Թութակաբանութիւն չէ. . . հաւանաբար տեղին կատարուելիք մատնանշում մըն է, շարունակ կրկնելը` թէ մամուլը հանրային կեանքի հսկայ ու վիթխարի ուժերէն մէկն է եւ այդ իսկ պատճառով, տեղին է շեշտել թէ անկախ մամուլը արտայայտման հզօրագոյն միջոց է:
Ի զուր չէ որ, հարիւրամեակներ առաջ, երբ դիմատետր (facebook), դայլայլիչ (twitter) կամ համացանց գոյութիւն չունէր եւ տարրական միջոցներով եւ հետեւաբար յապաղումով լոյս կ՛ընծայուէին թերթեր, Ֆրանսայի պատմութեան հերոսներէն` Մեծն Նափոլէոն Պոնափարթ յայտարարած էր.- ‘‘Ես աւելի կը վախնամ խմբագիրի գրիչէն, քան թշնամիի հզօր բանակէն’‘:
Ազգային իմաստով, Հայ մամուլն ու թերթը անբաժանելի ընկերն են Հայ Տան: Սկսելով մայրաքաղաք Երեւանէն մինչեւ հեռաւոր զանազան գաղթօճախներ:
Տնտեսական դաժան պայմաններ պատճառ դարձած են որ բազմաթիւ թերթեր հասնին սնանկութեան սեմին, ըլլան անոնք իսկական տպագրութիւններ, թէ կայքէջային…տեսանելի եւ ո՛չ շօշափելի գրութիւններ: Այսպէս, բոլորովին տարբեր է տպագիր եւ կայքէջային-ելեկտրոնային մամուլին բովանդակութիւնը: Առաջինը կը ցուցաբերէ յաւելեալ պատասխանատուութիւն, մինչ երկրորդը` կը գործէ ամենայն սանձարձակութեամբ եւ թափթփածութեամբ:
Միեւնոյն անմխիթար պարագան կարելի է նկատել, հայրենիքէն դուրս, Սփիւռքի զանազան գաղթօճախներէն ներս:
Այո՛ . . . Դժուար է երեւակայել սփիւռքահայութիւնը առանց թերթի…եւ մանաւանդ առանց ուղղեցոյցի
, որակաւոր քննարկումներու, շինիչ քննադատութիւններու եւ բանավէճերու:
Մամուլը կենդանի վկան է հայորդիի կոգեմատաւոր խիզախման եւ արտացոլացումը` համայնքներու միօրեայ կեանքին: Ան այդ ոսկեզոծ շղթան է, որ կ՛ամրացնէ համագաղութային նպատակներն ու գործունէութեան դաշտը:
Ասոր կողքին, նոյնքան կարեւոր ու առաջնահերթ է ընդհանուր առմամբ Մամուլ բնագաւառի անմիջական միջավայրը: Այսպէս, լրագրողներու իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակներու եւ կազմակերպութիւններու… գործունէութիւնը անպայման պէտք է նկատի ունենալ եւ առ որ անկէ դիտարկել, քննել ու քննադատել:
Հուսկ, Ազատ եւ ո՛չ ամուլ . . .մամուլ:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Մայիս 4, 2011