Լրահոս

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ․ Կաթողիկոսը Ընդունեց Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը

ԵՐԵՒԱՆ․- Դեկտեմբեր 7-ին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, յատկապէս հայրենիքի սահմաններուն եւ սահմանամերձ բնակավայրերու մէջ յառաջացած անվտանգային խնդիրներուն, կարեւոր նկատուեցաւ համընդհանուր ջանքերու մէկտեղումը` ի նպաստ առկայ հարցերու յաղթահարման եւ հայրենիքի զօրացման: Զրոյցի ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ սփիւռքի համայնքներուն մէջ առկայ կացութեան եւ ազգային կառոյցներու կարեւոր առաքելութեան մասին` ազգային ինքնութեան եւ միասնականութեան պահպանման գործին մէջ: Ընդգծուեցաւ նաեւ հայրենիք-սփիւռք կապերու աւելի ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը:

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button