
Պետրոս Քհնյ. Շիթիլեան
Հոն լեռներուն մէջ ազգ մը կը կռուի պատուական,
Ան թիւ չունի և ոչ լումայ,
Ան հարուստ է իր հոգով ու մտքով ազնուական:
Հոն լեռներուն մէջ հերոսներ կ՚երթան առասպելական,
Հայր, որդի ու թոռնիկ, մայր և քոյր,
Խմբերով հոն կը վազեն շարուէ շարան:
Հոն լեռներուն մէջ ազգ մը կը կռուի հերոսական,
Ներշնչուած պատմութեամբ ու օրինակով պապենական,
Զինուած խաչով ու խօսքով աստուածաշնչեան:
Հոն լեռներուն մէջ ազգ մը կը սատկեցնէ վճռական,
Մարդ երեւցող՝ բայց հրէշ դարձած,
Հորդաներն ու քոչւորներն միջնադարեան:
Հոն լեռներուն մէջ ազգ մը հինաւուրց ու վեհանձն,
Կ՚արիւնի` բայց չի լար,
Կը մեռնի` բայց նորէն կը ծնի շարունակական:
Հոն լեռներուն մէջ ազգ մը կը զոհուի մասսայական,
Իր այրերով նուիրական,
Լեցնելով վերինն աշխարհն արքայութեան:
Հոն լեռներուն մէջ ազգ մը հին և հպարտ,
Ազգ մը քիչ ու ցանցառ,
Մինակը կը պահէ ճրագն մարդուն համայնական:
Հոն լեռներուն մէջ ազգ մը կը կռուի վսեմական,
Առաջին ազգն Միածինեան,
Խաչով կը կռուի, որ պահէ հաւատքն Երրորդութեան:
Հոն լեռներուն մէջ ազգ մը կը կանչէ բարձրաձայն,
Ամէն ազգի ու պետութեան,
Անոնց որոնք խիղճ ունին, պատիւ և պատկառանք:
Հոն լեռներուն մէջ ազգ մը կը կռուի համար մարդկութեան,
Աշխարհն կը դիտէ զմայլած,
Աշխարհն կը խօսի, բայց չի գործեր ամօթաբար:
Հոն լեռներուն մէջ ազգ մը աստուածատուրեան,
Արիւնելով կը բարձրանայ գողգոթան,
Հասնելու համար փառքին Յարութեան:
Հոն լեռներուն մէջ ազգ մը կը կռուի հերոսական…