ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ  ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

0 0
Read Time:28 Second

Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը կը շարունակէ կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներուն նուիրուած առցանց ծրագիրը։ Երկուշաբթի, 7 Մարտի երեկոյեան տեղի ունեցաւ վեցերորդ դասը, որուն մասնակցեցան 18 ուսուցիչներ եւ տնօրէններ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Աղօթքով բացումը կատարեց առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան։

Տիկ. Նուէր Օրանճեան – Պապաճանեան իր դասախօսութիւններու շարքին երրորդը ներկայացուց՝ մանկավարժական հմտութեան տարբեր ձեւերու զարգացման մասին։ Դասախօսութենէն ետք, տեղի ունեցաւ քննարկում եւ հարցումներու բաժին։

Երկուշաբթի, 4 Ապրիլին, Արժպ. Տ. Ստեփան Պալճեան՝ հոգեւոր հովիւ Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսէց) Սուրբ Գրիգոր եկեղեցւոյ պիտի խօսի Հայ Եկեղեցւոյ տօներուն մասին։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles