ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԱՆԴԱՄ ԼԵՌՆԻԿ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՔԵՓԻԹԸԼ ՀԻԼ

0 0
Read Time:1 Minute, 18 Second
Ձախէն աջ՝ Րաֆֆի Քարաքաշեան, Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Աննա Իշու եւ Արամ Սահակեան
Ձախէն աջ՝ Րաֆֆի Քարաքաշեան, Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Աննա Իշու եւ Արմէն Սահակեան

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Յունիս 7-ին, Ամերիկահայ Մշակութային Ընկերակցութեան «Արցախ Ֆոնտ»ի եւ «Հայրենիք»ի հրաւէրով, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջան այցելող՝ Լեռնիկ Յովհաննիսեան (Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ), այցելեց Քեփիթըլ Հիլ, եւ տեսակցեցաւ քանի մը քոնկրէսականներու եւ ծերակուտականներու հետ, ընկերակցութեամբ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի ներկայացուցիչ՝ Րաֆֆի Քարաքաշեանի եւ Արեւելեան Շրջանի Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ՝ Արմէն Սահակեանի:
P1130602P1130581P1130529

 

 

 

 


Ան յաջորդաբար տեսակցեցաւ Տէյվիտ Սիսիլինի (Դեմոկրատական – Րոտ Այլընտ), Աննա Իշուի ((Դեմոկրատական – Գալիֆորնիա), եւ Ռապըրթ Տոլտի (Հանրապետական – Իլինոյ) հետ, եւ արծարծեց Արցախի հիմնահարցին գծով վերջին ամիսներու իրադարձութիւնները, շեշտելով թէ ամէն ճիգ պէտք է որ թափուի Ատրպէյճանի բանակին զինուորական օժանդակութիւնը դադրեցնելու:
Նաեւ, Յովհաննիսեան շեշտեց թէ հայ-ատրպէյճանական սահմանի շփման գիծին վրայ զինադադարի պահպանման մասին, քոնկրէսականներ՝ Էտ Ռոյսի եւ Էլիըթ Էնկըլի հետեւողական հսկումի առաջարկները պէտք է որ կիրարկուին: Նշենք թէ, անցեալ տարեվերջին Էտ Ռոյս կոչ ըրած էր, որ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի սաստկացող յարձակումներուն գծով լսումներ կազմակերպուին ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքի հետ։ Ռոյսի եւ Էնկըլի կողմէ Ուորլիքին եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հասցէագրուած առաջարկներուն զօրակցած են աւելի քան 90 քոնկրէսականներ։
Առաջարկներն են՝ արձակազէններու հեռացումը շփման գիծէն, յարձակումներու պատասխանատուն բացայայտելու նպաստող սարքերու տեղադրում եւ ԵԱՀԿի յաւելեալ դէտերու հաստատում։ Հայաստան եւ Արցախ արդէն իսկ համաձայնութիւն յայտնած են այս պայմաններուն, սակայն Ատրպէյճան տակաւին կ՛ընդդիմանայ անոնց։
Յովհաննիսեան նաեւ տեսակցութիւններ ունեցաւ ծերակուտական Մարք Քըրքի (Հանրապետական – Իլինոյ), Ֆրանք Փըլոնի (Դեմոկրատական – Նիւ Ճըրզի), Ճէքի Սփայըրի (Դեմոկրատական – Գալիֆորնիա), Քրիս Սմիթի (Հանրապետական – Նիւ Ճըրզի), Ատամ Շիֆի (Դեմոկրատական – Գալիֆորնիա), եւ Պրէտ Շըրմընի (Դեմոկրատական – Գալիֆորնիա) հետ գործող պատասխանատուներու հետ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles