ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՏԱՄՔ

0 0
Read Time:4 Minute, 7 Second

Tsitsernakaberd_2Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

«Եթէ մանանեխի չափ հաւատք ունիս…»

Ցեղասպանութեան 100ամեակը մեր ետին թողած՝ երբ արդէն թեւակոխած ենք արդարատենջութեան մեր պայքարի 101րդ տարին, ժամանակն է, որ մեր Դատին կենսագործման նպատակով որդեգրենք ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՏԱՄՔ մը եւ զայն կրկնենք իւրաքանչիւր շնչառութեան հետ, մինչեւ որ անոր տարրերը դառնան մեր էութեան ու մտածողութեան անբաժանելի մասնիկները, մեր դիմաց բացուող նոր հորիզիններու ճամբուն կանգնին իբրեւ անսասան փարոս։
Առաջադրուած ՀԱՒԱՏԱՄՔը նման է մեր եկեղեցւոյ մէջ, Պատարագի պահուն արտասանուող Հաւատամքին, որ շաբաթէ շաբաթ կը վերյիշեցնէ քրիստոնէութեան հիմնական սկզբունքները, այն տարբերութեամբ, որ Ազգային Հաւատամքը միայն հոգեկան-կրօնական նկարագիր պիտի չունենայ, այլ պիտի ըլլայ շեշտակիօրէն աշխարհիկ, պիտի խտացնէ հայութեան ու Հայաստանի ազգային պահանջատիրութեան հիմնական սկզբունքները՝ համապարփակ առաջադրանքներուն ներ-ազգային եւ արտաքին-միջազգային բեմին աղերսակից երեսներով։
ՆԵՐ-ԱԶԳԱՅԻՆ կեանքին մէջ, նոր Հաւատամքը կարելի է կերտել հետեւեալ «յօդուածներ»ով.-
Կը հաւատանք, որ մեր Դատին հետապնդումը պիտի յանգի հողահաւաքի եւ հայահաւաքի։
Կը հաւատանք, որ մեր Դատին հետապնդումը հիմնականին մէջ պիտի կատարենք սեփական բազուկներով, առանց անտեսելու արտաքին գործօններու նպաստը։
Կը հաւատանք, որ մեր ճիգերը մեզ պիտի առաջնորդեն հայրենակերտումի, մայր հայրենիքի վիճակը պիտի բարելաւենք քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ առնչակից բոլոր ոլորտներուն մէջ, միաժամանակ բարւոքելով սփիւռքեան իրադրութիւնը։
Կը հաւատանք, որ հայ երիտասարդութիւնը պիտի ընդառաջէ հայրենակերտումի այս նախադրեալին եւ գործնապէս մասնակցութիւն պիտի բերէ բազմերես հարցերու լուծման։
Կը հաւատանք, որ սեփական արժէքներու ճանաչումը՝ ինքնաճանաչումը պիտի վերածուի մեր ինքնութեան ու ազգային արժէքներու պահպանման հիմունքի։
Կը հաւատանք, որ քայլ մը անդին պիտի անցնինք սեւակեան՝ «մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում» ճշմարտութենէն եւ պիտի ապրինք հպարտանքը՝ որ ունինք դարաւոր արժէքներ ու հարստութիւններ, որոնք երաշխիք են մենք մեզ ձերբազատելու այն թիւր մտածողութենէն, որ պէտք է ենթարկուինք «աւելի բարձր քաղաքակրթութիւն եւ հարուստ մշակոյթ ունեցող ազգերու-ժողովուրդներու» ազդեցութեան։Հետեւաբար՝ Կը հաւատանք, որ պիտի կարենանք թափանցել ազգերու եւ քաղաքակրթութեանց միջեւ ներդաշնակ գործակցութեան հասկացութեան էութեան։
Կը հաւատանք, որ աւելի վաղ՝ քան ուշ, մայր հայրենիքը պիտի վերածենք սեւեռակէտի. ա՛յն խարիսխին, ուր հայը, տարեց թէ երիտասարդ, կարենայ տեսնել անհատական ու հաւաքական ապագայ, ապրուստի, բարօր կեանքի ու բարգաւաճումի բոլոր հնարաւորութիւններով։
Կը հաւատանք, որ նախորդ կէտին պիտի հետեւի զանգուածային արտագաղթի ալիքներուն շրջումը, հայրենի հողին վրայ պիտի ստեղծուին աշխատանքի-ապրուստի բարենպաստ պայմաններ, սա մեկնակէտ պիտի ծառայէ հողահաւաքի։
Կը հաւատանք, որ հայրենի իշխանութիւնները հիմնական բարեփոխութիւններ յառաջ պիտի բերեն Հայաստանի մէջ, վերջ տալով փոքրամասնութեան մը ստեղծած մենաշնորհեալ վիճակին ու անոր «ձագուկներուն»։
ԱՐՏԱՔԻՆ-ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ գետիններու վրայ՝
Կը հաւատանք, որ մեր իրաւունքներուն յիշեցման ու հետապնդման համար, արդարատենջութեան աւելի գործնական քայլեր պիտի փոխարինեն ընդհանրապէս աղերսողի մեր վարքագիծը։
Կը հաւատանք, որ միջազգային բեմին վրայ մեզ շրջապատող կարգ մը վհատեցնող իրականութիւնները պատանդ պիտի չպահեն մեր ժողովուրդի զանգուածները, որպէսզի համաժողովրդային ուժերով նեցուկ կանգնինք Հայ Դատի գործիչներուն եւ արդար պահանջատիրութեան դրօշին տակ համախմբուող հայրենի կարողականութեանց։
Կը հաւատանք, որ Թուրքիոյ ու անոր նման անարդարութիւններ գործողներուն դէմ մենք առանձին չենք, ուրեմն, կը հաւատանք, որ կարելի է աւելի ազդու գործակցութիւն ստեղծել նոյն խրամատներուն մէջ գտնուող երկիրներու ու ժողովուրդներու հետ, առանց յարելու մէկուն կամ միւսին, այլ ստեղծելով արդիւնաւոր ներդաշնակութիւն։
Կը հաւատանք, որ մեր արդարատենջութեան թիրախները պիտի տարածուին նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներու ժողովուրդներո՛ւն վրայ, սահմանափակուած պիտի չմնան լոկ պետական իշխանութիւններուն ու միջազգային դատարաններու դուռները բախելու քայլերով։ Կը հաւատանք, որ մեր ու ճակատագրակիցներու իրաւունքները կարելի՛ է նոյն պաստառին ճամբով ծանօթացնել քաղաքակիրթ ժողովուրդներու, ցոյց տալով, որ իրենց իշխանութիւնները դադրած են իրենց հաւատացած՝ արդարութեան, ժողովրդավարութեան ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանը ըլլալէ, վերածուած են այդ արժէքները խեղդող-բռնադատողներու։ Կը հաւատանք, որ անցեալի «Փրօ-Արմենիա»ներու տարբերակներուն վերականգնումը պիտի լուսաբանէ արդարամիտ զանգուածները, հիմա՝ երբ հաղորդակցութեանց-քարոզչական աշխարհը կþընձեռէ աննախընթացօրէն նպաստաւոր կարելիութիւններ։
Կը հաւատանք, որ աշխարհը իրենց կամայականութեանց խաղալիք դարձուցած «մեծ ուժեր»ն ու զանոնք վարող անտեսանելիները չեն կրնար ընդմիշտ փակ պահել արդարութեան կողմնակիցներու աչքերն ու ականջները. այսօրուան անյաղթահարելին, վաղ թէ ուշ, պիտի վերածուի յաղթահարելիի։ Վկայ՝ անկում արձանագրած բոլոր կայսրութիւններու պատմութիւնը։ Կը հաւատանք, որ նման իրագործում երկնատուր խնձոր չէ, այլ կը կարօտի հսկայական ճիգի, ամէն բանէ առաջ՝ «մենք ի՞նչ կրնանք ընել որ..» մտածելակերպէն ձերբազատումի։
Կը հաւատանք, որ մեր երիտասարդութիւնը այսօր սկսող-շարունակուող աշխատանքի դաշտերուն մէջ յանձն պիտի առնէ «Առիւծի Բաժին»ը եւ մեր Դատը աւելի կշռութաւոր կերպով յառաջ պիտի տանի նոր աշխարհի «պարեղանակներուն» համապատասխանաբար։ Նախընթացներ արձանագրած ենք 50ամեակէն ասդին։
Կը հաւատանք, որ Հայաստանի վերակախացման 25ամեակը իսկական դարձակէտ մը պիտի արձանագրէ մեր ազգային ընդահնուր քաղաքականութեան ճամբուն, մեզ աւելի արագ քայլերով վերադարձնելով այն ուղիին, որ ոռոգուած է մեր ֆետայիներուն ու Արցախի պաշտպաններուն արիւնով, մեզ ազատագրելով պարտադրեալ փրոթոքոլներէ եւ անոնց տարբերակներէն։
Կը հաւատանք, որ մենք կարողութիւնն ու ուժականութիւնը ունինք դիմակազերծ ընելու մեր գլխաւոր թշնամին՝ Թուրքիոյ պետութիւնը՝ Ցեղասպանութիւնը ծրագրողներուն ու գործադրողներուն ուղղակի ժառանգորդը, որ այսօր Միջին Արեւելքի դրացի երկիրները անգամ մը եւս վերածած են ցեղասպանական «քաղաքականութեան» փորձադաշտի։ Կը հաւատանք, որ իրենց տմարդի վարմունքներով, Թուրքիոյ վարիչները գրեթէ ամէն օր հսկայական ատաղձ կը տրամադրեն այս աշխատանքին։
Կը հաւատանք, որ հայութեան բոլոր կարողականութիւնները եւ միջոցները, ներառեալ ուժական բազուկը կարելի է լծել մեր արդարատենջութեան սայլին։
Կը հաւատանք, որ մեր հայրենիքին ու պատմական հողատարածքներուն շրջակայ գօտիներուն մէջ վերջին տարիներու եռեւեփումները կարելի է վերածել դրական գործօններու՝ նահանջի մատնելու համար Թուրքիան, զայն զրկելով արտաքին ու ներքին յենարաններէ, մեր երեւակայածէն աւելի շուտ իրականացնելով Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդին արդար տարանջատումը,
որպէսզի՝
Ցեղասպանութեան 100րդ տարիէն ետք բացուող պայքարի մեր դարաշրջանը չտեւէ 100 տարի եւս, այլ հայահաւաքն ու հողահաւաքը իրականացած ըլլան անկէ առաջ։ Կը բաւէ, որ ազգովին իւրացնենք այս հաւատամքը եւ քայլ առ քայլ նոր «յօդուածներ» աւելցնենք անոր վրայ։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles