ԱՄ­ՐՕ­ՐԷՆ ԿԱՌ­ՉԱԾ ԱՆՑ­ԵԱ­ԼԻՆ… ԳՐԱՃ­ԵԱ­ՆԻ ԳՐԱ­ՊԱ­ՃՈՅՃ ԳՈՐ­ԾԸ

0 0
Read Time:4 Minute, 48 Second

p10 book  Կա­րե­լի չէ հրա­ժեշտ տալ անց­եա­լին, այդ ան­մո­ռա­նա­լի օրե­րուն…անց­եալ կա­տար­եա­լին:

Առ այդ, կառ­չած անց­եա­լին, Գրի­գոր Գրաճ­եան լոյս ըն­ծա­յած է “Վե­րա­դարձ Դէ­պի Անց­եալ“ը:

Առա­ջին հեր­թին, հե­տաքրք­րա­կան է նշել մասնագիտութեամբ դե­ղա­գոր­ծի մը ցու­ցա­բե­րած յար­գանքն ու սէ­րը` գիր ու գրա­կա­նու­թեան, իսկ ոճը, այն­քան մը իւ­րա­յա­տուկ, որ տե­ղին է յա­ւել­եալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով եւ խո­շո­րա­ցոյ­ցով պե­ղել:

25 պատմ­ուածք­նե­րէ կազմ­ուած այս եր­կու հա­րիւր էջե­րէ բաղ­կա­ցած գիր­քը, կը ներ­կա­յաց­նէ զա­նա­զան նիւ­թեր, որոնք ու­նին քա­ղա­քա­կան, աշ­խար­հագ­րա­կան, ազ­գա­յին եւ մշա­կու­թա­յին բնոյթ: Անոր ու­ղե­ւո­րու­թեան մաս կազ­մած են գրաւ­եալ հո­ղեր` Արեւմ­տա­Հա­յաս­տա­նը, Սուր­ի­ան եւ բնա­կա­նա­բար իր ծննդա­վայր` Լի­բա­նա­նը: Ան նոյ­նիսկ մրո­տած է էջեր, ցայ­սօր հպար­գելք (թա­պու) հան­դի­սա­ցող Լի­բա­նա­նի 1958-ի դէպ­քե­րուն մա­սին:

Այս գրու­թիւն­նե­րէն քա­նի մը հա­տը, նա­խա­պէս հայ մա­մու­լէն ներս առանձնա­բար հրա­պա­րակ­ուած էին, որոնց կար­գին յատ­կա­պէս Տիգ­րա­նա­կեր­տի Սուրբ Կի­րա­կոս եկե­ղեց­ւոյ վե­րա­բաց­ման առ­թիւ.- “Գա­տադ առ­նիմ…, գուր­պան էղ­նամ Սուրբ Կի­րա­կոս“ը, խորհր­դա­ւոր “Ար­մի­կը ո՞ւր է“ն կամ …Ժա­մա­նա­կին կար ու չկար “Հայ­կա­կան Շթո­րան“ գրու­թիւն­նե­րը:

Սա­հուն է Գրաճ­եա­նի գրի­չը: Ան ամէ­նայն ման­րա­մաս­նու­թեամբ եւ բծախնդ­րու­թեամբ թուղ­թին կը յանձ­նէ իր տե­սածն ու յի­շա­ծը, կար­դա­ցածն ու իմա­ցա­ծը, երե­ւա­կա­յածն ու երա­զա­ծը: Էջեր կան, ուր կար­դա­ցո­ղը գրե­թէ ստանձ­նած կրնայ ըլ­լալ ակն­դի­րի պաշ­տօն: Հմուտ վրձնա­հար մը, կրնայ ամե­նայն հա­րա­զա­տու­թեամբ ներ­կա­յաց­նել այդ զրոյ­ցը, դէպ­քը կամ ակն­թար­թը, ըլ­լան անոնք տե­սա­րան­ներ, դէպ­քեր կամ նոյ­նիսկ ան­շարժ բնու­թիւն` nature morte: Դեռ աւե­լին, Գրաճ­եա­նի գրի­չը, բե­մագ­րո­ղին եւ բե­մադ­րի­չին գործն ալ դիւ­րա­ցու­ցած է ներ­կա­յաց­նե­լով շար­ժուն նկա­րագ­րա­կա­ն­ներ, որոնք իրենց կար­գին կ՛ընդգր­կեն դէպ­քեր, տե­սա­րան­ներ, ան­ցու­դար­ձեր, զրոյց­ներ, եւայլն:

Թէ ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի եղած է այս ոճը իրա­կա­նաց­նել: Գրաճ­եան դի­մած է իր սուր յի­շո­ղու­թեան եւ շա­րու­նակ դի­մե­լով ար­խիւ­նե­րու, կրցած է վե­րապ­րեց­նել մոռց­ուա­ծը, փո­շի­նե­րու մէջ ծածկ­ուա­ծը` անց­եա­լը: Դի­տե­լու եւ երե­ւա­կայե­լու կա­րո­ղու­թեան տէր, “Վե­րա­դարձ Դէ­պի Անց­եալ“ին էջե­րը յատ­կանշ­ուած են պար­զու­թեամբ եւ բնա­կան ոճով: Սրամ­տու­թիւնն ալ ան­պա­կաս է, այս էջե­րուն մէջ եւ եր­բեմն այն­քան հա­ճե­լի եւ հա­մով…նոյ­նիսկ երբ կը յայտ­նէ թէ իր ման­կու­թեան օրե­րուն կի­րար­կած է ծի­րա­նի ան­համ կու­տին հետ առն­չուող ամէն տե­սա­կի խա­ղե­րը:

Այս­պէս, հան­րահռ­չակ ֆրան­սա­ցի վի­պա­գիր Մար­սէլ Փանի­ո­լի (“La Gloire de Mon Père“ եւ “Le Château de Ma Mère“, եւայլն), Ֆլա­ման գե­ղան­կար­չու­թեան դպրո­ցի հան­րա­ծա­նօթ վրձնա­հար­նե­րու (Վան Այք, Պրիւ­կըլ, եւայլն) եւ եօթ­նե­րորդ ար­ուես­տի աշ­խար­հէն ներս, իտա­լա­ցի Ճու­զե­փէ Թոր­նա­թո­րէի (“Cinema Paradiso“, “Stano Tutti Beni“, եւայլն)  ոճը կը յի­շեց­նեն այս պատ­մու­թիւն­նե­րը, մերթ իրենց իրա­պաշ­տու­թեամբ եւ մերթ երե­ւա­կա­յու­թեամբ, եւ ան­շուշտ միշտ ու միշտ խոր տպա­ւո­րու­թիւն ձգե­լով:

Այս հրա­տա­րա­կու­թեան նա­խա­բա­նէն առաջ իսկ, առան­ձին էջի մը մէջ, տե­ղադր­ուած է հայ­կա­կան առած մը.- “Ծառն ար­մա­տով է ծառ, մարդն անց­եա­լով է մարդ“: Նա­եւ, յի­շա­տա­կե­լի է գիր­քին կող­քը, որ գե­ղան­կար­չա­կան մէկ գործն է Գրի­գո­րի վա­ղա­մե­ռիկ կո­ղա­կից` Լի­լա­յին: Գոր­ծը պատ­րաստ­ուած է 2000-ին եւ անունն է “Հրա­ժեշտ“…Այ­սինքն հրա­ժեշտ ներ­կա­յին եւ վե­րա­դարձ, վե­րա­զարթ­նում դէ­պի անց­եալ, առանց նա­հան­ջի… ո՛չ ալ եր­գի, հե­ռու Շահ­նուր­եան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րէ, բո­լո­րո­վին տար­բեր պայ­ման­նե­րու եւ բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ:

Հուսկ, Գրաճ­եա­նի գրա­պա­ճոյճ ոճով ներ­կա­յա­ցու­ցած անց­եա­լի այդ ան­բա­ցատ­րե­լի քա­շո­ղա­կան ու­ժը, մագ­նի­սի մը նման, առա­ջին հեր­թին գրո­ղը եւ ապա  կար­դա­ցո­ղը կը փո­խադ­րեն այդ եր­բեմ­նի ապ­րող անց­եա­լը…եւ կը կամր­ջեն ներ­կան, կեր­տե­լով ապա­գայ աւիշն ու սե­րուն­դը:

“ՀԱՅ­ՐԵ­ՆԻՔ“

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles