց­ներ (մաս­նակ­ցու­թեամբ Տոքթ. Անդ­րա­նիկ Գաս­պար­եա­նի, Քէն Խա­չիկ­եա­նի, Աբօ Ճա­պար­եա­նի, Պօ­ղոս Գու­բել­եա­նի), միու­թե­նա­կան հա­ւաք­ներ (Հ.Օ.Մ.ի, Վար­դա­նանց Աս­պետ­նե­րու եւ Դստերք Վար­դա­նան­ցի):

Եր­կու գիր­քեր ներ­կա­յաց­ուե­ցան, մէ­կը դա­տա­ւոր Ա. Արապ­եա­նի իսկ միւ­սը հո­գե­բան Պերճ Մի­նաս­եա­նի կող­մէ:

Մեծ թա­տե­րաս­րա­հի մէջ եր­կու ան­գամ ելոյթ ու­նե­ցաւ Լոն­տո­նէն հրա­ւիր­ուած մե­ծա­տա­ղանդ կա­տար­կեր­գակ ու դաշ­նա­կա­հար Քեւ Օրք­եան եւ Մոն­րէ­ա­լի Հա­մազ­գա­յի­նի “Անի“ պա­րա­խում­բը: Յոտն­կայս ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով գնա­հատ­ուե­ցան զոյգ ելոյթ­նե­րը: Մէկ երեկոյ Սթիւ Իս­քեն­տէր­եան հրամ­ցուց ոգեշն­չող ազ­գա­յինևյե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րու հա­մերգ: Ցու­ցադր­ուե­ցան հայ­կա­կան շար­ժապատ­կեր­ներ, ի մաս­նա­ւո­րի Էրիք Խա­չիկ­եա­նի Voyage to Amasea մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցած փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ֆիլ­մը: Ամէն երե­կոյ մին­չեւ ուշ ժա­մեր, տե­ղի կ՛ու­նե­նար հայ­կա­կան պա­րա­հան­դէս Գէ­որգ Ար­թին­եա­նի եւ Սթիվ Իս­կեն­տէր­եա­նի առաջ­նոր­դու­թեամբ, ինչ­պէս նա­եւ յա­տուկ խրախ­ճանք երի­տա­սարդ ամու­րի­նե­րու հա­մար:

Հինգ­շաբ­թի լո­ղա­ւա­զա­նի շուրջ կա­յա­ցաւ հայ­կա­կան փա­ռա­տօն` երաժշ­տու­թեամբ, պա­րով եւ հայ­կա­կան ու­տե­լիք­նե­րու սպա­սար­կու­թեամբ: Մրցա­նա­կի տրուե­ցան եռա­գոյ­նով կար­ուած ամէ­նէն գե­ղե­ցիկ, ինք­նա­տիպ տա­րա­զին ու լա­ւա­գոյն տա­րազ­նե­րուն: Շա­բթ­ուայ վեր­ջա­ւո­րու­թեան գաւ­լու եւ պը­լօ­թի մրցա­խա­ղե­րու յաղ­թող­նե­րուն տրուե­ցան մրցա­նակ­ներ:

Նա­ւապ­տոյ­տի յո­բե­լի­նա­կան 15 ամ­եա­կը պատ­շա­ճօ­րէն նշե­լու հա­մար տե­ղի ու­նե­ցաւ յա­տուկ երե­կոյթ, ուր նա­ւապ­տոյ­տի կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւնը իը սրտի խօս­քը ներ­կա­նե­րուն փո­խան­ցե­ցի­նԱնդ­րա­նիկ Պու­տաք­եան, Վազ­գէն Այ­վազ­եան (փոխևատե­նա­պետ) եւ Պետ­րոս Պան­տազ­եան (ատե­նա­պետ): Այս առի­թով բաժն­ուե­ցան 15 տա­րի­նե­րու նա­ւապ­տոյ­տի պատ­մու­թիւնը ընդգր­կող պատ­կե­րա­զարդ գրքոյկ­ներ ինչ­պէս նա­եւ գալ տար­ուան նա­ւապ­տոյ­տի ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ, որուն յա­ջոր­դեց քոք­թէյ­լի շքեղ հիւ­րա­սի­րու­թիւն: Խան­դա­վառ­ուած գալ տար­ուան նա­ւապ­տոյ­տի հե­ռան­կա­րով եւ մե­ծա­գու­մար զեղ­ջե­րէն աւե­լի քան 500 հո­գի ար­դէն ար­ձա­նագր­ուե­ցան 2013ի հա­մար (ժա­մա­նակ առ ժա­մա­նակ հե­տե­ւե­ցէք մա­մու­լի մի­ջո­ցաւ տրուե­լիք ծա­նու­ցում­նե­րուն):

Վե­րո­յիշ­եալ բո­լոր ձեռ­նարկ­նե­րէն զատ այ­ցե­լե­ցինք St. Thomas, (US Vergune Islands), San Juan (Puerto Rico) եւ Nassau (Bahamas) կղզի­նե­րը, ուր մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը վա­յե­լե­ցին ծո­վի ջինջ ու զու­լալ ջու­րի մէջ լո­ղա­լու հա­ճոյ­քը, այ­ցե­լե­ցին տե­սար­ժան վայ­րեր կամ գնում­ներ կա­տա­րե­ցին տուր­քէ զերծ մատ­չե­լի գիներով:

Ան­մո­ռա­նա­լի էր այն պա­հը երբ յայ­տա­րար­ուե­ցաւ, Ֆրան­սա­յի Ծե­րա­կոյ­տի քու­է­ար­կու­թեան ար­դիւն­քը, ըստ որուն Եղեռ­նի ժխտու­մը այ­սու­հե­տեւ պիտ նկատ­ուի քրէ­ա­կան պատ­ժե­լի յան­ցանք: Այդ պատ­մա­կան որո­շու­մը ըն­դուն­ուե­ցաւ իբ­րեւ մէկ քայլ եւս Հայ Դա­տի վերջ­նա­կան լուծ­ման ճա­նա­պար­հին:

Ահա մօ­տա­ւո­րա­պէս ամ­փոփ պատ­կե­րը մեր անց­նող նա­ւապ­տոյ­տին: Իբ­րեւ եզ­րա­փա­կում կ՛ու­զենք կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգր­ծել այն հիմ­նա­կանն ու կեն­սա­կա­նը, որն էր մէկ ու ան­բա­ժան ըն­տա­նի­քի մը պատ­կա­նե­լե­լու զգա­ցու­մը բո­լո­րի մօտ ամ­բողջ նա­ւապ­տոյ­տի տե­ւո­ղու­թեան: Այդ զգա­ցու­մով ան­համ­բեր կը սպա­սենք գալ տար­ուայ նա­ւապ­տոյ­տին, երբ մեր նա­ւը գա­գա­թին ծա­ծա­նող եռա­գոյ­նով դարձ­եալ պի­տի ըն­դու­նի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը:

 

Նիւ Եորք

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles