
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Յունիս 11, 2016
Երգիծաբան, վիպագիր, գրող եւ խմբագիր Յակոբ Պարոնեան եթէ ողջ ըլլար, վստահաբար պտոյտ մը կատարած պիտի ըլլար ոչ թէ միայն Պոլսոյ թաղերուն մէջ…այլ նաեւ տեղւոյն թերթերու էջերէն ներս, ուր երկար «վա՜յ» մը աղերսած պիտի ըլլար եւ նկարագրած` այլ տիպարի ազգային ջոջ մը:
Ազգային ջոջ մը որ պատճառած է անհիմն եւ անհեթեթ քաղաքավարութեան վնասներ:
Բնականաբար նիւթը՝ Գերմանիոյ Պունտըսթակին Հայոց Ցեղասպանութեան ի նպաստ քուէարկութեան արդիւնք, Պոլսոյ Պատրիարքական Սուրբ Աթոռի տեղապահ Արք. Արամ Աթեշեանին՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի ուղղած նամակն է…թուղթէ նամակ եւ իր բովանդակութեամբ, շատ հեռու աւելի քան հարիւր տարի առաջ, նմանօրինակ այլ պայմաններու տակ Խրիմեան Հայրիկի յղած երկաթեայ եւ պողպատեայ նամակէն՝ «Երկաթէ Շերեփ»էն:
Արդէն իսկ շատեր կարդացին Առաջնորդին «Մեծ Դուռ» յղած նամակին բովանդակութիւնը եւ պարզապէս ենթագիտակցեցան թէ, ան պարզապէս նախագահ Էրտողանն ու իր ղեկավարած Սուլթանամէտ պետութիւնը պաշտպանած է, կատարելով վիթխարի «կաֆ» մը եւ յատկապէս ստեղծելով ահաւոր կացութիւն մը: Ան արեւմտեան աշխարհի անհատական մութ հաշիւներուն վերագրած է Պունտըսթակին ի նպաստ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը:
Հայկական կողմէն կամ ներքին հայկական ճակատէն աւելի պատմութիւնը լաւապէս ուսումնասիրած օտարն է – ներառեալ իրապաշտ, ողջմիտ կամ այլախոհ թուրքը – որ կը զարմանայ այս պատրիարքին յղած նամակին բովանդակութէնէն:
Հեռաւոր Լատին Ամերիկայի խորհրդարանի անդամներէն մինչեւ Գերմանիոյ Պունտըսթակի ներկայացուցիչներուն համար ո՛չ թէ միայն անհասկնալի, այլ խղճալի կը թուի այս նամակին բովանդակութիւնը, ուր կ՛աղաւաղուին ամբողջ տարիներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւններ եւ հաստատումներ:
Յատկապէս ծագումով թուրք խորհրդարանի անդամներուն համար, եւ մասնաւորաբար բանաձեւը մօտէն ուսումնասիրած եւ պատրաստած ծագումով թուրք «Կանաչներ»ու գործօն ղեկավար Ճէմ Էօզտեմիրի համար ցաւալի է Պոլսոյ Պատրիարքական տեղապահին գրածը: Հաւանաբար, Էօզտեմիր եւ անոր նմանօրինակ ղեկավարներ կամ պարզապէս արդարամիտ թուրքեր, մտերմիկ միջավայրի մէջ արտայայտուէին թէ, Հայ Դատը հակառակ ընթացքի մէջ է, եւ թէ այս անգամ թուրքն է որ կ՛ընդունի, փոխարէն հայն է որ կը մերժէ:..Ի վերջոյ հոս ալ Հիթլերի հարցադրումը անգամ մը եւս գործածել, թէ ո՞վ կը յիշէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Յատկապէս Գերմանիոյ քուէարկած բանաձեւին պարագային, պատահածը յատուկ անձնական եւ շրջանային հաշիւներու վերագրել եւ անտեղի եզրակացութիւններու յանգիլ, կարելի է նկատել դիւանագիտական բնագաւառէն հեռու մտածելակերպ եւ խակ մօտեցում:
Դժբախտաբար, այսպիսի անխոհեմ նամակներ ոչ թէ միայն խոտոր կը թուին, այլ նաեւ սադրիչ:
Հեռանալով քաղաքական բնագաւառէն եւ վերադառնալով սքեմաւորներու աշխարհ, հոս ալ երկարաշունչ «վա՜յ» մը կարելի է աղերսել ու բացագանչել, այդ ալ երբ յիշենք Փրանկիսկոս Ա. Պապին յանդգնութիւնը, որ դեռ տարի մը առաջ քաջութիւնը ունեցած էր աղօթելու Հայոց Ցեղասպանութեան ննջեցեալներու յիշատակին: …Եւ բաղդատել Պապին խիզախ կեցուացքը՝ Արամ Արք. Աթեշեանի մրոտած անարի տողերուն հետ:
Այսպէս մութ հաշիւներու ետին կը գտնուի այլ Մեծապատիւ Մուրացկան մը, որուն ընթացքը նոյնքան աղիտալի եւ վտանգաւոր է, որքան ամիսներ առաջ Տողու Փերինչէքի եւ իր նման ծայրայեղ ազգայնամոլներու կատարած հայատեաց գործունէութիւնը: