ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ ԱՐԹՕ ՓԱՅԱՍԼԵԱՆԻ ՀԵՏ
ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ (Մասաչուսէց).- Ամերիկայի Հայկական գրադարան-թանգարանը (ALMA) վերջերս ազդանշանը տուած է կլոր սեղանի բնոյթ ունեցող ձեռնարկներու շարք մը: Անդրանիկ մտերմիկ զրոյց-կլոր սեղանը տեղի ունեցաւ Փետրուար 20-ին, կեդրոնի սրահէն ներս, ներկայութեամբ հարիւրէ աւելի գրականասէր հայ թէ օտար գրականասէրներու:
Զրուցավարն էր Թալին Ոսկերիչեան, որ առաջին հերթին ներկայացուց, օրուան հրաւիրեալը` Արթօ Փայասլեան, գրչի անունով ծանօթ` Arto Vaun, որ կարդաց իր վերջերս հրատարակած իր բանաստեղծութիւններու գործէն “Capillarity“ մասեր: Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւեց այս հետաքրքրական զրոյցը, որուն ընթացքին, բազմիցս հարցումներ ուղղուեցան:
Ընդհանրապէս ածարծուած նիւթը` ինքնութեան, պատկանելիութեան եւ յուշ-յիշողութեան մասին էր:
Արթօ ծնած է Քէյմպրիճ, Մասաչուսէց եւ ուսանած է տեղւոյն, “Պէնինկթըն Քոլէճ“էն եւ Հարվըրտի համալսարաններէն ներս: Ան նաեւ դասընթացքներու հետեւած է Սկովտիոյ մայրաքաղաք Կլասքոյի համալսարանին մէջ:
Միեւնոյն ժամանակ երգիչ եւ երաժիշտ, Արթօ իր խօսքին մէջ, նշեց թէ արուեստագէտի մը պարտականութիւնը պարզապէս գոհունակութիւն ստեղծել չէ, այլ փնտռել, հարցադրել, դրդել եւ կարդացողը փոխադրել իր անձի խորն ու մտածել, սովորական ու միօրինակ կեանքէն դուրս գալով: Նշենք թէ, Արթօ Վօնի (Արթօ Փայասլեան) “Capillarity“ (Carcanet Press, Մանչեսթըր, Անգլիա 77 էջ) հատորը, որ անգլերէն լեզուով գրուած բանաստեղծութիւններու շարք մըն է, լոյս տեսած` Սեպտեմբեր 2009-ին: Իբրեւ երգահան եւ երաժիշտ, ան լոյս ընծայած է ձայնապնակներ` իր կազմած “Միշիմա“ եւ “Քէնթ 100“ խումբերուն հետ: Երբ ան Լոս Անճելըս կը գտնուէր “Ասփորա“ գրաբանական օրաթերթի հիմնադիրներէն եւ խմբագիրներէն մէկը եղած է: Ապա “Հայրենիք“ի անգլերէն բաժնի` “Արմինիըն Ուիքլի“ շաբաթաթերթի խմբագիր եւ “Էյմն“ պարբերաթերթի թղթակից:
Հարց պատասխանը կատարեց Թալին Ոսկերիչեան եւ ապա աւարտին Արթօ կարդաց մասեր իր գործէն:
Նշենք թէ, այս կլոր սեղանի շարքը պիտի շարունակուի յառաջիկայ Ապրիլ 2-ին: Օրուան խօսնակն է Լուսին Գասպարեան, որ պիտի անդրադառնայ մանկական գրականութեան մասին:
Ստորեւ, թարգմանաբար երկու մասեր Արթօ Վօնի հատորէն:
Ա.
Հիմա ա՛յս ձեւով պիտի փորձեմ, Ամերիկա՛.-
Բոլո՛ր տարիներս, ի վերջոյ այսօր, դեղին-կապոյտ կը պայթին
Եւ ես կը քալեմ այնպէս` ինչպէս կը քալենք բոլորս սալահատակի ու ճամբու վրայ
Կոխելով իրարու մորթ-հոգիներուն վրայ
Կոխկռտելով առա՛նց անդրադառնալու
Մոռացկոտ են մեր աւանները եւ մարդ ենք ի վերջոյ թէեւ կառուցած
Ու կրակի տուած—քուն մտած կը տապլտկինք ու կ՛արթննանք ցասկոտ
Ուրեմն թո՛ղ յառաջ գան, անո՛նք որոնք շիտակ չեն տեսներ
Թո՛ղ յառաջ գան, անո՛նք որոնք կ՛այրին ջերմութեամբ ճարճատուն
Թո՛ղ յառաջ գան, անո՛նք որոնք տկար ծունկեր ունին ինչպէս վիրաւոր եղջերուն
Թո՛ղ յառաջ գան, անո՛նք որոնք քարտէսէն դուրս են քշուած
Թո՛ղ յառաջ գան, անո՛նք որոնք ներած են ու կ՛արտասուեն մինչ կառք կը վարեն
Թո՛ղ յառաջ գան, անո՛նք որոնք հնձուած խոտին եւ անկիւնադարձին` վէրքի հոտն իսկ կ՛առնեն
Թո՛ղ յառաջ գան, անո՛նք որոնք իմ եւ քու հարազատներն են եւ մեր կողքին` երբ մեր ձեռքերը քրտնին
Արդեօ՞ք սարեակին արեւածածկ դէմքիս մօտէն թռչիլն է
Երբ այնքան մօտ էի տանս—
Իր հետ ինձմէ բան մը տարաւ երբ զգացի անոր թեւերուն կշիռը
Բան մը` որ թերեւս կ՛ուզէի որ տարուեր
Մոռցի՛ր բոլո՛ր գիտցածդ, ըսի ես ինծի, որովհետեւ սկսեր ես
Նշոյլներ տեսնել այն բանէն` որ իսկապէս կը մօտենայ քեզի
Շողշողուն տիեզերքներու փունջի մը նման` մանուկի մը ափին մէջ
Որ կը տանիս շրթներդ ի վեր
Այնքա՛ն էի մօտեցեր
Գ.
Ո՞վ պիտի ձեռք մը տայ
Մեզ առաջ քաշելու երբ
յոգնած ենք
Կ՛ըսեն, թէ յաշուեյարդար
մը կայ,
Բայց համոզուած չեմ ես քանի ամենուրէ՛ք ապրողները կ՛անարգեն մեռեալները
Որոնց արծաթեայ պատգարակը մասնիկային է
Որոնց իրար անցած
ծածկագիր անունները
կարելի չէ հեգել
Որոնց սէրն ու ատելութիւնը կը գրկեն հաշտ քոյր-եղբօր գրկումը
Որոնց անշարժութիւնը անշարժութիւնն է մունջ գետի մը ձմրան
Որոնց ոսկորները կը տքան ու կը բամբասեն մե՛ր խօսքով միայն
Որոնց դատողութիւնը հայելիին մէջն է երբ մօտէն կ՛անցնինք
Ժրաջան են` որպէս անցեալ անձինք
ԱՐԹՕ ՎՕՆ
Թարգմանեց`
Թաթուլ Սոնենց

