Ամերիկայի Հայ Աւետարանակչական Ընկերակցութեան Արհեստական Բանականութեան Մասնագիտութիւններու Երկրորդ Ճամբարը՝ Հայաստանի Մէջ

Երկրորդ տարին ըլլալով, Հանքաւանի ճամբարը կը հիւրընկալէ իր տեսակին մէջ եզակի՝ Արհեստական Բանականութեան մասնագիտութիւններու ճամբարը դպրոցականներու համար, կազմակերպութեամբ Ամերիկայի Հայ Աւետարանակչական Ընկերակցութեան։
Այս տարի ճամբարը բաց է ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ սփիւռքի պատանիներուն՝ համախմբելով 14-17 տարեկան 460-է աւելի մասնակիցներ։
Ճամբարը կը կազմակերպուի Հայաստանի Գիտութեան եւ Բարձր Տեխնոլոկիաներու Հիմնադրամին (FAST) եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA) Հայաստանի մասնաճիւղին համագործակցութեամբ։
Ծրագիրը կը շարունակէ FAST-ի «Արհեստական Բանականութեան Սերունդ» նախաձեռնութիւնը, որ խորացեալ Արհեստական Բանականութեան կրթութիւնը կը ներմուծէ հանրակրթական համակարգ եւ զայն կը լրացնէ նաեւ դասարանէն դուրս գործնական փորձառութեամբ։
FAST-ի գործադիր տնօրէն Սիւզաննա Շամախեան կը շեշտէ, որ պատանիներուն համար չափազանց կարեւոր է ապագայի մասնագիտական հեռանկարները յստակ պատկերացնելը։
«Արհեստական Բանականութեան ճամբարը ունի յստակ մասնագիտական ուղղորդման բաղադրիչ։ Անիկա կը սկսի ինքնաճանաչողութենէն եւ հմտութիւններու զարգացումէն՝ հասնելով մինչեւ անմիջական շփումներ Արհեստական Բանականութեան ոլորտի մասնագէտներուն հետ։ Կարեւոր է, որ երեխաները բացայայտեն իրենց ներուժը եւ տեսնեն, թէ Արհեստական Բանականութեան զարգացումով ի՛նչ նոր կարելիութիւններ կը բացուին իրենց առջեւ», ըսաւ ան։
Ճամբարը պատանիներուն պիտի ընծայէ հնարաւորութիւն ծանօթանալու Արհեստական Բանականութեան եւ անոր առնչուող մասնագիտութիւններուն, առողջապահութեան, ելեւմտական համակարգի եւ այլ ոլորտներու մէջ անոր կիրառումներուն, բացայայտելու իրենց ուժեղ կողմերը, զարգացնելու ժամանակակից եւ մրցունակ հմտութիւններ եւ իրենց հետաքրքրութիւններուն համապատասխան մշակելու անձնական ու մասնագիտական զարգացման ուղիները։
Որպէս համակազմակերպիչներ՝ FAST-ը կը հոգայ կրթական եւ մասնագիտական բովանդակութիւնը, իսկ AMAA-ն կը կազմակերպէ ճամբարային առօրեան՝ խաղերով, ժամանցային եւ մրցակցային ծրագիրներով հարուստ միջավայր ստեղծելով։
AMAA-ի Հայաստանի ներկայացուցիչ Արէն Տէյիրմէնճեան կը նշէ.
«Կրթութիւնը միայն դասարանով չի սահմանափակուիր։ Հետեւաբար, Հանքաւանի ճամբարին մէջ կը փորձենք ստեղծել այնպիսի միջավայր, ուր պատանիները կրնան բացայայտել իրենց տաղանդները, ձեռք բերել կեանքի եւ ապագայի համար անհրաժեշտ հմտութիւններ եւ նոր երազանքներ կերտել։ FAST-ի հետ մեր համագործակցութիւնը այս առաքելութիւնը կը հարստացնէ նաեւ Արհեստական Բանականութեան ոլորտի նորագոյն գիտելիքներով»։
Այս տարի, բացի Արհեստական Բանականութեան ճամբարին կողքին, կազմակերպուած է նաեւ առանձին եռօրեայ Ձեռնարկատիրական ԱԲ ճամբար մը։ Ծրագիրը կ’իրականացուի գերմանական յայտնի IMPACT Week նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ, որ վերապատրաստումներ իրականացուցած է Mercedes-Benz-ի եւ Lufthansa-ի նման միջազգային ընկերութիւններու համար։ Անիկա աշակերտներուն հնարաւորութիւն կու տայ մտածելու որպէս նորարար ձեռնարկատէրեր, զարգացնելու մտածողութեան հմտութիւնը եւ իրենց գաղափարները իրականութեան վերածելու պատրաստ ըլլալու։
Ճամբարը նաեւ ունի ելեւմտական գրագիտութեան գործընկեր՝ IDBank-ը, որ մասնագիտացած աշխատանոցներ կը կազմակերպէ աշակերտներուն համար։ «Նայիրի» ապահովագրական ընկերութիւնը անվճար կերպով կ’ապահովագրէ ճամբարի բոլոր մասնակիցները դէպքերու դէմ։
AMAA-ն եւ FAST-ը նաեւ հայկական առաջատար կրթական կառոյցները միաւորող «405 Կրթական Դաշինք»-ի համահիմնադիր անդամներ են։
1918-ին Մասաչուսեթս նահանգին մէջ հիմնադրուած AMAA-ն արդէն աւելի քան երեք տասնամեակ է, որ գործունէութիւն կը ծաւալէ Հայաստանի մէջ։ Իր 400-է աւելի աշխատակիցներու միջոցով կազմակերպութիւնը կրթական, ընկերային, առողջապահական, տնտեսական եւ հոգեւոր-մշակութային բազմաթիւ ծրագիրներ կ’իրականացնէ՝ հասնելով երկրի գրեթէ բոլոր մարզերուն։
AMAA-ի կրթական առաքելութեան հիմնական նպատակներէն մէկը նոր տիպարի դպրոցներու ստեղծումն է։ Այդ ուղղութեամբ արդէն ընթացքի մէջ է Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան դպրոցի նախագիծը, որ պիտի ներառէ ցերեկային կեդրոն, ապագային՝ նաեւ դպրոցահէն առողջապահական կեդրոն եւ համայնքային այլ ծառայութիւններ։ Կազմակերպութիւնը կը նախատեսէ նման կլասթըրային դպրոցներ հիմնել նաեւ Հայաստանի մարզերուն մէջ։
AMAA-ի ոչ-պաշտօնական կրթական կարեւոր նախաձեռնութիւններէն մէկն ալ Հանքաւանի ճամբարն է, որ ունի հիւրանոցային մասնաշէնք, համաժողովներու սրահներ, մարզադաշտեր, ամփիթատրոն, տաղաւարներ եւ հանգստեան գօտիներ։ Համալիրը նախատեսուած է ամբողջ տարուան ընթացքին ճամբարային, կրթական, մշակութային եւ ժամանցային ձեռնարկներ կազմակերպելու համար, իսկ անոր հասոյթը պիտի ծառայէ Վարդենիսի դպրոցաշինութեան եւ Տաւուշի մէջ Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներու համար բնակարաններ կառուցելու նպատակներուն։

