
Յ.Պալեան
Սմփիւռք(ներ)ի մէջ, տարիներու թաւալման, հետ, քաղաքացիական մտածողութիւնը հետզհետէ աւելի կը զարգանայ, տեղացիական ըմբռնումներ, պատշաճեցումներ, փառասիրութիւններ եւ մասնակցութեան ցանկութիւններ բնական կը դառնան: Այս երեւոյթը նախկին եւ այժմ մերուած կամ նոր գաղթականներու քաղաքականացումն է: Այս ընթացքին մէջ հայ ազգային բովանդակութիւն պէտք չէ փնտռել, այլ տուեալ երկրի կեանքին մասնակցութիւն, բախտաւոր պարագային համայնքային շղարշով, որ միջոց է եւ ոչ նպատակ:
Ամերիկայի, Ֆրանսայի, Աւստրալիոյ, Արժանթինի կամ այլ երկրի մը քաղաքացի դարձած հայը, իր տեղացիի հանգամանքով, ցանկութիւն կ’ունենայ իր ապրած երկրի պետական կառոյցներուն մաս կազմելու: Անբնական չէ: Անոնց յաջողութիւնը կրնայ համայնքին, հայութեան ծանօթացման եւ մասամբ ալ Հայաստանի օգտակար ըլլալ, այնքանով որ այս կամ այն երկրի քաղաքական գործիչը, ղեկավարը, մտաւորականը օգտակար կրնան ըլլալ, եթէ ուզեն:
Հայութեան պարագային քաղաքականացման գաղափարը յստակացման պէտք ունի: Իտալական քաղաքի մը քաղաքապետ ըլլալ, Անգլիոյ կամ Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ, կամ Ամերիկայի ծերակոյտին, Արժանթինի մէջ նախարար, ըստ էութեան դրական են՝ որպէս քաղաքացիական ծառայութեան արտայայտութեան: Այս քաղաքացիական պատասխանատուութիւն է, երբ կ’ընտրուի այս կամ այն կուսակցութեան անդամութեան ճամբով ծառայելու յանձնառութիւն, այդ կ’ըլլայ բնական տեղական քաղաքականացում:
Այդ քաղաքականացման ոչ մեկնակէտը ոչ ալ թիրախը հայ ազգային են, չեն կրնար ըլլալ, պէտք չէ ըլլան: Հակառակը անընդունելի պիտի ըլլար: Տուեալ երկրին եւ համակարգին մէջ ծառայելու համար ընտրուած անձին գործունէութեան դաշտը սահմանագծուած է: Ֆրանսայի երեսփոխանը Արժանթինի հարցերը չունի որպէս օրակարգ:
Հայ(ածնունդ) անհատի յաջողութիւնը մեզի կրնայ հաճոյք պատճառել, բայց չափանիշ չէ հայկական իրաւութեամբ քաղաքականացման:
Որքան որ կան տեղական քաղաքացիութիւններ, այդքան ալ կրնան ըլլալ տեղական տարբեր քաղաքականցումներ:
Այս ճշդումներէն ետք, կրնա՞նք խօսիլ հայ ազգային իրաւութեամբ քաղաքականացման մասին:
Քաղաքականացումը կը մշակուի ազգային ենթահողի վրայ եւ կ’իմաստաւորուի յանձնառութեամբ: Քաղաքացիի քաղաքականացումը չի շփոթուիր հայ ազգային իրաւութեամբ քաղաքականացման հետ, նոյնիսկ երբ հակասական չեն:
Հետեւաբար, հայը, հայկական կազմակերպութիւնները, կուսակցութիւնները, պետութիւնը, պէտք է խօսին հայ ազգային իրաւութեամբ քաղաքականացման մասին, մեկնելով պարզ հարցումէ մը. Ինչո՞ւ քաղաքականացնել, ո՞ր յանձնառութեամբ եւ ո՞ւր հասնելու համար, որպէսզի քաղաքականացածը գիտնայ եւ անոնք որոնք պիտի գան, գիտնան թէ ինչո՞ւ պիտի գան:
Քաղաքականացումը պէտք չէ շփոթել պաշտօններու տիրացման ցանկութիւններ բաւարարելու սովորական միտումներու հետ:
Քաղաքականացումը աշխարհը տեսնելու կերպ է, ընկերութիւնը կազմակերպելու ծրագիր, իրաւունքի եւ արդարութեան հետամուտ: Մեր ժողովուրդի պարագային, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), այս ըմբռնումով եթէ մօտենանք հարցին, թերեւս գաղթականի շարունակուող հոգեբանական բարդոյթէն կ’ազատագրուին տարտղնուած հաւաքականութիւնները, մեր զանազանութիւնները կը վերածուին ապագայատես ազգային մէկութեան:
Ի՞նչ պէտք է ըլլայ, եւ ինչպէ՞ս, հայ ազգային իրաւութեամբ քաղաքականացումը: Հայապահպանումը, հայրենասիրութիւնը, բարեսիրութիւնը, քարոզչութիւնը եւ հայութիւնը ծանօթացնելու աշխատանքները մասնակի երեւոյթներ են, քաջութիւն պէտք է ունենալ նաեւ ըսելու՝ անվաղորդայն, իրենց հեռանկարին մէջ չունին, չեն կրնար ունեալ 2100ի կամ 2200ի ազգը եւ հայրենիքը: Հայ ազգային իրաւութեամբ քաղաքականացումը տեղական-տեղայնական, անմիջական մանրուքներու տուրք չի տար, կրնայ ըլլալ եւ յաջողիլ միայն երբ հեռանկար ունի, երբ գիտէ թէ ո՛ւր կ’երթայ, ազգի քաղաքականացած անդամը պիտի գիտնայ, թէ ո՞ւր կ’երթայ եւ ինչո՞ւ, եւ տրուած պատասխաններու լոյսին տակ, հաւաքականութիւն եւ անհատ յանձնառութիւն պիտի ընդունին, կամ պիտի չընդունին:
Հարցումներ:
Ինչո՞ւ սփիւռք(ներ)ի մէջ հայերէն պիտի սորվեցնենք: Ինչո՞ւ դպրոցներ պիտի պահենք: Անոնք իմաստէ կը պարպուին, եթէ դադրինք հաւատալէ եւ ըստ այնմ գործելէ որ պիտի ըլլայ միացում եւ վերադարձ, հասկնալով որ սփիւռք(ներ)ը ժամանակաւոր է միայն եւ ազգի այլասերման աւազան: Մեր կրթական, միութենական եւ այլ նախաձեռնութիւնները որպէս առաջնորդող միտք պէտք է ունենան, որ պիտի պահենք եւ դիմանանք միացման եւ վերադարձի համար: Այս ազգի իրաւ քաղաքականացում է:
Հայրենիքը ինչպէ՞ս կը պահուի առանց ազգի: Առանց հայ ինքնուրոյն ժողովուրդի, Հայաստանը հողամաս է, տարածք, որուն տէր կ’ըլլայ անոր տիրութիւն ընողը, անոր տիրութեան համար յանձնառու եղող ժողովուրդը: Շաբաթավերջի յուշ-յիշատակի խրախճանք է հայրենասիրութիւնը, որ յաճախ կը ճապաղի հայրենակցականի եւ կողմնապաշտականի մէջ, եթէ բացակայի հայրենատիրութիւնը, զոր կարելի չէ փոխարինել խօսքի աճպարարութիւններով, նոյնիսկ մեծ գումարներու յատկացում-նուիրատուութիւններով, կամ հազարաւոր մղոններ հեռու նստած լսելով բարձրախօսներէ տարածուող զգացականութիւններ շոյող աղմկարարութիւնը:
Հայրենիքը վերացական տուեալ մը չէ, ոչ ալ ծննդավայր, այլ ինքնութիւն կերտած աշխարհ մը, ուր պատմութիւն, մշակոյթ, աւանդութիւններ, յիշողութիւններ կը նոյնանան, այդ բոլորը պատկերաւոր ձեւով կը կոչենք արմատներ: Սփիւռք(ներ)ը անհատներուն եւ հաւաքականութիւններուն համար անարմատ կացութիւն է, եւ բոլոր նախաձեռնութիւնները կը նմանին ջերմանոցի մէջ տունկ կամ բուսականութիւն աճեցնելու: Շատ կը խօսինք եւ կը գրենք լեզուով եւ մշակոյթով տոկալու եւ տեւելու մասին, բայց այդ եւս միայն ժամանակաւոր կրնայ ըլլալ: Հետեւաբար, սփիւռք(ներ)ի իրաւ քաղաքականացումը կը կայանայ վերադարձի փիլիսոփայութեան մէջ:
Այս ըմբռնումով ալ, մեր դպրոցներուն, եկեղեցիներուն, միութիւններուն, ակումբներուն մէջ պէտք է տարածել հայրենադարձութեան գաղափարը: Պարզ պէտք է ըսել, որ հայերէն կը սորվեցնենք, հայ դպրոց կը հիմնենք, եկեղեցի կը շինենք եւ եկեղեցի կ’երթանք պատրաստուելու համար վերադարձի: Այս պէտք է ըլլայ հայ ազգային իրաւութեամբ քաղաքականացման առանցքային միտքը, որ այսօր չէ, մարդորսական, դիրքապաշտական եւ քաղենիական-եսասիրական պատճառներով:
Այս մտածումները չեն վերաբերիր միայն սփիւռք(ներ)ի, այլ նաեւ Հայաստանի: Հայ ազգային իրաւութեամբ քաղաքականացման գաղափարը արմատաւորման կարիք ունի Հայաստանի ժողովուրդին համար, որուն հիւանդագին բացակայութեան մասին կը վկայէ զանգուածային արտագաղթը, նոյնիսկ եթէ պատճառները հասկնալի կը թուին, բայց արդարանալի չեն, քանի հայրենատիրութեան հակառակին փաստը կը բերեն: Ճիշդ է, որ Հայաստանի սահմանները նեղ էին բաղդատած Մեծ Հայրենիքին,, որուն քաղաքացիներն էին նաեւ հայերը, ինչ որ կը բացատրէ Հայաստանէն դուրս ապրելու պայմաններ փնտռելու ցանկութիւնը: Մտայնութիւն՝ որ կը տեւէ, մարդիկ դրացի կամ հեռուի երկիրը կ’երթան ընկալեալ սովորութեամբ:
Հայ ազգային իրաւութեամբ քաղաքականացման աշխատանքը պետութեան պարտականութիւնն է, ինչպէս նաեւ ամէն բնոյթի ղեկավարութիւններուն, մտաւորականութեան, գրողներու, արուեստագէտներու:
Մեծ եւ իմաստասիրական տեսութիւններ ջատագովելէ առաջ, կարիք ունինք ազգային խորքով քաղաքականացման, որ ոչ յուզում է եւ ոչ երազ, այլ մէկութիւն եւ միացում, հայրենիքի եւ հայրենատէր ժողովուրդի, հաւաքական յանձնառութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ:
Եթէ այս քաղաքականացումը այսօր չիրականանայ, ո՞վ լաւատեսութեամբ կրնայ երեւակայել, թէ ինչպէս պիտի հասնինք 2100, 2200: Պատմութեան հայեցակէտէն այդքան ալ հեռու չեն այդ տարիները…
Ազգերը տեւելու համար չեն ղեկավարուիր վարչական կարգադրութիւններով, այլ՝ հեռանկարներով… ոչ էսթէպլիշմընթներու փառասիրութիւններով եւ ոչ ալ կրպակի պատերէն անդին չտեսնող զանազան բնոյթի էսթէպլիշմընթային հաշուապահութիւններով: