ԱԿՆԱՐԿ.- ՊՐԱՅԶԱ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՏԱԿ ՉԷ

0 0
Read Time:3 Minute, 13 Second

Ատրպէյճանի մօտ Մէթիու Պրայզայի դեսպան նշանակման քուէարկումին յետաձգումը դրական զարգացում է, բայց չի նշանակեր, որ հարցը լուծուած է:

Պրայզայի նշանակման խափանումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է բազմաթիւ պատճառներով. բոլորէս աւելի՝ զինք հարցապնդող խորհրդարանականները շա°տ լաւ գիտեն ասիկա: Չգիտնալ ձեւացնողը՝ Սպիտակ Տունն ու Արտաքին Գործոց նախարարութիւնն են, մէյ մըն ալ անոնց ետին կանգնող նիւթամոլները, որոնք պատրաստ են քաղաքակրթութիւն ու արդարութիւն վաճառքի հանելու ինքնանպատակ ու կարճահաս շահերու համար:

Երկրի մը պաշտօնական ներկայացուցիչը, այս պարագային՝ դեսպանութեան թեկնածուն պէտք է ըլլայ իրողութեանց իրազեկ, ու խնդրոյ առարկայ գօտիին մէջ արդար մօտեցում որդեգրելու հակամէտ: Անցեալ տարիներուն, Պրայզա Մինսքի խմբակին մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչն էր, Յուլիս վերջերուն, ան հարցապնդումի ենթարկուեցաւ իր նշանակման հարցը քննարկող յանձնախումբի անդամներուն կողմէ: Երկու պարագային ալ, Պրայզա ի յայտ բերաւ, թէ յարմար թեկնածու չէ: Թուենք քանի մը պատճառ:

Պրայզա իրողապէս Ազրպէյճանի փեսան է. անոր կինը ազերի է, կնքահայրը՝ ազերի, ուղղակի ու անուղղակի գործակիցները՝ նմանապէս ազերի կամ ազերիամէտ. Պրայզայի կինը կը գործէ հաստատութեան մը մէջ, որ նիւթական օժանդակութիւն կը ստանայ Ազրպէյճանէն ու Թուրքիայէն (ընկերութիւնը չի սիրեր իր եկամուտի աղբիւրներուն մասին խօսիլ…): Պրայզա այսօր կրնայ երդում-պատառ ըլլալ, որ կնոջ աշխատանքի մարզին նոր կիզակէտը կապ չունի իր յառաջիկայ աշխատանքի դաշտին հետ. Պաքուի վարիչները ահագին դրամագլուխ կապած են իր անձին, հետեւաբար, դեսպան նշանակման պարագային, ան անխւոսափելիօրէն պիտի վերածուի Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կամակատար-գործակիցին: Կայ, տակաւին, մանրուք մըն ալ. Պրայզա կ’ընդունի, որ ամուսնութեան առիթով, ազերի նախարարէ մը թանկարժէք նուէր մը ստացած է, այդ մասին չէ տեղեկագրած իր վերին իշխանութիւններուն: Պարզ բառամթերքով, ան արդէն կաշառուած մըն է նշանակման հարցին հրապարակումէն տարիներ առաջ:

Գալով հարցապնդումներու նիստերուն, նախագահ Օպամայի թեկնածուն աղաղակող կերպով ձախողեցաւ քննութեան մէջ, հետեւաբար, նշանակումը պիտի նշանակէ կաշառեալի մը ու տգէտի մը-կամ ձեւացողի մը- պաշտօնի կոչումը:

Խօսինք քանի մը փաստով:

Երբ Պրայզայի հարց տրուած է Յունիս 18-ի դէպքին մէջ պատասխանատուութեան բաժինին մասին (Արցախի սահմանին վրայ այն դէպքը, որուն հետեւանքով հայ զինուորներ սպաննուեցան), ան ըստ ամենայնի ընդունած է, որ նախայարձակը ազերիկան կողմն էր, սակայն նաեւ աւելցուցած է, որ »դէպքին մանրամասնութիւնները շատ յստակ չեն»: Կը կասկածինք, որ արցախեան ու հայկական պաշտօնական շրջանակները ամենայն մանրամասնութեամբ չեն տեղեկագրած միջադէպը, նոյնը կրնան ըրած ըլլալ ազերիական կողմի պատասխանատուները: Ուրեմն, դէպքէն աւելի քան ամիս մը ետք »մանրամասնութիւնները յստակ չեն» արտայայտութիւնը մէկ բան կը նշանակէ. Պրայզա տրամադիր չէ մեղադրանք ուղղելու այն կողմին, ըսել կ’ուզենք՝ իր իրողական »պոսերուն», որոնք նախայարձակ ըլլալը կ’ընդունի, դէպքն ալ մեծ բարդութիւններով պարուրուած բան չէ:

Այս խուսափողականութիւնն ու նախայարձակին ի նպաստ կողմանակալութիւնը աննախընթաց չէ: Արդարեւ, հարցապնդող խորհրդարանականները արծարծած են նաեւ Նախիջեւանի հայկական խաչքարներու ջարդին հարցը, որուն նկատմամբ Պրայզա, 2005ի այդ օրերուն, երկարատեւ լռութենէ ետք, միայն »դժբախտ պատահար» որակած էր հայկական մշակութային ժառանգութեանց օր ցերեկով փոշիացումը, այդ մասին անհրաժեշտ տեղեկագրումը չէր կատարած իր իսկական մեծաւորներուն, ու Ուաշինկթընի օրուան իշխանաւորներն ալ խուսափողական կեցուածք որդեգրած էին փաստագրուած վայրենութեան նկատմամբ: Աղուէսին ու պոչին աղաղակող մէկ օրինակը…

Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւնները ո’չ միայն հայկական, այլ միջազգային այլ հրատապ հարցերու նկատմամբ տարուէ տարի կը ցուցաբերեն յարաճուն կողմնակալութիւն, ընդհանրապէս կորսնցուցած են իրենց թարթիչներուն սահմանէն  անդին տեսնելու կարողութիւնը (քիթը բաւական հեռու տեղ կը նշանակէ…): Քարիւղի կամ անմիջական այլ շահերու բոյրերը յաճախ զիրենք կը մղէ այնպիսի արարքներու, որոնք կարճ ատեն մը ետք արդէն զղջումի կը հասցնեն իշխանաւորները, բայց »էշ նստիլը մէկ ամօթ, էշէն իջնելը՝ երկու ամօթ»  հոգեբանութեամբ՝ պատանդ կը մնան իրենք անհեռատես քայլերուն: Աֆղանիստանէն մինչեւ Փաքիստան, Իրաքէն մինչեւ Սուտան ու Հարաւային Ամերիկա՝ աշխարհը բաց ցուցասրահ մը դարձած է ձախաւերութիւններու, որոնց գինը կը վճարէ ամբողջ աշխարհը, եւ ոչ միայն շահատուրք վճարող ամերիկացին:

Ժողովուրդին ներկայացուցիչներուն պարտքն է անդրադառնալ նման ձախաւերութիւններու. խորհրդարանի անդամները համարատու են զիրենք ընտրողներո’ւն, անոնցմէ կը պահանջուի նորանոր ձախորդութիւններ կանխարգիլել ու մանաւանդ ընթանալ արդարութեան, հաւասարակշռութեան ու տակաւին դրական բազում այլ ուղիներէն, որոնք աշխարհը, մարդկութիւնն ու պետութիւններ կ’առաջնորդեն յոռի կացութիւններէ՝ դէպի բարիք ու բարելաւում:

Այս պահանջատիրութեամբ ալ, հայ թէ ոչ հայ ամերիկացի քաղաքացիներու իրաւունքն է խափանումը անատակ Պրայզաներու պաշտօնի կոչման, կասեցումը՝ անվաղորդայն այլ զարգացումներու: Իսկ խափանումը գործադրողները պէտք է ըլլան Քէրիի գլխաւորած յանձնախումբին բոլոր անդամները, ուղղակի եւ անուղղակի պատգամ տալով Սպիտակ Տան ու իշխանութեան միւս գործիքներուն, թէ արդարութւինն ու օրէնքը չեն կրնար կաշառուիլ…

Օգոստոսեան արձակուրդէն ետք, խորհրդարանականներէն սպասուածը յստակ է:

                                                                                                                                                                                              Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles