
Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
Շատ մեծ չէի, գիտնալու անոնց միջեւ եղած կապին մասին, միայն գիտէի որ անոնք միշտ միասին էին, ամառ թէ ձմեռ: Ամէն մարդ գիտէր այդ հայ երիտասարդին մասին: Ալիսին սիրային պատմութիւնը թաղը ամբողջ գոց գիտէր:
Վարդգէս էր երիտասարդին անունը: Ամէն օր յետ միջօրէին կու գար Ալիսին քով: Վարժուած էինք թաղեցիներս: Եթէ ամէն օր նոյն ժամուն չտեսնէինք Վարդգէսը, պակասաւոր կը դառնար մեզի համար օրը:
Տարիներ անցան: Ես մեծցայ: Մօրս մազերը ճերմկիլ սկսան: Թաղեցիներէն մի քանի հոգի այս աշխարհը ձգեցին, նորեր ծնան, շէնքեր բարձրացան ու մի քանի նախագահներ տեսանք: Անցաւ ժամանակ, բայց Ալիսին ու Վարդգէսին միջեւ ոչ մէկ նորութիւն, ոչ մէկ փոփոխութիւն, ոչ դրական, ոչ ժխտական իմաստով:
Անոնք հասունցան, բայց իրենց սէրը մնաց երիտասարդ, ամուր, հաստատ ու սկզբունքային: Ալիսին մայրը մահացաւ սրտին մէջ ցաւը՝ իր աղջկան օրը տեսած չըլլալու:
Երեք տարի ետք հայրն ալ մեռաւ: Անոր իսկ չվիճակուեցաւ մտքի հանգստութիւն: Ալիսին հոգը ամբողջ թաղը առած էր կարծես: Ամբողջ թաղին նիւթն էր Ալիսը:
Տարիներ ետք, գլխաւոր թաղի մը լուսաւոր մէկ վաճառատան առջեւ տեսանք զիրար: Ճանչցանք զիրար: Տաք բարեւ տուինք իրարու, անկեղծ ու հարազատի պէս: Անթացուպը ձեռքին կեցաւ ու հարցուց իմ մասին: Պատասխանեցի իր բոլոր հարցումներուն: Կարգը եկաւ ինծի: Հարցուցի Վարդգէսին մասին: Ալիսին աչքերէն հոսող արցունքը պատասխանն էր հարցումիս:
Համբուրեցի Ալիսը եւ զղջումը սրտիս մէջ շարունակեցի ճամբաս:
Նոյն ամիս լսեցի Ալիսին մահուան լուրը ու յանցաւոր զգացի: Արդեօ՞ք այդ օրուայ արցունքը ողողուեցաւ եւ խեղդեց սիրտը. այն սիրտը, որ սիրելէն ու սպասելէն յոգնած էր: