Յարութիւն Պէրպէրեան
2 Հոկտեմբեր 2023
Անցիր քաոսին, խաժամուժին ընդմէջէն,
անցիր խժալուր աղմուկին մէջէն,
փորձէ չշնչել մարմիններուն
ճենճերումի հոտը խեղդող,
որ աւելի քան դար մը առաջ
անհաւատալի տարողութեամբ
ծաւալած էր եւ կը կրկնուի:
Փորձէ չլսել պարպուող հողի Õ

