ԱԶԳԻ ՆՕՍՐԱՑՈՒՄԸ «ԱՐԺԱՆԱՎԱՅԵԼ ԿԵԱՆՔ»Ի ԼՈՒՍԱՒՈՐ-ԱՆԼՈՅՍ ՈՒՂԻՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ

0 0
Read Time:5 Minute, 29 Second
Լուսանկար՝ Կայանէ Միրզոյեան

 Յ. Պալեան

            Մեղմ բառ է նօսրացումը, երբ կը դիտենք մեր ժողովուրդի համրանքը: Հարիւր տարիէ ի վեր կը խօսինք ցեղասպանութեան պատճառած մեր մէկուկէս միլիոն կեանքերու կորուստի մասին: Երբեմն ալ կը մտածե՞նք շարունակուող կորուստի պատճառներուն եւ հետեւանքներուն մասին:

            Տարտղնում, ինքնութեան կորուստ եւ օտարում կը նօսրացնեն համայնքները:

            Ինչպէս միշտ, պէտք է յիշել եւ յիշեցնել, առաջնորդողներուն, որոշում կայացնողներուն եւ գործադրողներուն, որ հայկական կացութիւնը բնութագրող թիւեր չկան, գնահատումները միշտ ենթակայական են, ըստ արտայայտուողի թերի եւ մասնակի ծանօթութիւններուն:

            Հայեր կը դառնան ծագումով հայեր եւ կ’ընկղմին ժողովուրդներու ովկիանոսին մէջ, այդ ծագումն անգամ մոռնալով: Լաւ համարկուելէ (intégré) ըլլալէ ետք, կը տեւեն նոր ինքնութեամբ: Ոմանք կ’ըսեն, թէ այսպէս մտածել ազգայնամոլական նեղմտութիւն է:

            Նօսրացած եւ տարտղնուած-տարտղնուող ազգ մը ինչպէ՞ս տէր կրնայ ըլլալ հայրենիքի, ինչպէ՞ս կրնայ տոկալ եւ տեւել որպէս ինքնուրոյն ժողովուրդ, իր իւրայատուկ մշակոյթով եւ լեզուով: Էական հարցումներ՝ քաղաքական միտքի զարգացման եւ քաղաքական ընտրանքներու համար: Վատութիւն է խոյս տալ հիմնական հարցումներէ:

            Արեւելահայերէնի մէջ ընդունուած եւ կրկնուող եզրով «կոնկրետ» եւ ոչ սոսկ տեսական խնդիր ունինք որպէս ազգ: Ո՞ւր կը հասնի Հայաստան-երկիրը իր տնտեսութեամբ, զարգացումով  եւ պաշտպանութեամբ, երբ ան չի բնակուիր եւ գիւղացին ալ կ’արտագաղթէ: Ո՞ւր կը հասնի անորոշ համրանքով սփիւռք(ներ)ը, երբ ամէն օր կը նօսրանայ մոլորակին վրայ եւ ամէն անցնող օրուան հետ կը կորսնցնէ ազգի գոյացման ստորոգելիները, լեզուն, մշակոյթը, կը դադրի մասնակցելէ ազգային-համայնքային կեանքին, տեղեկութիւն չի ստանար: Օտարացման ճամբուն վրայ ձեռքբերուած յաջողութիւններն ալ որպէս օրինակելի դրօշակ կը պարզուին:

            Խարխափելով ոչ կարելի է առաջնորդուիլ ոչ ալ ճամբայ գտնել: Կու գայ պահը երբ պատին կը զարնուինք, թերեւս արդէն կորսնցուցած ըլլալով այդ զարնուելու զգացողութիւնը ունենալէ:

            Ոչ թէ տեսական, այլ «կոնկրետ» հարցի դիմաց կանգնած ենք:

            Հոգեբանական կուրութիւնը եւ հաւկուրութիւնը ղեկավարման մահացու ախտ են: Ընդհանրութիւններ քննելով եւ իրականութիւններէ խուսափելով կը վարագուրենք «կոնկրետ» կացութինները:

            Հայաստան տանող ճանապարհին, Մոսկուայի օդակայանի սպասման սրահին մէջ, դիպուածով, գտնուեցայ երեսուն տարուան աշխատանքի վաստակով հայ տիկինի մը ներկայութեան, երկու աղջիկներու մայր, որ կը վերադառնար գերմանական քաղաքէ մը: Նախկին մանկավարժ էր եւ ըստ սովորութեանս, հետաքրքրուեցայ իրմով: Զրուցեցինք: Խօսքի ընթացքին պարզեց իր եւ իր ընտանիքին կացութիւնը, որ ի հարկէ բացառիկ չէ: Բայց «կոնկրետ» է, զոր կարելի է բազմապատկել, երբ կը տեսնէք սփիւռքացող բիւրաւոր արտագաղթողները:

            Խօսակիցս կոչենք Ամալիա:

            Ամալիան պատմեց, որ իր երկու աղջիկները կ’ապրին Գերմանիա, երկու տարբեր քաղաքներու մէջ, մին ամուսնացած է գերմանացիի մը հետ, միւսը՝ չեխի մը, ուսումնական աղջիկներ էին, Հայաստան ասպարէզ եւ լաւ ապրելու հնար չկար իրենց ստացած կրթութեամբ: Իր բացատրութեամբ՝ «արժանավայել կեանքի»: Հոն անոնց զաւակները խաղալիքներով լեցուն սենեակ ունին, հետեւաբար անոնք ունին մանուկներուն համար յատուկ «արժանավայել կեանք», սպառողական ընկերութեան մէջ ապրող անհատի նպատակ:

            Ամալիան քննադատեց Հայաստանի մէջ տիրող ստեղծուած դրութիւնը, ուր իր մեծաւորը անգրագէտ անձ էր, բայց լաւ կ’ապրէր, «օլիկարխ» էր: Ինք ամսական 23.000 դրամ թոշակ պիտի ստանայ, հետեւաբար «արժանավայել կեանք» չի կրնար ունենալ եւ հաւանաբար ինք ալ պիտի մեկնի:

            Այս անհատական «լուծումներ»ը համազգային բնոյթ ունին, անոնց կը հանդիպինք Լոս Անճելըսի կամ Նիւ Եորքի մեծ վաճառատուներուն մէջ, որպէս աշխատող եւ որպէս յաճախորդ: Մարսիլիա եւ Ամսթերտամ: Ամէն տարիքի Ամալիաներ: Հայաստան ալ կը հանդիպիք ընտանիքներու, որոնց մէկ մասը արդէն «դուրսն է», մնացողներն «դուրս»ի մասին կը մտածեն:

            Առանց լաւատես կամ յոռետես ըլլալու, կրնանք ուղղել հարցումը. «Ինչպէ՞ս Հայաստան պիտի պահուի, եթէ արտագաղթի հոսքը շարունակուի, քանի որ հայրենատիրական գիտակցութիւնը փոխարինուած է «արժանավայել կեանք»ի հեռանկարով, զիջելով ազգային պատկանելիութեան բոլոր դիրքերը: Ճիշդ է, ապահովութիւն եւ «արժանավայել կեանք» արդար ցանկութիւններ են, ոչ ոք իրաւունք ունի անհատներու այդ ցանկութիւնները դատապարտելու: Բայց…

            Ո՞վ եւ որոնք այդ վիճակին հասցուցին Ամալիանները եւ անոնց դուստրերը:

            Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի ղեկավարութիւնները երէկ ի՞նչ այլընտրանք տուին եւ այսօր ի՞նչ այլընտրանք կու տան Ամալիաներուն:

            Ազգի նօսրացումով ստեղծուած-ստեղծուելիք վտանգաւոր կացութիւնը կը շարունակուի Հայաստանի մէջ՝ արտագաղթի պատճառով:

            Ազգի նօսրացումը կը շարունակուի սփիւռք(ներ)ի մէջ ընկերամշակութային յարաճուն տեղատուութեամբ եւ պատշաճեցումներով, հայերէնի կորուստով, խառն ամուսնութիւններով եւ տեղական կեանքին մէջ դիրք նուաճելու անհատական փառասիրութիւններ բաւարարելու ձգտումով, որոնց բոլորին հասարակ յայտարարը, իր բոլոր ձեւերով, «արժանավայել կեանք»ի սոսկ եսական ձեռքբերումն է:

            Առաջնորդող մտածում չկայ: Գաղափարները փոխարինուած են ընթացիկ հարցերու լուծումներով, որոնց անմիջական արտայայտութիւնը երկրաշարժի օրերուն սկսած եւ երբեմն հասցէ փոխած խիղճ հանդարտեցնող բարեսիրութիւնն է, որ նիւթական օժանդակութենէն աւելիին՝ ազգային յանձնառութեան՝ չառաջնորդեց: Եւ այդպէս ալ կը շարունակուի այս կամ այն նպատակով, անկասկած՝ միշտ օգտակար:

            Ամալեաները թերես չէին լքեր, թերեւս վաղը չեն լքեր Հայաստանը, եթէ խորհրդաժողովներէն եւ գիտաժողովներէն ծնունդ առնէ հայրենադարձութիւն-հայրենատիրութիւն ծրագիր մը, իրականցուելու կոչուած պայմաններու ստեղծումով: Եթէ հարիւրհազարաւոր «տուրիստ»ները մասնակից ըլլան տարին տասը հազար հայերու լաւ պայմաններու մէջ հայրենադարձութեան, որ զգացականութիւն չէ, այլ կազմակերպութիւն, կը ստեղծուի համազգային հայրենատիրութեան հոսանք, որ տարբեր է Երեւան գալէ, ժողովներու ներկայ ըլլլալէ, հոգեպարար բացման եւ փակման խօսքեր արտասանելէ, լսելէ եւ լուսանկարուելէ:

            Բարձրախօսները յոգնեցնելով բոլոր խելք բաժնողները, եթէ օրինակ հանդիսանային… Գային Հայաստան եւ մասնակից ըլլային հայրենիքի եւ ժողովուրդի տաքին ու պաղին, ոչ որպէս բարերար եւ հեռուէն դիտող արտագաղթը կը կանխուէր եւ խօսուած ճառերուն կարելի կ’ըլլար հաւատք ընծայել:

            Թէեւ հայրենի պետութիւնը ինք ըսելիք եւ ընելիք ունի, հրաժարելով մարդորսական ճապկումներէ, եւ պահանջէ որ սփիւռք(ներ)ը ինքզինք ներդնէ հայրենատիրութիւն-հայրենադարձութիւն ծրագրի իրականացման մէջ եւ ի վերջոյ սփիւռք(ներ)ը այս կամ այն բեմէն կատարուած խելքաբաշխութիւնները վերածէ ազգաշէն գործի, որ բարեսիրութենէ տարբեր որակ է:

            Ծրագիր՝ որ ոչ միայն համրանքի ներածում է, այլ հայրենի երկրի տարածքի բնակեցում՝ որակաւոր, եւ ինչպէս կ’ըսէ Ամալիան, կեանքի «արժանավայել» պայմաններու ստեղծումով, որ չըլլայ Երեւանակեդրոն, այլ այդ «արժանավայել»ը ըլլայ շնորհը Գիւմրիի, Վանաձորի, Իջեւանի, Սիսիանի Գորիսի, Ղափանի Մեղրիի, Եղէգնաձորի, Վարդենիսի…

            Միշտ պէտք է մտածել, որ միաքաղաք երկիրը ինքզինք կը դատապարտէ ամայացման, ուր օր մը կու գան եւ կը բնակին ուրիշներ: Այս մտածումը անմիջական բիզնեսէն եւ հայրենասիրական տուրիզմէն անդին քաղաքական հեռանկարային իմաստութիւն կը պահանջէ: Ղեկավարութեան իմաստութիւն՝ զոր պէտք է ներշնչել ազգի իւրաքանչիւր անդամին, ներսը եւ դուրսը:

            Փակագիծի մէջ հարցում մը. հոգեպարար եւ ամպագոռգոռ խորհրդաժողովներու համար Հայաստան հասնող ամառնային-արձակուրդային «տուրիստ»ները ինչո՞ւ չեն հաւաքուիր Ղափան կամ Եղէգնաձոր brain storming ընելու: Հայաստանի փրկութեան գործին մասին կարելի չէ՞ մտածել Գորիս կամ Իջեւան: Այդ օգտակար կ’ըլլայ, քանի որ ժողովականները իրողապէս կը հասկնան, որ Հայաստանը միայն Երեւան չէ, այդ քաղաքներն ալ կան իրենց բնակիչներով եւ Երեւանէն տարբեր իրենց պատկերով:

            Հայրենասէր «տուրիստ»ներուն համար ինչո՞ւ այդ քաղաքներուն մէջ ալ պի-տի չկառուցուին «Հիւսիսային պողոտայ»ի տուներ եւ ինչո՞ւ անոնք պիտի չպահան-ջեն Ղափանի «Հիւսիսային պողոտայ»ին վրայ տուն ունենալ:

            Բնակուած հայրենիքը այդպէս կը ստեղծուի:

            Շաու-showէն անդին պէտք է երթալ եւ մտածել հայրենիք ամբողջի մասին, որ առողջ կ’ըլլայ եթէ շնչէ, իր բոլոր քաղաքներով եւ գիւղերով, նոյնիսկ երբ այսօր հոն հինգ աստղանի հիւրանոցներ չկան եւ … ժագուզիով սենեակներ, մեծեր եւ յարգարժաններ ընդունելու համար: Եւ ինչո՞ւ չկան եւ պիտի չըլլան, ինչպէս անոնք կան Երեւանի մէջ:

            Մտածել ամբողջի մասին, որ երբ իրաւ է, կը յանգի հայրենատիրութեան, սեփական յանձնառութեան օրինակով, ոչ միայն երթեւեկելով եւ ցուցադրուելով:

            Վիգէն Խեչումեանի մարգարէական խօսքը յիշեցնել մեղանչում չէ, նոյնիսկ եթէ այդ խօսքը չէր վերաբերեր այսօրուան. Մի քաղաքով ի՞նչ երկիր… դու միաւորի՛ր ամբողջը:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles