Լրահոս

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդական – Ուսանողական 12-րդ Համահայկական Բանակումի Մասնակիցները

 

Յուլիս 20-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երիտասարդական եւ ուսանողական 12-րդ Համահայկական բանակումի մասնակիցները՝ ընկերակցութեամբ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր-Գէորգեանի եւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Գեղամ Մանուկեանի։

Հանդիպման ընթացքին՝ տիար Յովսէփ Տէր-Գէորգեան, հայցելով Ամենայն Հայոց Հայրապետի օրհնութիւնը, շեշտեց, թէ այս տարուան Հ․Յ․Դ․ Համահայկական բանակումը կը կայանայ «Պիտի վերադառնանք» նշանաբանով, որ կարեւոր պատգամ մըն է՝ վերադառնալու մեր արմատներուն եւ մեր հոգեւոր-ազգային արժէքներուն։

Ապա Նորին Սրբութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը բերաւ ներկաներուն, երախտագիտութիւն յայտնելով Հ․Յ․Դ․ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու պատասխանատուներուն՝ տարբեր երկիրներէ հայորդիները հայրենիք համախմբելու համար, որ ամէնէն լաւ առիթ մըն է անոնց ազգային-հոգեւոր նկարագիրը եւ նուիրումը հայրենիքին նկատմամբ ամրապնդելու։

Վեհափառ Հայրապետը, խօսելով ազգային ինքնութիւնը անաղարտ պահելու եւ հոգեւոր արժէքներով առաջնորդուելու հրամայականի մասին, ընդգծեց, որ հայրենիքին հանդէպ անսակարկ սիրով ու ազգային նկարագրով երիտասարդն է հայրենիքին ամրութիւնը եւ ազգի յարատեւութիւնը։ Անդրադառնալով Արցախի բռնագրաւման, հայրենազրկուած արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ատրպէյճանի մէջ մինչ օրս պահուող հայ գերիներու վերադարձին, Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրներուն եւ երկրին մէջ տիրող դժուարին իրավիճակին՝ Հայոց Հայրապետը կարեւոր նկատեց ազգային միաբանութիւնը՝ ի սէր հայրենիքին եւ ի խնդիր համազգային շահերու ու առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման։

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button