
Խմբագրական
“Հայրենիք“ի 115-ամեակի տօնակատարութիւններու ազդանշանը տրուեցաւ Ապրիլ 5, 2014-ին, Նիւ Ճըրզիի մէջ: Այո՛ անհաւատալի սխրանք…115-ամեակ: Եւ այս մէկը սեփականութիւն չէ: Այլ 1800-ականներու աւարտին, քանի մը “խենթ“ հայորդիներու մտայղացումը, որ այսօր քայլ պահելով համակարգչային, ելեկտրոնային, կայքէջային, զանազան տեսակի ցանցային եղափոխութիւններու հետ կը շարունակէ իր սուրբ աշխատանքը` ազգային ծառայութիւնը: Ցայսօր, աղմկարար չէ “Հայրենիք“ը:
Զուռնաներու, շեփորներու եւ ծնծղաներու խուլ ձայնով չէ ծնած “Հայրենիք“ը: Այլ, ընդհակառակը ծնած է լռութեան ու խոնարհութեան մէջ, ու այդպէս ալ կը գործէ: Հայոց Պատմութեան էջերուն մաս կը կազմէ հայ թերթը:
Դեռ աւելին, նոյնինքն Հայոց Պատմութիւնն է հայ թերթը, Սփիւռքի որ անկիւնն ալ որ լոյս տեսնէ, տեղւոյն գաղթօճախի եւ նաեւ անպայմանօրէն` մեսրոպաշունչ հայերէն լեզուով: Մանաւանդ որ, ազգին երկու երրորդ համեմատութիւնը եւ նոյնիսկ աւելին պահելու ծանր պարտականութիւնն ունինք: Տոկալ եւ շարունակ տոկալ, հայրենի լեզուով, հայրենի տառերով եւ հայրենի պատմութեան, գրականութեան, մշակոյթին եւ աւանդին հաւատարիմ մնալով: Եւ դեռ, այս բոլոր պարտականութիւններուն վրայ կ՛աւելնայ այլ պարտաւորութիւն մը` անլոյծ դատի մը հետապնդումը, որուն բնագաւառէն ներս, հայ մամուլը, իւրայատուկ եւ եզակի դեր մը ունի կատարելիք: Այլ Սփիւռքեան հրատարակութիւններու նման “Հայրենիք“ին ճիտին պարտքն է, ոտնակոխուած իրաւունքներն ու հայոց արդար դատի անցուդարձերն ու եղելութիւնները, նոր սերունդի սեփականութիւնը դարձնելն ու ամէնայն բծախնդրութեամբ տեղեակ պահելը:
Թերթը կը շարունակէ թեւակոխել նոր դարաշրջան եւ կը գտնուի, բոլորովին տարբեր կացութիւններու առջեւ: Կեանքի եւ ապրլաձեւի արագ փոփոխութիւնները, շրջանցած եւ երբեմն ալ արմատախիլ ըրած են կեանքի ուղղութիւնն ու օրէնքները: Նոյնիսկ անհեթեթ եւ ժամանակավրէպ կը թուին “Հայ թերթը, հայ տունէն ներս“ եւ նմանօրինակ այլ լոզունքներ: Փոխարէն, “Հայ ե-թերթը, հայորդիի բջիջայինի պաստառիկէ ներս“ լոզունքով մը հրահռել նոր սերունդը: Ձեւն ու ոճն են, որոնք փոփոխութիւն կրած են:
Մարտահրաւէրը կը մնայ նոյնը: Հուսկ, ներշնչուած Յակոբ Օշականի եւ Շահան Շահնուրի գիրքերէն, պէտք է պայքարիլ եւ շարունակ պայքարիլ “Մնացորդացին համար …նահանջը առանց թերթի“ կացութեան դէմ: Մինչ այդ աշխատանքը` ազգային ծառայութիւնը կը շարունակուի…նաեւ յառաջիկայ ամիսներու 115-ամեակի ձեռնարկներու գործընթացը: