Դժբախտաբար, այլեւս կարելի չէր սպասել:
Պէտք էր քարոզչական միջոցառումներու դիմուէր:
Ազդանշանը տրուեցաւ…Հացադուլ, նստացոյց, բողոքի հաւաք, ստորահաւաք եւ շարքը երկար է:
Սփիւռքի զանազան գաղթօճախներէ եւ յատկապէս մայր Հայաստանէն ներս բողոքի ալիքը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ ամիսներ շարունակ կատարուած այս մութ ու մշուշապատ ճանապարհային քարտէսին արդիւնք՝ Օգոստոս 31-ին, լոյս ընծայուած նախադրուած անհիմն, անհեթեթ եւ միակողմանի արձանագրութիւնները չեղեալ նկատուին:
«Չուրանա’նք, չզիջե’նք…ընդվզե’նք»…Այո’ հայորդին ընդվզած է եւ հետեւաբար բնական է որ չուրանայ, չզիջի: Դեռ աւելին, հայորդին կÿափսոսա¯յ թէ առանց որեւէ նախապայմանի, Թուրքիոյ տարածքային անխախտելիութեան սկզբունքային համաձայնութիւն տալը, համահաւասար է եւ պարզ ու մէկին կը նշանակէ պահանջատիրութենէ հրաժարում:
Ընղվզեցուցիչ եւ ամօթալի երեւոյթ է հարցադրումի տակ դնել պատմական ահաւոր ու սարսափազդու դէպք մը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Կարելի է ճանապարհային քարտէսի մը առաջին գիծերը մրոտել միայն – եւ անպայմանօրէն – այդ «Ամօթալի Արարք»ին պատշաճ ճանաչումէն ետք:
Հայորդին ամէնայն ինքնավստահութեամբ եւ հետեւողականօրէն պիտի դիմէ ամէն միջոցի զգաստութեան բերելու թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը անվտանգութեան երաշխիք մըն է, եւ թէ երկրորդ ահաւաւոր «Ամօթալի Արարք» մըն է, արդէն իսկ կատարուած սահմռկեցուցիչ դէպքերու իրադարձութիւնները վերատեսութեան ենթարկել, արխիւային եւ պատմական յանձնախումբեր եւ ենթայանձնախումբեր կազմելով կամ գիտաժողովներ եւ կլոր (թէ քառակուսի) սեղաններ կազմակերպելով:
Հայորդիին մտահոգութիւնը…դեռ աւելի կը սաստկանայ, մանաւանդ որ Արցախի հիմնահարցի նկատմամբ ալ, կարելի է հետեւցնել Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան եւ տարածքային անձեռնմխելիութեան հարցերը յստակօրէն պիտի արծարծուին: Հոս ալ, տեղի տրուած է Թուրքիոյ քողարկուած նախապայմաններուն:
Հայորդին պինդ ու յամառօրէն կառչած եւ ամէնայն ինգնագիտակցութեամբ ու խոր համոզումով…պիտի պայքարի ազգային-պետական շահերը հարուածող նմանօրինակ որոշումներու դէմ:
Չուրանա’նք, չզիջի’նք…ընդվզի’նք: Ի գին արդարութեան եւ պահանջատիրութեան ազդանշանը տրուած է…