

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ գործի լծուած է Ուքրայինահայ գաղթականներու մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու։
Մարտ 22 թուակիր հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի թէ Սփիւռքահայ մէկ այլ համայնք վտանգուած է այսօր։ Ուքրայինայէն ստուար թիւով անհատներ եւ ընտանիքներ ապահով ապաստանարան կը փնտռեն սահամանամերձ երկիրներու մէջ, որոնց կարգին՝ Լեհաստան, Պուլկարիա եւ Ռումանիա։

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը Եւրոպայի Հայ Աւետարանական Ընկերակցութեան եւ Պուլկարիոյ մեր ծառայութեան դաշտի գործակիցներու իր լայն ցանցին միջոցով իրավիճակը գնահատելէ ետք, մարդասիրական օգնութեան ձեռք երկարած է հասնելու ուքրայինահայ գաղթականներուն, որոնք Պուլկարիա հասնելով ապահով օրրան մը կը փնտռեն։

Պուլկարիոյ մեր Հայ Աւետարանական եկեղեցիները, գլխաւորութեան Վառնայի եկեղեցիներու հովիւներ՝ Վեր. Պետրոս Ալթունեանի եւ Պատուելի Ներսէս Կէտիկեանի, ամէն օր կապի մէջ են տեղահանուած գաղթականներուն հետ, անոնց արագօրէն տրամադրելու անհրաժեշտ անմիջական նպաստ եւ օգնութիւն։ Վառնա գտնուող գաղթականներուն մեծ մասը տեղաւորուած են յատուկ հանգստեան տուներու մէջ, ուր անոնց կը տրամադրուի սնունդ, բժշկական օգնութիւն եւ այլ անհրաժեշտ կարիքներ։ Յատուկ օգնութիւն եւ աջակցութիւն կը տրամադրուի նաեւ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին Հայաստան փոխադրուիլ եւ հաստատուիլ հայրենիքի մէջ։ Պատուելի Ներսէս Կէտիկեան կապի մէջ է նաեւ տարածաշրջանի Հայաստանի դեսպանանատուներու եւ հիւպատոսարաններու հետ, Ուքրայինայի, Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ Մայր Եկեղեցիի հոգեւոր առաջնորդներուն, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ՝ համակարգելու օգնութեան աշխատանքները եւ օժանդակելու այն գաղթականներուն որոնք կը ցանկան Հայաստան տեղափոխուիլ ։

Պուլկարիոյ եւ մերձակայ երկիրներու մէջ գտնուող Ուքրայինահայ գաղթականները շտապ օգնութեան գծով կրնան կապ հաստատել Պատուելի Ներսէս Կէտիկեանի հետ nketikian@gmail.com ել-փոսթ հասցէով։
Աւետարանչականի ուքրայինահայ գաղթականներու մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու ջանքերուն աջակցելու համար կարելի է ձեր նուիրատութիւնները ուղարկել AMAA, 31 West Century Road, Paramus, NJ 07652 կամ առցանց՝ www.amaa.org կայքով: