
Ապրիլ 12-ին, Ամմանի մէջ, բանախօսեց Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան, “Հայերէն լեզուի պահպանման մարտահրաւէրները Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին“ նիւթին մասին: Այս ձեռնարկը կը նախագահէր Յորդանանահայ Գաղութի Հոգեւոր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Վահան Արք. Թօփալեանը: Երեկոյի բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ամմանահայ Մշակութային Յանձնախումբի անդամ Մարալ Վարդանեան:
Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան իր բանախօսութեամբ թողեց այն հեղինակաւոր տպաւորութիւնը, որ հայերէն լեզուն, իր Մեսրոպեան տառերով պիտի պահուի եւ պիտի հանդիսանայ մեր հայապահպանման, մեր ունեցած անկախ պետականութեան եւ մեր գերզարգացման առաջնորդն ու ուղղեցոյցը: Ան քննարկեց զանազան տարբերակներ եւ միջոցներ եւ հետապնդման մեթոտներ, որ հայերէն լեզուի պահպանումը հանդիսանայ հայ ազգի գոյատեւման գրաւականը:
Բանախօսուհին բացայայտեց անցեալին եւ ներկայիս լեզուապահպանման տարբերութիւնները, եւ տուաւ իր խորհուրդներն ու ձեւերը, հայերէն լեզուի պահպանման մարտահրաւէրներու մասին, մասնաւորաբար Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին: