Լրահոս

ԱՀՄԷՏ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՑՈՅՑ… ՆԱԵՒ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ

p1 dav2

ԱԹԷՆՔ.- Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու, Սեւ Ծովեան տնտեսական համագործակցութեան անդամ երկիրներու նիստին առթիւ, Երեւան ժամանելէ ետք, յաջորդ օրն իսկ մեկնեցաւ Յունաստան: Երեւանի նման, Աթէնքի մէջ ալ հայ երիդասարդութիւնը բողոքի ցոյցերով, արտայայտեց իր դժգոհութիւնն ու բողոքը: Ցուցարարները հաւաքուած էին այն հիմնարկը, ուր պիտի ժամանէր Տաւութօղլուն, մշակութային ժառանգութեան նուիրուած նկարներու ցուցահանդէսի մը բացման ներկայ գտնուելու համար: Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան անդամներուն ընկերացած էին նաեւ Պոնտոսի Երիտասարդական միութեան նախագահն ու անդամները:

“Թուրքիա, ճանչցի՛ր Հայոց Ցեղասպանութիւնը“, “Հայեր, Պոնտոսցիներ, Կիպրացիներ` միացեալ պայքար“, “Հայութեան արդար իրաւունքը կը պահանջենք“ լօզունգները, բարձրաձայն կ՛արձագանգէին սրահին մէջ` շարունակաբար խանգարելով ելոյթ ունեցող թուրք նախարարը:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button