«ԱՂԲԻ ՏԵՂԸ ԱՂԲԱՆՈՒՄ Է», Ո՞ՒՐ Է ՏԵՂԸ ԲՈՂՈՔԻ, ԴԱՏԻ, ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ, ԴԱՏԱՒՈՐԻ ԵՒ ՎՃԻՌԻ
Կեդրոնականցի Արմենակ երբ այցելութեան չի գար, ել-նամակ կը գրէ: Արդիականացած է:
Կէսօրը անցած էր երբ համակարգիչս ձայն տուաւ, որ նամակ եկած էր: Արմենակն էր: Գրած էր.
Սիրելի Մակարս,
Երեւան քիչ մը ամէն տեղ պաստառներ եւ յայտարարութիւններ կան, որոնք կ’ըսեն թէ «աղբի տեղը աղբանում է»:
Քաղաքապետութիւնը ծախս ըրած է: Ըսուածին անսացող կա՞յ:
Գետին նետուած եւ ինքնաշարժներու մոխրամաններէն թափուած սիկարէթի կճատները փողոցն են, մայթերու վրայ, բնակարաններու դռներուն առջեւ: Գումարէ՛ շիշերը, բաժակները, տոպրակները:
Ուշադրութիւն գրաւող յայտարարութիւնները ինքնաշնորհուած իրաւունքներու տէր քաղաքացիին համար չեն, այլ մոլորակայիններու համար են: Անոնք օր մը Երեւան կրնան խուժել:
Աւելի լաւ կ’ըլլայ, այդ տեղադրուած «աղբին տեղը աղբանում է» պաստառները վերցնել եւ գումարները յատկացնել աւելածուներու, որպէսզի աւելի մաքրեն քաղաքը ծխախոտի թափօններէն…
Օր մը պէտք է ըսեն, թէ քանի թոն ծխախոտի աղբ կ’արտադրէ Երեւանը, նաեւ՝ միւս քաղաքները եւ գիւղերը:
Ուշադրութիւն գրաւող «աղբին տեղը աղբանում է» իրարու յաջորդող ծանուցումները կը կարդայի, երբ ինքնաշարժով կ’անցնէի Կոմիտաս եւ Բաղրամեան պողոտաներէն: Տունէն դուրս չեկած ես ալ zaping ըրած էի եւ հեռատեսիլի մէկ կայանէն միւսը անցած: Ամէնքը կը խօսէին դատի, դատաւորի, դատավարութիւններու մասին, թեր եւ դէմ, «թեր եւ դէմ»ին ուժ տալու համար կը խօսէին բանիմացներ եւ բանգէտներ, կարեւոր եւ նուազ կարեւոր, ցուցարարներ:
Հանրային փոխադրամիջոցի մէջ եթէ նստելիք տեղ գտնէք, կրնաք քնանալ, կամ մտածել, եթէ ձեր կինը ձեր կողքին չէ: Երէկ առանձին կ’երթայի Օփերայի հրապարակ: Մտածեցի, որ եթէ «աղբին տեղը աղբանում է, ո՞ւր է տեղը բողոքի, դատի դատաւորի, դատավարութեան»:
Պիտի գտնուի իշխանաւոր մը, որ վճռէ, թէ «դատի, դատաւորի եւ դատավարութեան տեղը դատարանում է, եւ ոչ, գիշեր ցերեկ, քսանչորս ժամ, բոլոր սենեակներում, ընդունարանումներում, սրճարանում գտնուող հեռուստացոյցի պատուհանում»:
Ըսուի նաեւ, որ դատարանները փողոցում չեն գտնուիր, բղաւող այր եւ ճչացող կին փողոցում սարքուած դատարանի դատաւոր չեն:
Այսքա՛ն: Վերնախաւին մէջ ընկեր-բարեկամ ունիս: Խօսի՛ր անոնց: Գրէ՛:
Երեք հարիւր տպաքանակ ունեցող բանաստեղծութեան գիրք լոյս տեսած է: Երկու օրինակ գնեցի, քեզի եւ ինծի համար: Միջոց ունենայի կը գնէի նաեւ բոլոր աղմկարարներուն եւ քաղաքը կեղտոտողներուն համար: Բանաստեղծութիւն կարդան նուազ կ’աղմկեն…
Առայժմ՝ ցը՛…
Քոյդ՝ Արմենակ»
Կեդրոնականցիին ցաւը կը ղրկեմ թերթերու, որոնք երբեմն տեղ չեն տար, չես գիտեր ո՞ր մսկոտութեամբ: Թերեւս ծխողները, ինքնակոչիկ դատաւորները եւ անոնց հովանաւորները չվշտացնելու համար:
Արդէն ձայնասփիւռ եւ «հեռուստացոյց» այս կարգի նախագահական եւ վարչապետական չեղող մանրուքով չեն զբաղիր…
Մակար, 22 յունիս 2019, Երեւան


