
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Յունուարի 20-ին նորընտիր Նախագահ Տոնըլտ Թրամփ եւ իր վարչակազմը, ստանձնեցին Սպիտակ Տան բանալիները:
Հաւանաբար կանուծ է վերլուծել թէ ինչպիսի՞ դիրքորոշումներ պիտի որդեգրէ Թրամփի վարչակազմը Հայաստանին եւ Սփիւռքին յուզող խնդիրներու վերաբերեալ: Ամերիկահայ կազմակերպութիւնները կը շարունակեն գործել` հայութիւնը յուզող հարցեր առաջ տանելու ուղղութեամբ:
Այս Առթիւ, Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի գործավար Արամ Համբարեանը յայտնեց թէ.- «Մենք չենք աջակցած նախագահական թեկնածուներէն ոչ մէկուն հետ, քանի որ կը կարծենք, որ անոնցմէ ոչ մէկը կրնայ գործակցութիւն ցուցաբերել: Սակայն անհատ շատ մը ամերիկահայեր գործեցին երկու թեկնածուներուն հետ: Հետեւաբար, մենք կը շարունակենք աշխատանքները նորընտիր Քոնկրէսի, արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովներու հետ, ինչպէս նաեւ վարչակազմի նորանշանակ անդամներուն հետ: Որոշ մօտեցումներ պէտք է շարունակուեն, սակայն կան քաղաքական մօտեցումներ, որոնք պէտք է փոխուին: Մենք պատրաստակամ ենք համագործակցելու Թրամփի վարչակազմի հետ այդ խնդիրներու առնչութեամբ:Ամերիկահայ համայնքը բաւականին լայն շրջանակ է: Մենք ունինք ամերիկահայ կազմակերպութիւններ եւ անհատներ, որոնք պէտք է որ համախմբուին` մեր ձայնը մայրաքաղաքէն ներս լսելի դարձնելու համար»:
Անդրադառնալով անցեալ ութ տարիներու մասին, Համբարեան յայտնեց թէ Օպամայի վարչակազմը սկիզբները աննախադէպ յուսադրող էր եւ խոստումնալից, սակայն այդ խոստումները Արցախի, Ցեղասպանութեան, հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու մասին մնացին անկատար: Աւելի շատ խօսքեր էին, քան արդիւնքներ:
«Թրամփի վարչակազմը կը տարբերի նախորդէն եւ հիմնովին կրնայ փոփոխութեան ենթարկել ամերիկեան աւանդական քաղաքականութիւնը: Մենք յոյս ունինք, որ այդ փոփոխութիւնները իրենց դրական անդրադարձը կ՛ունենան Հայոց Ցեղասպանութեան ու Արցախի ճանաչման խնդիրներուն առնչութեամբ», աւելցուց Արամ Համբարեան: