Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Արցախի Կեդրոններն ու Մանկապարտէզները կը Վերաբացուին

0 0
Read Time:1 Minute, 50 Second
Ուտեստեղէնի բաշխում Ստեփանակերտի մէջ

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկացնէ, թէ Արցախեան պատերազմի օրերուն եւ մինչեւ այսօր հարիւրաւոր Արցախցի ընտանիքներ ապաստան գտած են Մայր Հայաստանի մէջ։ Անոնց օգնող եւ աջակցող կազմակերպութիւններէն մէկն է նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հայաստանի մասնաճիւղը։
Նոյեմբերի 15-ին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հայաստանի մասնաճիւղէն եւ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցիէն ութը ծառայողներ մեկնեցան Ստեփանակերտ եւ բարեկարգեցին տեղւոյն գրասենեակը եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի դահլիճը, որոնք տուժած էին պատերազմէն։ Սեպտեմբեր 27-էն ետք առաջին անգամ Եկեղեցիին մէջ կատարուեցաւ նաեւ պաշտամունք։
Այսօր արդէն Աւետարանչականի մանկապարտէզները՝ Ստեփանակերտի, Ասկերանի եւ Մարտակերտի մէջ, իրենց դռները վերաբացած եւ լիարժեք սկսած են աշխատանքի։ Բաց է նաեւ Ասկերանի «Շող» Ցերեկային Կեդրոնը։

Յետ պատերազմեան պաշտամունք Ստեփանակերտի Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցիին մէջ

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Արցախի ներկայացուցիչ՝ Վիկտոր Կարապետեանը, պատերազմի առաջին օրերէն իսկ, անտեսելով ամէն դժուարութիւն եւ վտանգ, սնունդ, դեղօրայք եւ առողջապահական պիտոյքներ կը մատակարարեր նկուղներու, ապաստարաններու եւ այլ վայրերու մէջ պատսպարուած Արցախցի մեր հայրենակիցներուն։
Շուշիի «Շող» Ցերեկային Կեդրոնի ընկերային ծառայութեան գործիչ՝ Գայանէ Եղիազարեանը եւ Շուշիի Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան հովանիին ներքեւ գործող «Պետրոսեան» ճամբարի տնտեսավար՝ Սարիկ Գասպարեանը, «Պետրոսեան» ճամբարի մէջ ընդունած էին 30 տատիկներ եւ պապիկներ, եւ կը խնամէին զանոնք՝ հոգալով անոնց ամէն կարիքները… Անոնք մնացին ճամբարին մէջ մինչեւ իրենց տարհանումը՝ Հոկտեմբեր 29-ին։

Աւետարանչականի Յակոբ եւ Լիտիա Պաղտիկեան Մանկապարտէզ՝ Ստեփանակերտ

Այսօր ծանր ժամանակներ են Հայաստանի եւ Արցախի մեր հայրենակիցներուն համար։ Մենք կը սգանք Շուշիի, Հատրութի, Քարվաճառի եւ Արցախի միւս շրջաններու կորուստը։ Բայց նաեւ կը գիտակցինք որ պէտք է առաջ շարժուիլ, ընել հնարաւոր ամէն բան՝ աջակցելու մեր սիրելի Արցախի վերականգնումին։

Աւետարանչականի Եփրեմ եւ Զապել Պասմաճեան Մանկապարտէզ՝ Ասկերան

Հիմնադրուատ 1918-ին որպէս Քրիստոնէական կազմակերպութիւն, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը իր ծառայութիւնը կը մատուցանէ բոլոր անոնց՝ որոնք օգնութեան կարիք ունին՝ առանց խտրութեան։ Աւետարանչականը իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ’իրականացնէ պահպանելով շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններ աշխարհացրիւ 24 երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Հայաստան եւ Արցախ։ Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել Ընկերակցութեան կայքէջը՝ www.amaa.org.

Աւետարանչականի Վեր. Դոկտ. Մովսէս Պ. Ճանպազեան Մանկապարտէզ՝ Մարտակերտ

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles