ԱԼԻԵՒԻ ԱՐՁԱՆԸ ԳԼԽԻԿՈՐ …ՉՔԱՑԱՒ

0 0
Read Time:1 Minute, 57 Second

p1  m  ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

Յունուար 28, 2013

 

Սխալ մարդը, սխալ ժամուն..սխալ վայրէն ներս տեղադրուած էր:

Ինքնաբերաբար կարճ տեւեց Հայտար Ալիեւի վիթխարի արձանին բնակութիւնը`  Մեքսիքոյի մայրաքաղաքի բանուկ շրջանէն ներս գտնուող զբօսայգիներէն մէկ հողաշերտին վրայ:

Ըստ երեւոյթին կը կարծուէր թէ հողաշերտը գնուած ըլլալու բնոյթ ունէր եւ աւելին, արտառոց արձանին շրջակայքը, յաւելեալ տեղեկութիւններ տեղադրուած էր այդ անծանօթ տիպարի ինքնութեան եւ անոր ղեկավարած…Մեքսիքոյէն հազարաւոր մղոններ հեռու` Ատրպէյճանի մասին: Աւելին, նաեւ արձանի ետին, մարմարեայ հսկայ պատրաստութեամբ մը տեղադրուած էր, այդ անծանօթ երկրին քարտէսը:

Անյարիր տեսարան մը, հազարաւոր այցելող թէ՛ տեղացիներուն եւ թէ՛ օտար զբօսաշրջիկներուն համար:

Ո՞վ էր այս անծանօթը:

Ժամանակ կ՛առնէր, որ մօտակայ այցելուն նկատելով այդ անծանօթ կառոյցը, փորձեր տեղեկութիւններ քաղել եւ իմանար թէ բանն ումն էր:

“Անծանօթ Զինուոր“ի յուշարձանի եւ այդ սկզբունքին հասկացողութեան հետ, ոչ մէկ կապ ունէր այդ անծանօթ բնակիչը: Իսկ, Մեքսիքացիին համար Ատրպէյճանի ծածկանուն` “Կրակի Երկիր“ը նոյնքան շփոթութիւն կը ստեղծէ, որքան նոյնինքն արձանը, նկատի ունենալով որ Ամերիկեան ցամաքամասէն ներս, “Կրակի Երկիր“ը, ծայրագոյն հարաւի` Չիլէի եւ Արժանթինի միջեւ այդ գեղեցիկ հողաշերտն է…Ալիեւ գերդաստանի ղեկավարած երկրէն նոյնքան հեռու, որքան սոմպրերոյի երկիրը:

Մեքսիքայի յեղափոխութեան պատմութիւն կերտած եւ “քարիզմա“ ստեղծած տիպարներէն` Էմիլիանօ Զափաթայի հետ ալ…ոչ մէկ կապ ունէր, այդ Կովկասի արիւնարբու ղեկավարը: Ընդհակառակը… բոլորովին տարբեր բեւեռներ:

Մեքսիքական արածէն գողնալով, առանց բառերն իսկ ծամծմելու, կարելի էր կրկնել տեղական այն ասացուածքը, թէ .- “Եթէ Սափաթա ողջ ըլլար, ան ալ մեր հետ պիտի զօրակցէր…“ (If Zapata lived, he would walk with us), այսինքն նոյնինքն Զափաթան ալ պիտի միանար այդ մարդկային  իրաւունքներուն համար պայքարող ցուցարարներուն, որոնք բազմիցս հաւաքուելով այդ “Հանրածանօթ Զինուոր“ի յուշարձանին մօտ, արտայայտած էին իրենց ցասումն ու զայրոյթը…կատարած իր հանրածանօթ հալածանքներուն եւ սպանդներուն ի տես:

Անշուշտ սերունդէ սերունդ…տարբեր բեւեռներու վրայ, միեւնոյն ոճն է որ կը շարունակուի:

Եւ այսօր Հայտարի զաւակ` Իլհամն է որ միեւնոյն գործելաձեւը կը շարունակէ Խորհրդայնացումէ դուրս եկած, անկախ Ատրպէյճանի մէջ…Փաստը` դեռ վերջերս Իսմայիլլիի եւ այլ տարածաշրջաններէն ներս, ծայր առած խռովութիւններն ու անոնց դէմ կիրարկուած բռնատիրական միջամտութիւններն են:

Այսպէս Ուրբաթ, Յունուար 24-էն, Շաբաթ 25-ի լուսցող վաղ առաւօտեան, գլխիկոր հեռացաւ այդ զարմանք պատճառող անտեղի եւ… անբաղձալի հողաշերտին վարձակալը` Հայտար Ալիեւի արձանը:

Եւ այսպէս քանի մը թաղ անդին, այլ սխալ կառոյց մը` սխալ ժամուն, սխալ վայրէն ներս տեղադրուած…որ պարզապէս սուտ ու փոյթ բացատրութեամբ կը նկարագրէր Խոճալուի դէպքերը, իր կարգին հասաւ փառուոք լուծման եւ սխալ մեկնաբանութիւնով, “Ցեղասպանութիւն“ բառը հրաժեշտ առաւ, այդ յուշարձանէն ալ:

“Ապրի Զափաթան, Պայքարը կը շարունակուի…“պիտի ըսէր Մեքսիքայի յեղափոխութեան հետ քայլ պահող տեղացին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles