Աթէնքի մէջ Նշուեցաւ Հ.Յ.Դ. 125ամեակը

0 0
Read Time:54 Second

p15b

ԱԹԷՆՔ («Ազատ Օր»).- Շաբաթ՝ Յունուար 9-ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան, Կեդրոնի մարզադաշտին մէջ, հոծ բազմութեան եւ մեծ թիւով երիտասարդներու ներկայութեամբ, նշուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 125ամեակը:
Տօնակատարութիւնը կազմակերպուած էր Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ։ Յայտագիրը սկսաւ «Մշակ Բանուոր» քայլերգով։
Օրուան բանախօսն էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկ. Բենիամին Պուչաքճեան: Ան ամփոփ ակնարկ մը նետեց պատմութեան ընթացքին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան իրագործած ծրագիրներուն, աշխատանքներուն ու վարած քաղաքականութեան վրայ եւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ կուսակցութեան առաջնորդող սկզբունքներուն ու արժէքներուն, յատկապէս Հ.Յ.Դ. մշտանորոգ յանդգնութեան՝ հայութեան ու հայրենիքին ծառայելու նպատակով իրագործուած նոր ծրագիրներու առումով: Բանախօսը արժեւորման ակնարկ մը նետեց կուսակցութեան պատմական ակունքներէն եկող տարբեր հանգրուաններուն վրայ՝ շեշտելով, որ մեր դիմադրութեան յենակէտերն են անկախ, ժողովրդավար եւ ազգային պետականութեան տէր Հայաստանը, Հայ Դատը՝ իբրեւ հիմք ազգի ինքնութեան եւ հայրենիքի հզօրացման, նոյնպէս արտերկրի հայութեան ու Սփիւռքի գաղութներու պահպանումն ու հզօրացումը՝ իբրեւ կռուան համազգային ռազմավարութեան։p15a
Աւարտին,՝ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Քերոբ Էքիզեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլոր նուիրատուներուն՝ շեշտելով, թէ չափազանց պահանջատէր եւ արագօրէն փոփոխուող պայմաններու տակ մեծ ճիգ կը պահանջուի պահպանելու համար ընթացքի մէջ եղող բոլոր ծրագիրները։ Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles