ԱՄԱՌ­ՆԱ­ՅԻՆ ԴԱ­ՍԸՆ­ԹԱՑՔ ԳՈՐ­ԾԱԿ­ՑՈՒ­ԹԵԱՄԲ Մ.Ա.Կ.-Ի ՄՕՏ Հ.Հ. ԴԵՍ­ՊԱ­ՆԱ­ՏԱՆ

0 0
Read Time:7 Minute, 19 Second

 Եօթ երի­տա­սարդ­ներ կը մաս­նակ­ցին այս տար­ուայ Մի­աց­եալ Ազ­գե­րու Կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հ.Հ. դես­պա­նա­տան հետ գոր­ծակ­ցա­բար, կա­տար­ուած ամառ­նա­յին դա­սըն­թաց­քին: Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան շրջա­նի Հ.Յ.Դ.-ին, այս երի­տա­սարդ­նե­րը, պի­տի հե­տե­ւին զա­նա­զան դա­սըն­թացք­նե­րու, դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րու եւ կլոր սե­ղան­նե­րու:

Դես­պան Կա­րէն Նա­զար­եան ող­ջոյ­նի խօսք ու­ղղեց եւ յոյս յայտ­նեց թէ երի­տա­սարդ սե­րուն­դը պի­տի կա­րե­նայ ամէն տա­րի մի­եւ­նոյն կամ­քով եւ հե­տաքրք­րու­թեամբ շա­րու­նա­կել այս աշ­խա­տան­քը: Եօթ երի­տա­սարդ­ներն են.- Գո­հար Յա­րու­թիւն­եան, Քրիս­թին Մա­նուկ­եան, Թա­լար Քա­քիլ­եան, Վեր­ժի­նէ Թու­լում­եան, Անուշ Գաս­պար­եան, Ռու­բէն Ճամ­պազ­եան եւ Գե­ղամ Մաղ­նեց­եան:

Ստո­րեւ, այս դա­սըն­թաց­քին առ­թիւ, գրու­թիւն մը պատ­րաստ­ուած Վեր­ժի­նի Թու­լում­եա­նի կող­մէ.-

ՅԱՐ­ԳԱՆՔ ՁԵ­ԶԻ ԿԵԱՆՔ ՏԵ­ՍԱԾ ԸՆ­ԿԵՐ­ՆԵՐ

ՎԵՐԺԻՆԻ ԹՈՒԼՈՒՄԵԱՆ

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն… Վեց վան­կե­րէ բաղ­կա­ցած այս բա­ռը կը յայտ­նեմ քե­զի ո՞վ կեանք տե­սած ըն­կեր: Այն ան­ձե­րուն որոնք իրենց սի­րած ճիւ­ղը զա­տո­րո­շե­լով նուիր­ուե­ցան գոր­ծի աս­պա­րէ­զը ու­նե­նա­լով Հա­յաս­տա­նը իբր իրենց հե­ռան­կար: Աշ­խա­տա­սէր…Տա­ղան­դա­ւոր…Մշա­կու­թա­սէր… կարգ մը բա­ռեր որոնք հա­յուն նկա­րագ­րին մաս կը կազ­մեն եւ կազ­մած են մեր ժո­ղո­վուր­դի սկզբնա­կան շրջա­ն­ներէն մին­չեւ օրս, ուր հա­յը իր զօ­րա­ւոր կամ­քով կը պա­հէ իր մշա­կոյ­թը եւ կը պայ­քա­րի օտա­րու­թեան ալիք­նե­րուն դէմ: Մեր վեց հա­զար տար­ուայ պատ­մու­թիւնը ու­նե­ցած է իր վե­րի­վայ­րում­նե­րը, որոնք թէ­կուզ ընկ­ճե­ցու­ցած են մեր ազ­գը, սա­կայն հայ ազ­գը եր­բեք չէ դադ­րած ստեղ­ծա­գոր­ծե­լէ եւ իր կնիքն ու ինք­նու­թիւնը ողջ պա­հե­լէ:

Վեր­ջին ամս­ուան ըն­թաց­քին, Նիւ Եոր­քի մէջ առի­թը ու­նե­ցանք ծա­նօ­թա­նա­լու տար­բեր ան­ձե­րու, որոնք ար­ժա­նա­ցած են բարձր պաշ­տօն­նե­րու Մի­աց­եալ Ազ­գե­րու Կազ­մա­կեր­պու­թեան տար­բեր կա­ռոյց­նե­րուն մէջ: Այդ ան­ձե­րու շար­քին էր Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը Մ.Ա.Կ.-ին մէջ որոնք ամէն ջանք թա­փե­լով, կրնան պա­հել դիւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ տար­բեր եր­կիր­նե­րու հետ: Թղթա­կից` Ֆլո­րէնս Աւագ­եան, լրագ­րու­թեան ճիւ­ղը բռնե­լով խու­ճա­պի մատ­նած է տար­բեր ղե­կա­վար­ներ երբ հար­ցու­ցած է Հա­յաս­տա­նի կամ Ար­ցա­խի մա­սին հար­ցում­ներ: Պրն. Մով­սէս Աբել­եա­նը` Մ.Ա.Կ.-ի Անվ­տան­գու­թեան Խոր­հուր­դի տնօ­րէն է, որ կը ղե­կա­վա­րէ Մ.Ա.Կ.-ի կա­րե­ւո­րա­գոյն  գոր­ծերն ու հար­ցե­րը: Պրն. Գա­րե­գին Մա­նուկ­եա­նը` Մ.Ա.Կ.-ի Ըն­կե­րա­յին եւ Տնտե­սա­կան խոր­հուր­դի ղե­կա­վար եւ Օր. Ար­փի­նէ Կո­րեկ­եա­նը, տար­բեր կա­ռոյց­նե­րու մէջ տա­րած է տար­բեր աշ­խա­տանք­ներ եւ վա­րած տար­բեր պաշ­տօն­ներ: Ծա­նօ­թա­ցանք Ըն­կե­րու­հի Քիմ Հա­գիմ­եա­նին հետ, որ Հա­յաս­տա­նի Բ. Ան­կա­խու­թե­նէն ի վեր քա­րոզ­չու­թիւն կը տա­նի նոր մայ­րեր դաստ­ի­ա­րա­կե­լու Հա­յաս­տա­նի մէջ: Վար­ժո­ղա­կան Ծրա­գի­րը ար­դէն իսկ կը հաս­նի իր աւար­տին, եւ առի­թը ու­նինք որ ծա­նօ­թա­նանք ու­րիշ ան­ձե­րու ինչ­պէս Պրն. Վար­դան Գրի­գոր­եա­նին որ եղած է “Պրաուն Հա­մալ­սա­րա­ն“ի տնօ­րէն եւ այժմ նա­խա­գահն է “Carnegie Corporation“-ին:

Այս ան­ձե­րը իրենց ամէ­նօր­եայ կեան­քի ըն­մէ­ջէն գտած են ձեւ մը աշ­խա­տե­լու ու իրենց մաս­նա­գի­տու­թեան հե­տե­ւե­լու այս օտար ափե­րուն մէջ: Հայ ազ­գը ոչ վախ­ճա­նի ճամ­բուն վրայ է եւ ոչ ալ նա­հան­ջի մէջ: Հայ ազ­գը կ՛ար­ձա­նագ­րէ նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ: Մ.Ա.Կ.-ի այս պաշ­տօն­եա­նե­րը անուղ­ղակի­օ­րէն մեր Հայ Դա­տի զի­նուոր­ներն են որոնք ամէ­նէն պարզ հան­դի­պում­նե­րու ընդ­մէ­ջէն կրնան օտար­նե­րուն սոր­վեց­նել պատ­մու­թեան դաս մը մեր հա­յու­թեան մա­սին:

Ամէն հայ երի­տա­սար­դի նման, ես ալ մտա­ծած եմ իմ ապա­գա­յիս մա­սին: Ու­նէի ցան­կու­թիւնը ըլ­լա­լու ու­սուց­չու­հի, իրա­ւա­բան, եւ օդա­ջու: Կեան­քը աւե­լի դիւ­րին կ՛ըլ­լար եթէ յա­ւիտ­եանս մնա­յինք աշա­կերտ բայց կեան­քի պայ­ման­ներ այդ չպի­տի նե­րեն ըսե­լով որո­շե­ցի սոր­վիլ “Business Management“ եւ “Politics and History“: Հայ ըլ­լալս չ՛ու­նէր որե­ւէ մէկ ազ­դե­ցու­թիւն իմ ապա­գա­յի ծրա­գիր­նե­րուս վրայ, բայց ապա­գա­յին հայ ըլ­լա­լուս պատ­ճա­ռով պի­տի ու­նե­նամ աւե­լի մեծ պար­տա­ւո­րու­թիւն: Հայ­րե­նա­սէր ըլ­լա­լու եւ “Լաւ Հայ“ ըլ­լա­լու հա­մար հա­զար ու մէկ բան կրնանք ընել, բայց բո­լո­րը կու գայ նոյն ար­մատ­նե­րէն: Ամէն Հայ պար­տա­ւոր պէտք է զգայ որ նուա­զա­գոյ­նը իրենց շրջա­պա­տին մէջ քա­րոզ­ջու­թիւն կա­տա­րէ եւ այդ ճամ­բով, պաշտ­պա­նէ Հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար իրա­ւունք­նե­րը:

Նոր սե­րուն­դը հայ ազ­գը չպի­տի փրկէ, ար­դէն իսկ այս սե­րուն­դը փրկե­լու սկսած է: Ինք­նաշ­խա­տու­թեամբ եւ մեր զօ­րա­ւոր կամ­քով ար­դէն իսկ հա­յե­րը կրցած են հաս­նիլ այդ բարձր պաշ­տօն­նե­րուն եւ նոր ու կազ­մա­ւոր­ուած սե­րունդ մը կ՛առա­ջա­նայ: Այս մտա­ւո­րա­կան­նե­րու խա­ւը ներշն­չում պատ­ճա­ռեց մե­զի եւ հպար­տու­թեամբ ակա­նա­տես եղանք թէ ինչ­պէս իրենց տար­բեր ճիւ­ղե­րով կրցած են ոչ միայն ըլ­լալ լաւ քա­ղա­քա­ցի եւ տար­բե­րու­թիւն ստեղ­ծել այս գա­ղու­թին մէջ, այ­լեւ հա­յու­թեան օգ­նել եւ Հայ անունն ու ինք­նու­թիւնը միշտ բարձր պա­հել:

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն եւ յար­գանք ձե­զի կեանք տե­սած ըն­կեր­ներ որ կրցաք ձեր կեան­քի օրի­նա­կով մե­զի սոր­վեց­նել թէ մեր ապա­գան ու հե­ռան­կա­րը Հա­յաս­տանն է: Իսկ իբր երի­տա­սարդ­ներ պատ­րաստ ենք ստանձ­նե­լու տար­բեր պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ որ­պէս­զի դառ­նանք ջա­հա­կիր­նե­րը մեր սե­րուն­դին ու հայ ազ­գին պար­գե­ւենք Ազատ, Ան­կախ ու Մի­աց­եալ Հա­յաս­տա­նի իրա­կա­նա­ցած երա­զի տես­լա­կա­նը:

Վեր­ժի­նի Թու­լում­եան ծնած է Պէյ­րութ, Լի­բա­նան եւ այժմ կ՛ապ­րի Լոս Ան­ճելըս ուր կ՛ու­սա­նի “Woodbury“ Հա­մալ­սա­րան “Business Management“ եւ “Politics and History“ ճիւ­ղե­րու մէջ: Տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, Վեր­ժի­նին եղած է գոր­ծօն ան­դամ Լոս Ան­ճե­լը­սի հայ գա­ղու­թին մէջ եւ այժմ Ատե­նա­պե­տու­հին է Հայ Երի­տա­սար­դաց Դաշ­նակ­ցու­թեան Կլէն­տէյ­լի “Ռու­բէն“ Ուխ­տին: Վեր­ժի­նին ու­նի ցան­կու­թիւնը զբա­ղե­լու Մի­ջազ­գա­յին հար­ցե­րով, յոյ­սով որ օր մը կրնայ ներ­կա­յաց­նել Հա­յաս­տա­նը իբր Դես­պան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles