
ԵՐԵՒԱՆ.- Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կը տեղեկացնէ, թէ քննելէ ետք Աղուան Վարդանեանի կարգապահական հարցը, որոշած է ընկերոջ հեռացնել Հ.Յ.Դ. շարքերէն:
Նշենք, թէ Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար Վարդանեան Մայիս 1-ին, խորհրդարանին մէջ վարչապետի ընտրութեան համար կատարուած յատուկ նիստին ընթացքին յայտարարած էր, որ պիտի չմասնակցի վարչապետի պաշտօնին Նիկոլ Փաշինեանի ընտրութեան քուէարկութեան: Վարդանեան շեշտած էր, որ կը ներկայացնէ կուսակցութիւն մը եւ խմբակցութիւն մը, որ կողմ քուէարկելու որոշում ունի, ուստի պատրաստ է վար դնելու իր լիազօրութիւնը, եթէ կուսակցութիւնը այդպէս պահանջէ:
Իսկ, Հ.Հ. Ազգային Ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան Հինգշաբթի, Մայիս 3-ին, յայտնած էր, որ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան անդամ Վարդանեան, հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է: