Լրահոս

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Քննադատէ Հայաստանի Օժանդակութիւնը Նուազեցնելու Օպամայի Մտադրութիւնը

p2-3 _budget_350

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմը մտադիր է 2016-ի պիւտճէի ծիրին մէջ մրցանշային չափով նուազեցնել Հայաստանին, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանին տրամադրուելիք ելեւմտական օգնութեան չափը:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ խօսքը մասնաւորապէս տնտեսական աջակցութեան մասին է, մինչդեռ երկու երկիրներուն տրամադրուող զինուորական օգնութեան չափը պիտի հաւասարեցուի:

Օպամա առաջարկած է 2016-ին 18,360,000 տոլար յատկացնել Հայաստանի տնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամին: Եւ եթէ Քոնկրեսը այս առաջարկը հաւանութեան արժանացնէ, ապա ատիկա պիտի ըլլայ Հայաստանի անկախութեան տարիներէն ի վեր նուազագոյն տնտեսական օգնութիւնը:

Advertisement Subscribe Today

Օպամայի առաջարկած գումարին չափը 2 միլիոն տոլարով նուազ է նախորդ անգամ յատկացուած գումարէն:

Ամերիկեան վարչակազմին այս քայլը քննադատած է Ամերիկայի հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան, որ միեւնոյն ժամանակ ողջունած է այն փաստը, որ Հայաստանին ու Ազրպէյճանին տրամադրուող զինուորական օգնութեան չափը հաւասար է: Իսկ Արցախի առնչութեամբ, ամերիկեան կողմը որեւէ ելեւմտական օգնութիւն չէ նախատեսած:

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button