ԱԹԼԱՆԹԱՅԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ 95-ԱՄԵԱԿԸ

0 0
Read Time:4 Minute, 5 Second

Աթլանթայի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներ՝ Սիզըր Միչըլ (ձախին) եւ Սի. Թի. Մարթին (աջին) կը յանձնեն Ցեղասպանութեան ի յիշատակ գրութիւն մը Սարգիս Աղասարգիսեանին
Ճորճիա նահանգի հայ համանքը յատուկ կերպով նշեց Ապրիլի 24-ը: Անգամ մը եւս, սոյն ձեռնարկը կազմակերպողներն էին Յարութիւն եւ Սարգիս Աղասարգիսեանները, որոնց ջանքերով է որ Ճորճիայի տեղական Ծերակոյտը, նահանգային եւ քաղաքապետական խորհուրդները պաշտօնապէս ճանչցած էին Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Ոգեկոչման այս արարողութիւնները կը կատարուին Աթլանթայի Նահանգային Տան մէջ, ուր հայերու հետ միասին կը մասնակցին եւ զեկոյցներով հանդէս կու գան շարք մը պետական պաշտօնեաներ:
Այս աւանդութիւն դարձած հաւաքի բացումը կատարեց իրաւաբան Վարդուհի Աղասարգիսեանը, որ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց պատուաւոր հիւրերուն իրենց անսակարկ աջակցութեան եւ ներկայութեան համար:
Առաջին հիւրը՝ ներկայացուցիչ Ռապին Շիփն էր, որ կարդաց տեղւոյն նահանգապետի հռչակագիրը՝ ուղղուած հայ ժողովուրդին, ուր նահանգապետը իր յարգանքի խօսքը ուղղեց անոնց որոնք կարողացան պահպանել իրենց գոյութիւնը: Ան խոր ապրումով նշեց նահատակներուն արհաւիրքը:
Սարգիս, Վարդուհի եւ Յարութիւն Աղասարգիսեաններ
»Այս Ցեղասպանութեան յիշատակի յարգման օրը, կը ցաւակցինք Եղեռնի 1.5 միլիոն զոհերու համար: Անոնց յիշատակը այսօր ապացոյց է մարդկութեան թէ ինչպիսի մեծ արհաւիրք է քաղաքական, կրօնական եւ ցեղային խտրականութիւնը: Մենք համոզուած ենք, որ արդարութիւնը կը յաղթէ« ըսաւ ան:
Յաջորդ պատուաւոր հիւրը ծերակուտական Վինսընթ Ֆորթն էր, որ Ճորճիայի նահանգային ծերակուտականին ներկայացուցած էր թիւ 1454 բանաձեւը, պահանջելով նահանգէն ներս Ապրիլի 24-ը նկատի ունենալ, որպէս 1.5 միլիոն հայ զոհերու յիշատակի օր:
»Ճորճիայի կառավարութիւնը կը գնահատէ երեք հազար տարուայ պատմութիւն ունեցող հայ համայնքի գրեթէ հինգ հարիւր հայ ընտանիքները, որոնք ծանօթ են իրենց ժրաջան աշխատանքով եւ գործարական յաջողութիւններով, ուսումնական, արուեստի եւ կառավարութեան ասպարէզներէ ներս« ըսաւ ծերակուտական Ֆորթ, որ նախապէս, նահանգէն ներս, կոտորածներու եւ ջարդերու դէմ պայքար մղող օրէնքի գործադրման ռահվիրաներէն եղած է:
Յաջորդ պատուաւոր հիւրը, բարձրագոյն դատարանի աւագ դատաւոր Թելմա Քամինկ Ուայաթ Մուրն էր, որ նախապէս քանի մը անգամ ներկայ գտնուած էր նահանգի տան եղած Եղեռնի յիշատակի հաւաքներուն: Խօսք առնելով, ան արտայայտուեցաւ ջարդերու, յատկապէս Հայկական Ցեղասպանութեան մասին որուն ճանաչման հարցը ոչ միայն ներազգային խնդիր է, այլեւ համամարդկային եւ կրնայ կասեցնել այլ Ցեղասպանութիւններ, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակուին:
»Մենք պէտք է յիշենք սարսափելի ջարդերը, եւ վառ պահենք անմեղ զոհերու յիշատակները, որպէսզի յիշեցնենք այս երկրին այն ծանր գինը որ հայ ժողովուրդը վճարեց իր ազատութեան եւ գոյատեւման պայքարի ընթացքին«:
Ապա ներկայացուեցաւ յարգարժան քաղաքապետ Քէյսիմ Ռիտի խօսքը, քաղաքապետարանի խորհրդատու Սի.Թի. Մարթինի կողմէ:
Սարգիս Աղասարգիսեան եւ ծերակուտական Վինսընթ Ֆորթ
Յատուկ յուշագրով մը, կը փոխանցուէր թէ.- »1.5 միլիոն հայերու ջարդի 95-ամեակի յիշատակի առիթով կը ցաւակցինք: Այս պատահածը երբեք պէտք չէ մոռցուի, որպէսզի նման իրադարձութիւններվերստին չկրկնուին, աշխարհի բոլոր ծագերէն ներս«:
Քաղաքապետը ուղղեց իր շնորհաւորանքները, Աթլանթայի հայ համայնքին այս նուիրական եւ դժուար աշխատանքի համար, որոնք ի շահ ապագայի նոր սերունդներու ազատ ու խաղաղ կեանքին համար են:
Այսպէս, յարգարժան քաղաքապետ Ռիտ, անգամ մը եւս յատուկ նամակ յղած էր Ճորճիայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ պրն. Աղասարգիսեանին, իր զօրակցութիւնը յայտնելով 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակին կատարուած ձեռնարկներուն:
Այլ հռչակագրով մը, բեմ ներկայացաւ, Աթլանթայի քաղաքապետարանի նորընտիր խորհուրդի նախագահ՝ Սիզըր Միչըլը, որ նշեց թէ ի յարգանք Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան, Աթլանթա քաղաքը հպարտութեամբ միացած է հայ համայնքին:
»Աշխարհի ամենահին քաղաքակիրթ երկիրներէն մէկն է Հայաստանը: Առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը եղած է անիկա, որ դժբախտաբար զոհն է ահաւոր Ցեղասպանութեան: Անմեղներ տարագրուեցան Դէպի Սուրիոյ անապատները:…Ցարդ չճանչցուած ամենամեծ ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն հայեր սովամահ եղան եւ սպաննուեցան: Մենք կը հռչակենք Ապրիլի 24-ը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան օր…մեր քաղաքէն ներս«:ըսաւ ան:
Ճորճիայի նահանգապետ Սօնի Փըրտիւի եւ Աթլանթայի քաղաքապետ Քէյսիմ Ռիտի կողմէն հռչակագրեր, նամակներ եւ բանաձեւեր ներկայացուեցան իրաւաբան Սարգիս Աղասարգիսեանին եւ այս հաւաքոյթներու հիմնադիր եւ Հայ Դատի Աթլանթայի մասնաճիւղի ատենապետ Յարութիւն Աղասարգիսեանին:
Յաջորդ պատուարժան հիւրը Աթլանթայի նախկին քաղաքապետ Պիլ Քէմպըլն էր, որուն շնորհիւ, հայկական համայնքը ունի Եղեռնին նուիրուած այգի եւ ան առաջին քաղաքապետն էր, որ ստորագրեց քաղաքապետի հռչակագիրը Ապրիլ 24-ի Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին: Տարիներ շարունակ Աղասարգիսեան ընտանիքի լաւագոյն բարեկամը, ան միշտ ալ գործակցած է հայ համայնքին հետ:
Ան իր տպաւորիչ խօսքով յուզեց ներկաները: Ան յիշեց թէ ինչպէս միայն քանի մը ընտանիքներով, սկսան հաւաքուիլ հայ համայնքի ներկայացուցիչներն ու քաղաքական գործիչները: Ան աւելցուց թէ ականատես եղած է այս հաւաքներու ծաւալի աճին: Ան ըսաւ թէ հայու նման, ան կը զգայ ցաւը: Ապա, Քէմպըլ յայտնեց թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը առաջնահերթ է եւ կոչ ուղղեց նախագահ Օպամային, որպէսզի յարգէ իր խոստումը:
Շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի փոխ-ատենապետ Սարգիս Աղասարգիսեան խօսք առնելով, իր զեկոյցին մէջ ըսաւ թէ անպայման որ քոնկրէսը պէտք է որ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
«Արդեօ՞ք փոխուել են թուրքերը: Ո°չ: Մերժման նպատակը միայն սպասելն է մէկ ուրիշ առիթի, որպէսզի նորէն Ցեպասպանութիւն գործեն: Միայն այս անգամ աւելի կրթուած, աւելի հարուստ եւ քաղաքականութենէ աւելի ուժեղ, նոյն մարդասպանները, բայց աւելի ուժեղ, հայկական համատարած աշխատանքներ կը տանին թուրքերը…Ուաշինկթընէն սկսելով ամէնուրէք, որպէսզի ջնջեն պատմութեան էջերէն պատմական փաստերով հաստատուած կոտորածը:
Հիմա է ճիշդ ժամանակը Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը պաշտպանելու: Միայն Ցեղասպանութիւնն ընդունելու միջոցով է, որ կարելի է կանխել նոր ջարդերը, ապահովել անկախ եւ ազատ Հայաստան»: ըսաւ ան:
Իր տարողութեամբ եւ օտար հիւրերու ներկայութեամբ, աննախադէպ այս ձեռնարկի փակումը կատարեց դոկտ. Վարդուհի Աղասարգիսեանը, իսկ փակման աղօթքով հանդէս եկաւ յարգարժան քաղաքապետ Պիլ Քէմպըլը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles