
Աւելի քան 20 տարիէ ի վեր, ազգային տօներու մեր օրացոյցին վրայ ունինք 21 Սեպտեմբերը, իբրեւ հայրենի հողերու վրայ անկախ պետականութեան վերահաստատման տօն:
21 Սեպտեմբերը սոսկ հայկական գերիշխան պետութեան վերահաստատման տօն չէ, այլ անիկա կը մարմնաւորէ բազմաթիւ խորհուրդներ, խորհրդանիշ է շարք մը արժէքներու վերականգնումին: 21 Սեպտեմբերի հռչակագիրով, Հայաստանն ու մեր ժողովուրդը իրենց անունը վերահաստատեցին աշխարհի անկախ երկիրներու շարքին, հայրենի հողին վրայ վերահաստատուեցաւ ազգային դրօշը, անդրանիկ հանրապետութեան զինանշանին վերականգնումով` մեր քաղաքական ուղեգիծը հաւատարմութիւն յայտարարեց 1918ով ճամբայ ելած երթին, ազգային բանակի կազմաւորումով, սեփական դրամանիշի որդեգրումով ու դեռ, անկախ երկրի մը յատկանիշները փաստագրող բազում քայլերով, Հայաստան ու հայութիւնը աշխարհին կը ներկայանան իբրեւ Սարդարապատով փրկուած շօշափելի հայրենիքին ժառանգորդը, որուն համար տեսլական կը մնայ նոյն այդ հանրապետութեան կողմէ ժառանգ թողուած ու քաղաքական տեսլականի վերածուած Սեւրը:
Տակաւին, 21 Սեպտեմբերի քաղաքական իմաստէն ու անով վերածնած առաքելութիւններէն կարելի չէ անջատ դիտել Արցախեան Պայքարն ու անով ձեռք բերուած իրագործումները: Թէեւ այդ օրերուն ալ մեր քաղաքական վերնախաւի կարգ մը ոլորտներուն մէջ կը տատանէր այն “գաղափարը“, թէ Արցախի մէջ զիջումներ կատարելով` պէտք է փրկել Հայաստանի տարածքը, այդ մտածողութիւնը “կը ծախուէր“ հայկական ներքին շուկային վրայ, սակայն այսօր, շուրջ 20 տարիներու հեռաւորութենէն, կարելի է յստակօրէն տեսնել ու գնահատել արցախեան զարգացումներուն ու նուաճումներուն արժէքը, իմաստը` 21 Սեպտեմբերի պատմական թուականին մէջ:
Բնական է, որ մեր հայրենիքը, հայրենի ու աշխարհացրիւ ժողովուրդը հպարտութեամբ կը տօնակատարեն 21 Սեպտեմբերը, ինչպէս որ բարձրաճակատ կը յիշատակենք Մայիսեան Անկախութիւնն ու անոր ծնունդ տուած Սարդարապատը, նմանօրինակ հպարտութեամբ կը լեցուին մեր հոգիները, յիշելով Սարդարապատը կանխող հերոսամարտերը, ապա նաեւ անոնց արձագանգած Արցախեան Յաղթանակը:
Մեր նորագոյն պատմութեան մէջ հսկայական զոհաբերութեամբ ու արիւնով ձեռք բերուած այս նուաճումները իրարմէ անջատ իրականութիւններ չեն մեր պատմութեան մէջ, այլ աղերս ունին բոլոր այն յաղթական կամ ոչ յաղթական ճակատումներուն հետ, որոնք երաշխաւորած են հայութեան գոյատեւումը` իբրեւ ինքնուրոյն ազգ, իբրեւ գերիշխան կամ նուաճուած Հայաստան: Մեզի` հայերուս համար առաջնահերթ կարեւորութիւն ունի ա՛յս գիծը, եւ ոչ թէ այն ներշնչումներն ու մեկնաբանութիւնները, բացայայտ կամ քողարկուած սպառնալիքները, որոնք մերթ ընդ մերթ կ՛արձակուին մեր թշնամիներէն կամ անոնց հետ շահակցական կապեր ունեցողներէն, որոնք, յամենայնդէպս արհամարհելի չեն, մեզի կը թելադրեն զգօնութիւն եւ ձեռք բերուած նուաճումները պահպանելու կամք:
***
Այս օրերուն, երբ 22-րդ անգամ ըլլալով կը տօնակատարենք անկախ պետականութեան ու անկախ հայրենիքին վերանուաճումը, կրկնենք, առանց մոռնալու անոր զուգորդուած Արցախեան յաղթական Հերոսամարտը, հպարտութեան ու ցնծութեան մեր զգացումները դժբախտաբար անխառն չեն:
Անխառն չեն, ոչ թէ անոր համար, որ աշխարհի այսօրուան իրավիճակն ու միջ-պետական յարաբերութիւնները անախորժ կացութիւններ կը պարտադրեն նաե՛ւ մեր հայրենիքին, անոնց հետքերը կը կրենք ազգովին, Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին, մասնաւորաբար Սուրիոյ վիճակուած ահաւոր տագնապին հետեւանքով, այլ նաեւ, եւ կրկնակիօրէն դժբախտաբար` հայկական ձեռքերու իսկ կողմէ կիրարկուող վնասակար զարգացումներու պատճառով:
Հաւանաբար նման զարգացումներու յիշատակում կրնայ անպատեհ նկատուիլ տօնական այս առիթով, սակայն տօն հասկացութիւնը, ինքնին, կը թելադրէ ցնծութիւն, գերակշռող հպարտութիւն եւ նման բարի ու ազնիւ զգացումներ, հոգեկան խայտանք: Անկախ հայրենիքի վերանուաճման տեսլականով տասնամեակներ կտրած հայութիւնը եթէ փորձէ այսօր նժարի մէջ դնել հայկական իրականութեան բեմին վրայ ուրախալի եւ բացասական պատկերները, ոչ ոք պիտի կասկածի, թէ նժարին ո՛ր ափը ծանր կը կշռէ…
Ճիշդ է, որ Հայաստանի մէջ ֆիզիքական բարեշրջումի իրականութիւններ կան. Երեւանի կեդրոնական շրջանն ու կարգ մը այլ գօտիներ վերջին տարիներուն սկսած են հետեւիլ արդի շինարարութեան քայլերուն, սակայն ի գին հայադրոշմ Երեւանի դիմագիծին աղճատման: “Շուկայի տրամաբանութիւնը“ քմահաճ բարգաւաճումի մը պատկերը տարածած է Երեւանի կեդրոնական հրապարակներէն մինչեւ Օփերայի շրջափակն ու Մատենադարանի ետին կանգնող Մայր Հայաստան կոթողը, իսկ “Զուարթնոց“ օդակայանը հասնող արտերկրացին, դէպի Երեւան ճամբուն վրայ, Եռաբլուրէն ու Մուսա Լերան Հերոսամարտի կոթողներէն առաջ, կը դիմաւորուի պերճաշուք… քազինոներու գօտիով, աշխարհին ցոյց տալու համար, թէ Հայաստան ո՛րքան մօտէն քայլ կը պահէ աշխարհը “արդի“ որակող խորհրդանիշներուն հետ, թէ` կարելի է Երեւանի մէջ ապրիլ լաս-վեկասեան ու նման անուններ կրող աւաններու մթնոլորտին մէջ:
Եթէ այս պատկերը “արտաքին երեւոյթ“ի վերագրենք եւ մտածենք, որ սա նաեւ դրական վիճակի մը արտայայտութիւնն է (դրական` որո՞ւն դիտանկիւնէն), անդին, կան ազգայի ողբերգութեան տարբերակները, իրենց բազմաթիւ արարներով ու դերակատարներով: Թւումի կարգով անդրադառնանք մէկ քանիին:
Անկախացումէն ասդին, Հայաստան, հետեւաբար նաեւ աչքերը անոր յառող մեր ժողովուրդը կ՛ապրին մշակութային անկում: Հոս ալ նժարին ծանր ափն է մտահոգութիւն պատճառողը: Գիրի, երգի-երաժշտութեան ու արուեստի այլ կալուածներու մէջ, եթէ կան դրական բաժիններ, անոնք առաւելաբար կ՛իյնան հինին կրկնութեան, վերանորոգման ու արդիականացման ոլորտին մէջ, սակաւ են իսկական ստեղծագործութիւնները, որոնք պիտի դառնային հայելին մեր քսանամեայ նուաճումներուն: Մշակոյթի “ներածում“ը դարձած է տիրապետող, անկախ անկէ, թէ “ներածուած“ը ի՞նչ որակ ունի:
Մամուլը եւս առաւելաբար կը մնայ անդունդի մը յատակը, խաղալիքն է քաղաքական բեմի վերիվայրումներուն, ընդհանրապէս հրաժարած է արդար մօտեցումի, ճշմարիտ վերլուծումներու եւ, մանաւանդ, առաջնորդողի իր դերակատարութենէն: Իշխանութեան եւ ընդդիմադիրներու սիւնակներուն մէջ տեղադրուած մամուլը, նաեւ մտաւորականներու մեծ մասը, դարձած են յիշեալ ճակատներուն համակիրները, փողոցի ու առօրեայի մակարդակէն անդին շատ բան չտեսնողի վիճակին մատնուելով: Անձերը գերակշիռ տեղ ունին ամէն տեղ, մինչդեռ ուշադրութեան կիզակէտները պէտք է ըլլան հարցերը…: Չենք անտեսեր անձերու բանալի դերակատարութիւնը, սակայն հարցերը միայն անոնց մէջ տեսնելն ու անոնցմով պայմանաւորելը միայն կէս լուծումի հետամտութիւն է:
Իսկ եթէ պահ մը կանգ առնենք ամէնէն լայն զանգուածները ներգրաւող` պատկերասփիւռի ու շարժապատկերի կալուածին առջեւ, նշուլող աստղերու փայլքէն անդին, խաւարն ու անմակարդակութիւնը դարձած են տիրապետող, մինչեւ անգամ չափանիշներ ստեղծած են, ամբողջ զանգուածներ քաշելով իրենց ետեւէն: Խորհրդային տարիներուն իսկ, հայ արուեստագէտը կը յաջողէր շրջանցել “վերին“ պարտադրանքներն ու սահմանափակումները, գոհարներ կը հրամցնէր ժողովուրդին, կաթիլներ կը հոսեցնէր մեր մշակոյթի զարգացման գետին մէջ: Այսօր, ազատութեան եւ անկախութեան պայմաններուն մէջ, հոս եւս որակը Դիոգինէսեան Լապտերով փնտռուող` անգոյ էութիւն դարձած է, հեռու` լիցքաւորողի, սեփական արժէքներ ու արժանիքներ լուսարձակի տակ բերողի եւ լայն իմաստով դաստիարակողի, ինքնաճանաչումի տանողի իր առաքելութենէն: Ազատութիւն հասկացութիւնը այս ու արուեստի զուգահեռ կալուածներուն մէջ ահաւոր տուրք կու տան շուկայականութեան, մինչդեռ “արուեստը արուեստի համար“ ըմբռնումէն անդին, կայ նաեւ արուեստը զանգուածներու կեանքէն չանջատելու հարկադրանքը:
Քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային ոլորտներու մէջ, ականատես ենք ողբեգութեան ամէնէն ծանրակշիռ երեսին: Անկախութեան վերահաստատումէն աւելի քան 20 տարի ետք, (եւ թող ոչ ոք փորձէ ինքնաչքմեղանքի դիմել, ըսելով, որ 20 տարին երկրի մը ու ժողովուրդի մը պատմութեան մէջ ոչինչ է, սերնդափոխութիւն պէտք է եւայլն), հայրենիքին ու ազգային լինելութեան նկատմամբ գիտակցութիւնն ու յանձնառութեան վերականգնումը թողուած են առանց հոգածութեան:
Աղաղակող է, որ տնտեսական-ընկերային բեմերուն վրայ արձանագրուող տեղատուութիւնը գլխաւոր աղբիւրն է այս վիճակին. ապրուստի դժուարին կացութեան մատնուած գիւղացիներ որոշ ժամանակ քաղաք խուժեցին, գիւղը պարպուեցաւ ու տուժեց երկիրը, իսկ հիմա, արդէն տարրական օրապահիկի կարօտով, քիչ մըն ալ այլ երկիրներէ հասնող` բարօրութեան բոյրերով տարուած, հայրենի ժողովուրդը զանգուածաբար կը լքէ Հայաստանը, բնակչութեան թիւի նահանջը հասցնելով ահազանգային տարողութեան: Այս ողբերգութեան համար ալ իշխանութեան ու ընդդիմադիրներու միջեւ ամբաստանութիւններու փոխանակումն է գերակշռողը, սակաւ ու անբաւարար են դարմանումի իսկական միջոցառումները: Հայրենի հողին կառչածութեան զգացումը, ապրումն ու յանձնառութիւնը հսկայական նահանջ ապրած են (բարեբախտաբար նոյնը չէ Արցախի պարագային), դէպի Ռուսիոյ, Կեդրոնական Ասիոյ կամ արեւմտեան աշխարհի խոստմնալից աշխատատեղիները գացողներէն շատեր կը մեկնին “նաւերը այրելու“ տրամաբանութեամբ: Մինչդեռ, վերանկախացած Հայաստանը, փոխանական քանի մը տասնեակ ընտանիքներու շահարկման դաշտը ըլլալու, պէտք է վերածուէր իր հողերուն վրայ ապրող ամբողջ ժողովուրդին ապրելու վայրը, պէտք էր ներգրաւէր աշխարահացրիւ հայութիւնն ու ողջ հայութեան կարողականութիւնները: Եթէ Բ. Աշխարհամարտէն ետք, ներգաղթի ալիքները նաեւ հայրենիքի ֆիզիքական պահպանման նպատակն ալ կը հետապնդէին, սակայն զոհ գացին ստալինեան խորհրդայիններուն շահատակութիւններուն, աւելի ուշ քաջալերելով արտագաղթի թաքուն ու բացայայտ հոսանքներ, այսօր, անկախ Հայաստանի ապրուստի պայմանները դարձած են հայելին անհաւասարութեան այն պատկերին, որ այլապէս տագնապի կը մատնէ բարգաւաճ երկիրները: “Մէկ առ հարիւրը ընդդէմ 99 առ հարիւրին“ վիճակը եթէ անընդունելի է որեւէ տեղ, աններելի ու անարդարանալի է մանաւանդ մեր հայրենքին մէջ, որովհետեւ մենք ունինք ԼԻՆԵԼՈՒԹԵԱՆ հարց, մեր գոյութիւնն ու գոյատեւումը, իբրեւ հայրենիք եւ ազգ, կը գտնուին վտանգաւոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման:
Քաղաքական կեանքն ալ ապրած է իր ընկերկումները եւ նահանջները` իրաւունքի ու արդար պահանջներու հետապնդման տեսակնկիւնէն: Եթէ միայն յիշատակենք (այսօր քիչ մը յետին բեմ մղուած) փրոթոգոլներու պարագան, ցոյց տուած կ՛ըլլանք, թէ Սեւրով ամրագրուած արդարութիւնը ինչպիսի հարուածի ենթարկուած է վերջին տարիներուն: Բնականաբար կարելի չէ մոռնալ զայն կանխող այլ ընկերկումներ, որոնց համար չքմեղանքի փորձեր կատարուած են ու կը կատարուին յաճախ…
Քսան տարիէ ի վեր հայրենիքն ու հայութիւնը իրերայաջորդ փակ օղակներու մատնող այս վիճակին դարմանումի բանալին եթէ առաջին հերթին կը գտնուի իշխանաւորներու ձեռքին, որովհետեւ հոն կեդրոնացած են նաեւ տնտեսական, զինուորական եւ այլ տեսակի հզօրանքները, ընդդիմադիրները ունին պատասխանատուութեան համապատասխան բաժին, որովհետեւ պէտք է ժողովուրդը առաջնորդել բանիւ եւ գործով, չբաւականանալ առաւելաբար քննադատողի ու թերութիւններ բացայայտողի դերակատարութեամբ: Մտահան պէտք չէ ընել, որ ժողովուրդը առողջ դատողութիւն ունի (եթէ հոն թերութիւն նկատուի, այդ ալ պէտք է դարմանել) եւ միշտ ալ պատրաստ եղած է հետեւելու այն ուժին, որ բարձրացուցած է իր շահերը պաշտպանելու, հայրենիքը ամէն իմաստով անվտանգ պահելու դրօշը:
***
Այս մտածումները մեզ կը հասցնեն ամէնէն կարեւոր կէտին` հայրենքինի ու զայն մարմնաւորող ժողովուրդի հզօրացման:
Մեծն Տիգրանէն առաջ եւ վերջ, մեր պատմութեան հին, միջին թէ նորագոյն շրջաններուն, հզօր հայրենիքի մը կերտումը անվիճելի հրամայական եղած է Հայաստանի պահպանման, գոյատեւման ու մեր ժողովուրդի յաւերժացման երաշխաւորումին համար:
Անցեալին, մեր ժողովուրդին մեծագոյն զանգուածը ապրած է հայրենի հողերու վրայ. ճիշդ է, որ ունեցած ենք Հնդկաստանի, Լեհաստանի եւ նման գաղութներու հզօր համայնքները (մշակութային ու տնտեսական իրենց հզօրանքներով), սակայն այդ օրերու աշխարհը տարբեր էր, չէր ընձեռեր այսօրուան հնարաւորութիւնները, որոնցմով հայրենիքն ու հայկական օճախները կը կապուին իրարու, սերտակից են ճակատագրական հարցերու տնօրինման մէջ:
Հայաստանի հզօրացումը, վերանկախութենէն աւելի քան երկու տասնամեակ ետք, մեզի կը ներկայանայ պատմական իր խորքով ու այժմէական տուեալներով:
Մեր խօսքը չի վերաբերիր միայն զինուորական հզօրացումին. մեր բանակի եւ զինեալ ուժերու պատասխանատուները յաճախ կրկնած են, որ մեր բանակը ատակ է պաշտպանելու հայրենի հողն ու սահմանները, եւ մենք պատճառ չունինք չհաւատալու, կ՛ուզենք ամենայն սրտով ու ամբողջ հոգիով հաւատալ ու վստահիլ մեր զինեալ ուժերու կարողութիւններուն:
Սակայն երկիր մը հզօր է նաեւ իր ժողովուրդով: Երկիր մը հզօր է, երբ անոր ժողովուրդը ոչ միայն որոշ թիւ կը ներկայացնէ, այլ նաեւ կ՛ապրի իր բնական աճը, թիւով, ինքնապաշտպանութեան կարողութիւններով, տնտեսական ուժի կերտումով: Երկիր մը հզօր է, երբ իր բնական հարստութիւններն ու տնտեսութեան յենարանները առաւելաբար կը գտնուին այդ երկրի զաւակներուն տրամադրութեան տակ, (թող չըսուի որ փոքրաթիւ “մենատէրներ“ն ալ հայրենիքի զաւակներն են…) երկրի բնական հարստութեանց հասոյթները կը դրուին ի սպաս երկրի զարգացման, այլ երկրիրներու հետ առեւտրական եւ այլ գործակցական յարաբերութեանց յառաջդիմութեան:
Երկրին հարստութիւնները իրաւունքն են անոր բոլոր զաւակներուն, որոնք հայրենիքին մէջ պէտք է տեսնեն, պիտի տեսնեն իրենց ներկան ու ապագան, աճող սերունդներո՛ւն ապագան: Չենք տարուած բացարձակ իտէալականութեամբ, ըսելու, որ երկրի մը զաւակները պէտք չէ աշխատանքի երթան այլ երկիրներու մէջ, սակայն ամենայն ինքնավստահութեամբ կը կրկենենք, որ երկրի մը հզօրացման մէջ, անփոխարինելի տեղ ունի անոր զաւակներուն թիւին աճը, անոնց արտադրողականութեան աճը, գիտական, արհեստագիտական եւ առեւտուրի բոլոր բնագաւառներուն մէջ այլոց հետ մրցունակ դառնալու անոնց կարողութիւնները:
Այս մօտեցումով ալ, վերանկախացած Հայաստանի իշխանութիւնն ու ընդդիմադրութիւնը կը կանգնին այսօրուան ընթացքը հիմնական բարեշրջումի ենթարկելու հրամայականին դէմ յանդիման: Ամբողջ հայութիւնը, ըսել կ՛ուզենք` նաեւ ամբողջ Սփիւռքը այս մօտեցումով կը կանգնի Հայաստանի հզօրացման նպաստելու, մասնակցելու հրամայականին դիմաց, եւ ոչ թէ Հայաստանի մէջ գործի դիմելու պարագային, չարաշահութեան զոհ դառնալու վտանգին տակ:
Հայաստանի հզօրացման մէջ իրենց բաժինը ունին ժողովուրդին բոլոր խաւերը` իշխանաւոր, քաղաքական ու դիւանագիտական գործիչ, մտաւորական, արուեստագէտ թէ գործի մարդիկ: Հայրենիքը կը նմանի բազմաթիւ երեսներ ունեցող բուրգի մը, որուն գագաթին իրարու կը միանան տարբեր կարողականութիւնները, երաշխաւորելու համար անկախ հայրենիքի ապահովութիւնը, բարգաւաճումը, անոր զաւակներուն անվտանգութիւնն ու բնական աճը, բարօր պայմաններու երաշխաւորումը:
Այս առաջադրանքին համար ալ, իւրաքանչիւր Սեպտեմբեր 21 պէտք է դառնայ մեր հայրենիքի հզօրացումը չափելու հանգրուան, եւ ոչ թէ այժմու բազմաճիւղ նահանջները կշռադատելու եւ նախորդին երանի տալու առիթ:
Ազգովին կը գտնուինք անձերէն վեր բարձրանալու եւ հիմնական հարցերը դիմագրաւելու, մեծ մարտահրաւէրները յաղթահարելու հրամայականին դէմ յանդիման:
Այսօրուան աշխարհի պայմաններուն մէջ, մենք կրնա՞նք յաջողիլ այս ճամբուն մէջ, թէ պիտի աւաղենք, որ մեզ շրջապատող պայմանները ստեղծած են դժուարին, անյաղթահարելի պատնէշներ, մեծ ուժերը մեզ ու մեզի նմանները պիտի պահեն խաղալիքի, կամակատարի դերին մէջ:
Պատմութիւնը հոս ալ լաւագոյն վկայութիւնները կը բերէ մեզի. յարափոփոխ աշխարհին մէջ միշտ ալ կայ խուսանաւելու հնարաւորութիւնը: Հայրենիքին ու ազգին հզօրացումը կ՛աւելցնէ նաեւ խուսանաւելու կարողութիւնը, ճիշդ է նաեւ հակառակը:
Ուրեմն, այս 21 Սեպտեմբերը եւ իւրաքանչիւր 21 Սեպտեմբեր պէտք է վերածել հայրենիքի հզօրացման ու կարողականութեան աճումի նոր յենարանի մը, առանց մտահան ընելու, որ երկու տարիէն պիտի նշենք Ցեղասպանութեան 100ամեակը: Ներքին տագնապներու հրահրումը, ի՛նչ մակարդակի ու ոլորտի մէջ ալ ըլլայ անիկա, միայն վնաս կը բերէ ամբողջի հզօրացման առաջադրանքին:
Սեպտեմբեր 2013