
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 106-րդ Տարեժողովը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 18-ին, Կլէնտէյլի Հայ Նազովրեցի Եկեղեցիին մէջ։ Այս տարուան ժողովին եւ անոր առնչուած գործունէութիւններուն նիւթն էր՝ «Հաւատարիմ Մեր Ժառանգութեան»։
Աւետարանչականի Վարչական Խորհուրդի Նախագահ, Իրաւաբան Կէրի Ֆիլիփս կատարեց ժողովին բացումը ողջունելով պատուիրակները եւ հրաւիրելով հիւրընկալ եկեղեցւոյ Հովիւ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանը, սկսելու ժողովը աղօթքով եւ հոգեւոր Խորհրդածութեամբ։

Ժողովի ընթացքին, Վարչական Խորհուրդի Նախագահ Իրաւաբան Կէրի Ֆիլիփս, Գործադիր Տնօրէն Սերժ Տ. Պուչաքճեան եւ Գանձապահ Դոկտ. Նուրհան Հելվաճեան ներկայացուցին մանրամասն զեկուցումներ, ընդգծելով Ընկերակցութեան գործունէութիւնը 2024–2025 տնտեսական տարուան ընթացքին։ Լրացուցիչ զեկուցումներ ներկայացուեցան նաեւ Հայաստանի մասնաճիւղէն, յանձնախումբերու ատենապետներէն, ինչպէս նաեւ Հայ Աւետարանական Միութիւններու եւ յարակից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէն։
Ժողովը վաւերացուց հետեւեալ ինը նոր վարչական անդամներու ընտրութիւնը, որոնք պիտի ծառայեն Ընկերակցութեան Վարչական Խորհուրդին երեք տարուան ժամանակաշրջանով, մինչեւ 2028.- Պրայըն Աղպապեան, Վահէ Պալուզեան, Պրայըն Պետրոսեան, Կրէկորի Պիլեզիքեան, Իրաւաբան Մարք Գասապեան, Տոքթ. Քէվին Գէորգեան, Արտա Մելքոնեան, Ժոզէֆ Ա. Սարաֆեան եւ Միշէլ Սիմուրեան։

Ժողովը իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի Հայ Աւետարանական Խորհրդակցութեան Նախագահ՝ Վեր ժիլպեր Լեւոնեանի փակման աղօթքով։
Շաբաթավերջի գործունէութիւններուն մէջ ընդգրկուած էր նաեւ Հոկտեմբեր 17-ի Վարչական խորհուրդի նիստը՝ որու բացման աղօթքը եւ հոգեւոր խորհրդածութիւնը առաջնորդեց Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան Աւագ Հովիւ՝ Վեր. Հենտրիկ Շահնազարեան։

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Տարեժողովի շաբաթավերջի ծրագիրները իրենց աւարտին հասան Կիրակի՝ Հոկտեմբեր 20-ին՝ Հայ Նազովրեցի Եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցած պաշտամունքով, որ առաջնորդեց Եկեղեցիի Հովիւը՝ Վեր. Մկրտիչեան։ Պաշտամունքին Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան Նախագահ եւ Սան Ֆրանսիսքոյի Գողգոթա Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի հովիւ Վեր. Կալվին Սաղըրեան մատուց Անգլերէն քարոզը։ Իսկ Աւստրալիայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Նախագահ՝ Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումշաճըքճեան մատուց Հայերէն քարոզը։

Պաշտամունքի ընթացքին Վեր. Շահնազարեան կատարեց յատուկ յիշատակի աղօթք՝ յիշելով Ընկերակցութեան այն անդամներն ու բարեկամները, որոնք նախորդ Տարեժողովէն ի վեր անցած են յաւիտենական կեանքին։ Աւարտին Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Տնօրէն՝ Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան կատարեց Ընկերակցութեան Վարչական Խորհուրդի անդամներու նուիրման արարողութիւնն ու աղօթքը, եւ ներկայ հովիւներու ընկերակցութեամբ մատուց փակման Օրհնութեան աղօթքը։
Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէն Սերժ Տ. Պուչաքճեան իր գոհունակութիւնը յայտնելով շաբաթավերջի ծրագիրներու յաջող ընթացքին ըսաւ․ «Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Հայ Նազովրեցի Եկեղեցի Հովիւ՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանին եւ եկեղեցւոյ անդամներուն, այս Տարժողովը հիւրընկալելու եւ իրենց ցուցաբերած ջերմ հիւրասիրութեան համար։ Թող Աստուած առատօրէն օրհնէ այս համայնքը եւ անոր ծառայութիւնը Կլէնտէյլի շրջանին մէջ»։

