Ամերիկայի Թեմերու Հոգեւորականաց Դասերու Միջ-Թեմական Միացեալ 8-րդ Համագումար

0 0
Read Time:29 Second

ՄՈՆՐԷԱԼ.- Ամերիկայի Թեմերու (Գանատա, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ա.Մ.Ն.) հոգեւորականաց դասերու միջ-թեմական միացեալ 8-րդ համագումարը կայացաւ Հոկտեմբեր 6-ին, Սուրբ Թարգմանչաց տօնի նախօրեակին, հիւրընկալութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմին։
Համագումարը կը վայելէր նախագահութիւնը երեք թեմերու Առաջնորդներուն՝ Գերաշնորհ Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի (Արեւելեան Թեմ), Գերաշնորհ Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի (Արեւմտեան Թեմ) եւ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի (Գանատայի Թեմ)։
Համագումարը առիթ մը եղաւ, որ երեք թեմերու Հոգեւոր Հայրերը խորհրդածութիւններու, դասախօսութիւններու եւ քննարկումներու ընդմէջէն, վերանորոգման թեման զանազան տեսանկիւններէ դիտեն, մարտահրաւէրները դիմագրաւեն եւ գործեն:

Այս տարուան համագումարը նուիրուած էր Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հռչակած «Վերանորոգումի Տարի»ին։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles