
Հոլանտա
Պասը խճողուած էր. ես տեղս գրաւեցի, ինձմէ ետք ելլողները ոտքի մնացած էին:
Քալեց պասը:
Ես նստած էի ձախ կողմի նստարաններէն մէկուն վրայ ու պատուհանէն կը դիտէի Հոլանտայի հրաշալի բնութիւնը, որ ամէն օր կարծես առաջին անգամ տեսած կ’ըլլայի:
Յանկարծ թախ-թուխ ձայներ ելան. աջ դառնալով, ձայնին ուղղութեամբ, տեսայ աթոռէն չեմ գիտեր ինչպէ՞ս գետին ինկած, միջին տարիքով տիկին մը: Անմիջապէս տեղէս ցատկեցի, թեւէն բռնելով՝ զինք տեղաւորեցի նստարանին վրայ: Տիկինը շարունակ կը կրկնէր շնորհակալութիւնները: Հազիւ պիտի անցնէի տեղս, աչք մը նետեցի ներկաներուն վրայ. պիշ-պիշ կը նայէին ինծի. ոտքի կեցող երիտասարդներ ալ կային, որոնցմէ ոչ մէկը եղունգը շարժած էր օգնելու:
Արդե՞օք սխալ շարժում մըն էր ըրածս, մտածեցի:
Միլիոնաւոր մարդիկ այսօր ապաստանած են Եւրոպա, ՄԱՐԴկային իրաւունքները պաշտպանող օրէնքներու ենթակայ, բայց կ’ապրին կարծես անմարդկայնութեամբ մեքենայացած վիճակի մը մէջ, իսկ Սուրիա ճիշդ հակառակն էր:
Մեծ հայրս ասացուածք մը կ’ըսէր, որ չէի հասկնար.-
«Ամերիքատա մանկապարտէզ մի՛ փնտռեր»: Այսօր հասկցայ կարծեմ, որ «մանկապարտէզ»ը հոս կը նշանակէ զգայնութիւն: