
Համաճարակէ եւ մահէ չվախցող Հայաստան ժողովի գացողներ կան: Ժողովը բեմ՝ Ծառուկեանի թղթէ կապարճին: Անով կը վերականգնի՞նք:
Կեդրոնականցին հանդիպեր է Ալասքայէն Հայաստան գացող Մայքըլ Սթիվընի, Միքայէլ Ստեփանեանի: Միասին ճաշած են:
Հանդիպեցանք հայկական սրճարանը:
– Մակա՛րս, Հայաստան չեմ կրնար երթալ, մեծ ծրագիրներ, աթոռ եւ քսակ չունիմ: Ուզեցի միտքերս Մայքըլի ճամբով հասցնել մեծերու: Վանեցիի թոռ Մայքըլը Ալասքայի մայրաքաղաք Անքորէյճի մէջ արեւելեան ուտեստներու վաճառատան մը տէր է:
– Աշխարհի ծայրը որո՞ւ համար արեւելեան ուտեստ,- ըսի:
– Ես ալ զարմացայ: Ըսաւ որ Անքորէյճ արեւելքցիներ կան: Բժիշկը լիբանանցի է, ատամնաբոյժը հայ կին մըն է, ատաղձագործը՝ սուրիացի, ինքնաշարժ նորոգողը լիբանանցի, թուրքը եւ քիւրտը խորոված կը ծախեն: Ըսաւ որ ինք ալ Ատիս Ապեպայէն հոն գացեր է:
– Ի՞նչ ընելու կ’երթայ Հայաստան:
– Հայաստան-Ալասքա առեւտրական կապեր հաստատելու: Ըսած է, որ բոլոր ծախսերը ինք կը ստանձնէ: Պիտի նշանակուի Ալասքայի մէջ պատուակալ հիւպատոս: Այսինքն՝ անվճար: Մտածեցի, որ այս մէկը Հայաստան չ’երթար որպէս փրկարար ջուր ծեծելու, հեռատեսիլէն խօսելու, վերադարձին՝ փքուելու:
– Մայքըլ ո՛չ ատենապետ է ո՛չ նախագահ, Ալասքայի հայերը միութիւն-կուսակցութիւն ունի՞ն:
– Չունին: Հայաստանէն բերել տուած է գինի, ծիրանի չիր, խաղողի շարոց, գեղանկար, ձեռային աշխատանք, որոնք շուտով ծախուած են:
– Ուրեմն Հայաստանի նոր յոյսը Ալասքան է: Եթէ իմացուի, որ հոն հիւպատոս կայ, հայերը կը բազմանան:
– Մայքըլ ըսաւ, որ Ալասքան Ամերիկայի ամենէն մեծ նահանգն է, մէկուկէս միլիոն քառ. քիլոմեթր: Մեծ ապագայ ունի: Ըսաւ, որ գինիէն աւելի խաղողի շարոցները վաճառուած են: Ցուրտին դէմ շարոց տարած են աշխատանքի, մանաւանդ ալքոլի դէմ եղողները:
– Ուրեմն հայաստանեան շարոցը հաւատացեալներու օգնած է:
– Չէի մտածած:
– Մտածա՞ծ է արտագաղթող հայերը Անքորէյճ տանիլ:
– Ըսաւ, որ եթէ մեծ թիւով հայեր գան Անքորէյճ, ընտրութիւններուն կը մասնակցին, օր մը Ալասքան ալ կը ճանչնայ ցեղասպանութիւնը:
– Արմենա՛կ, ըսիր որ Մայքըլ վանեցի է, կը մտածէ՞ Աղթամարի եկեղեցիի պաշտպանութեան մասին: Կամ՝ Վանի հանրապետութիւն ստեղծելու՝ Ալասքա:
– Այդ մասին չխօսեցանք: Վերադարձին պիտի տեսնուինք: Կու գաս եւ իրեն հետ Վանի կամ Նոր Վանի մասին կը խօսիս:
– Արմենա՛կ, ան վերադարձին ֆորմաթէ եղած կ’ըլլայ, եւ Երեւանէն անդին չի նայիր:
Երբ կը բաժնուէինք, Արմենակ ըսաւ որ օր մը հիւր կ’երթանք Մայքըլին եւ շարոց կը ճաշակենք:
– Մակարուհիին եւ Էլպիսին չըսես: Վաղն իսկ ճամպրուկ կը պատրաստեն:
Վանեցիի թոռը Ճիշդ մտածած է: Շարոցը յիշատակ կը պահէ, ինչպէս խորովածը, գինին, հայաբարբառ ճազը:
Նոր հիւպատոս Սթիվընի վերադարձին պիտի լսենք Հայաստանի ալասքայական յաջողութիւնները:
Երբ կը բաժնուէինք, Արմենակ ըսաւ.
– Մինչեւ Ալասքա երթանք, հոն հայաստանեան նոր գաղութ կ’ունենանք, Արտաշէս Աշխարհակալի գործը շարունակելով: Եթէ սառցային տարածութիւններէն 50.000 քառ.ք.մ. սառած հող տան հայերուն, հոն կը ստեղծենք նոր Հանրապետութիւն, կուսակցութիւնները հոն կ’երթան, Հայաստանն ալ հանգիստ կ’ընէ:
Ինչպէ՞ս իր տեսած-լսածի ցաւով Արմենակ սրտաճագ չ’ըլլար:
Մակար ի Գաղիա, 30 Յունուար 2022