ԳլխաւորԼրահոս

Ալապաման Ալ Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

ՄՈՊԻԼ.-  Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ալապամա  նահանգի ղեկավար Քէյ Էյվի ստորագրած է հռչակագիր մը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ: Նահանգապետին հռչակագիրին մէջ կ՛ա կնարկուի Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն ցուցաբերուած ամերիկան Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցին ցուցաբերած օժանդակութեանց եւ անոնց մէջ Ալապամայի ժողովուրդին ունեցած դերակատարութեան։

Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սթիւ Մեսրոպեան ողջունեց հռչակագիրին հրապարակումը, նոյն ժամանակ շեշտելով, որ նահանգապետ Քէյ Այվի իր այս քայլով ցոյց տուաւ, որ Ցեղասպանութեան մասին պատմական իրականութիւններ պէտք չէ պատանդ դառնան զանոնք ուրացողներուն եւ անոնցմէ շահեր փնտռողներուն։

Միայն Միսիսիփի նահանգն է, որ ցարդ պաշտօնապէս չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button