՛՛ՀՈՍ ՊԻՏԻ ԳԱՄ ՈՒ ՆՈՒԱԳԵՄ ԻՐԵՆ ՀԱՄԱՐ…՛՛

0 0
Read Time:4 Minute, 51 Second

khachadoor

Այդ շոգ օրուան վերջալոյսին ծովափ գացինք փչող զեփիւռն համբուրելու։ Չկար ազատ նստարան մը. մէկուն վրան մէկը ﬕնակ գլուխն առած ձեռքերուն մէջ մտմուքի գիրկն էր ինկած. նստարանին կէսը ազատ էր ﬓացեր եւ հարցուցինք՝ ՛՛Կրնա՞նք նստիլ՛՛։
– Անշո՛ւշտ կրնաք. չէ՛ք գիտեր ի՜նչ յոյզերու մէջ ինկած եմ ես ցաւերուս մէջ. գլուխիս մէջ ինչե՜ր կու գան կը պտտին։
– Շնորհակալ
եւ ուրախ՝ ենք, ձեզի հետ ենք։
– Ես ալ նոյնպէս. գեղեցիկ է, եկած եմ հոս կեանքիս վերջը անցնելու։
– Ուրկէ՞ եկաք։
– Լա Սիոթայէն։
– Լա Սիոթայէ՞ն, ﬔնք Լա Սիոթա շատ գացած ենք, գեղեցիկ է։
– Է՜, Լա Սիոթան՝ ﬕջերկրականի իտալացի ծովահէններուն ընտիր հանգստարան թագստոց էր ժամանակին, լերան տակին. անոր դիրքը ծովահէնի նինջ հանգիստի ապահով էր, կ՛երթային հոն հանգչելու եւ քնանալու, Լա Սիոթա են զայն անուաներ՝ ՛՛Սիեսթ՛՛ի վայր։
Քիչ մը ետքը, ﬔր զրոյցը այս մարդուն հետ պիտի դադրի, վերջ ի վերջոյ նոր հանդիպած օտարներ ենք… ։ Անծանօթին շրթունքներէն տաքուկ խօսքերը կը հոսին, դէմքն աւելի կը վառվռի, մտմտուքի, ցաւի մէջ չէ թաղուած հիմա. իր այտերը կը կարմրին, ու ժպիտը ﬕշտ կը ծաղկի, յիշատակներ կու գան հինէն ու կը շարուին լեզուին վրան, հիանալի զգացուﬓեր տալով ﬔզի, ըսել է որ ﬔր հոս գալը մարդուն սիրտը չէ վրդոված, թեթեւցած ու ազատուած է զինքը յուզող սեւ մտքերէն. կը խօսի ան ջուրի զուլալ աղբիւրի պէս, եւ իր հոգին կ՛ապաքինի, կը թեթեւնայ… հարկաւոր չէ ենթադրել թէ ﬔր հոս գա՞լը թէ երթա՞լը ան կը ցանկայ…։ Հոգեգրաւ են ելեւէջող զարթնած քունէն իր հոգիին ﬔղեդիին ալիքները ծովուն ալեաց կը նմանին։ Անցեալին ան թրոմփեթիսթ մը եղած է եւ իրեն համար ՛՛Թէ. Էս. Էֆ. ճազ՛՛ կայանը այնքան մը հաճելի է, որ քսան չորս ժամ կ՛ունկդրէ: Նուագած է ﬔծ ու յայտնի սրահներուն մէջն աշխարհին… հիմա պահն է իր ինքնութիւնն հաղորդելու,
– Պէտք է ըսեմ՝՝որ ես հայ եմ …։(Աւետիսին ﬔծ գաղտնիքը յայտնուեցաւ։)
– Հայ է՞ք, ﬔ՛նք ալ,- հայ է մարդը,- երէցկնոջ կ՛ըսեմ ուրախ։
Կը համբուրէ, զարմանալի, անծանօթ ենք…։ Հայերն ու ես շատ անգաﬓեր կը սխալինք երբ որ մէկուն հայու քիթը եւ աչքերը ﬔզ կը քաշեն իրենց կողմը, հայ կը կարծենք՝ բայց չեն հայեր։ Հայուն քիթը զգայուն է, սուր է, կ՛ըսեն… մէկուն քիթը եւ աչքերը հայ չեն ըներ, ո՛չ ալ հրեայ։ Երբեﬓ ճիշդ՝ յաճախ սխալ ﬔր կարծիքը կը զարգանայ… քառսուն տարի առաջ տեսայ՝ Հռոﬕ մէջ արտաքինով հայու նման իտալացիք հայու պէս են…։ Հոս ալ շատ կայ իտալացի, ﬔր դրացին… դեռ աւելին՝ 150 տարի առաջ Նիսը Իտալիա եղած է… Հայաստանցիք ﬕնչեւ հիմա կ՛ըսեն՝ Նիցցա։
Այս անծանօթ հայն թանկագին ﬔզի գանձ է ծովուն ափին։ Կ՛ըսէ՝ ﬕնակ է առանձին ﬔզի նման։ Հայուն գիւտը այսքա՜ն հաճոյք քիչ անգաﬓեր է պարգեւած։ Փառք Աստուծոյ Մասնիկ մըն է Քոթ Տ՛Ազիւրի հայութենէն, Տիրոջ կամքով զինքը նորէն կ՛ուզենք տեսնել, հետը խօսիլ։
* * *
Այն տարին որ Սուրիա ծնայ, տասներերեք տարեկան էր այս հայ մարդը, որ Մարսէյէն ծնողաց հետ ﬔր հայրենիքն էր ներգաղթած բայց չէր գտած գովազդուած, ճարտասանուած երազական բարիքները համայնավար։ Ամէն բան հոն խոստացուածէն յուսացուածէն շատ տարբեր էր, քաղաքը՝ գիւղ, տունը՝ հիւղակ։ Լեզուն տարբեր կը բառբառուէր հունչով, շեշտով, Խորհրդային Միութեանը ՛՛եղբայրական՛՛ երկիրներէն եկած էին բնակելու ժողովուրդներ։ Ընտելացաւ կամաց-կամաց տեղւոյն բարքին, սովորութեանց։ աշխատասէր, ուշիմ ճարպիկ պատանի էր, սիրուած էր իր ընկերներէն ու ﬔծերէն. եւ օր մըն ալ շատ զարմացաւ երբ հերթապահ
զինք կարգեցին որ ան հսկէ կարգ ու սարքին, թոյլ չտայ որ աշակերտներն ըլլան անկարգ, շրջաբակէն դուրս չփախչին. տեսած է որ տղայ մը զինքը կ՛անտեսէ կը հեռանայ։ ՛՛Սթոփ՛՛ կ՛ըսէ, բայց չի լսեր, տաճկերէնով հայհոյանք մը կը շպրտէ է ու կը փախչի. կը վազէ անոր ետեւէն՝ ՛՛Քեզի սթոփ կանչեցի ես, չլսեցի՞ր՞՛՛։ Տղան կրկին կրկին իր տաճկերէն հայհոյանքը կը շպրտէ։ Կը բռնէ զինքն ՝ կը հարցնէ ՝ ՛Ինձ ի՞նչ ըսիր ՛՛։ Տղան կ՛իջնէ, ինք՝ ետեւէն… ՛՛Այս արարած Հայրենիքիս մէջը ինծի թրքերէնո՞վ պիտ՛ հայհոյէ …՛՛։ Արիւնը գլխուն կը խուժէ, ուժեղ հարուած կուտայ դէմքին՝ աստիճանէն կը գլտորէ արիւնլուայ։ Տնօրէնը երբ կ՛իմանայ պատահարը շատ գէշ կը զգայ, հայրենասէր այս պատանին Խորհրդային Միութեան մէջ ազգային հարց ստեղծած է…։
Յայտնի կ՛ըլլայ լաւ բռնցկամարտիկ մը կ՛ըլլայ ու մարզանքի դպրոց կ՛երթայ։ Իր մարզիչը ֆրանսայէն ներգաղթած ﬔծ ախոյեան է, լաւ կը մարզէ, մրցուﬓերուն ինք կը յաղթէ, եւ մարզիչը անուշադիր ֆրանսերէն բան մը կ՛ըսէ, ներկաները կը հասկնան որ երկուքն ալ աղբարներ են…։
Իր դիմացը մրցուﬕ մը 15 քլկ. աւելի ծանր կշռող մը կը հանեն, կը բողոքէ՝ բայց չեն լսեր, պէտք է պարտեալ հանդիսանայ… եւ մարզիչը կը պատուիրէ խաղալ ՛՛գրագէտ՛՛, չյարձակիլ, չհարուածել, ﬕայն ինքզինքը պաշտպանել, ցատքել, պարել, ու շփոթի դատապարտել մրցակիցը… բայց, խաղէն ետք, զարմանալի, մրցավարը իր ձեռքը վեր կը բարձրացնէ եւ յաղթական կը հռչակէ՛՛՛։ Մրցավայրէն ելած ատեն շատ զայրացած պարտեալ հսկան անակնկալ կը յարձակի ու բռունցքի հարուած կու տայ քիթին բերնին։
Կ՛ըսէ Մարզիչն,- – Հիմա պէտք է որ որոշես ապագային բռնցքամարտի՞կ, թէ՞ երաժիշտ կ՛ուզես ըլլալ։ Ու անվարան ան կը վճռէ ըլլալ յայտնի երաժիշտ մը, ու կ՛ըլլայ ան Սովետ Միութեան մէջ փնտռուած փողահար ﬔծ թրոմբեթիսթ։ ՛՛Ինչ որ կ՛ուզեն ըսեն մարդիկ, հայն աշխարհի ընտրեալ ազգն է՛՛, ան կը կրկնէ…։ Մեծ ազգերը ընկճեր են ﬕշտ ու հալածեր, բայց հայերը արարիչին ընտրեալ ազգն են։ Շրջանները հաﬔրգներու երբ երթային ճամբուն վրան եկեղեցի եւ կամ խաչքար մը երեւէր ՝ խաչ կը հանէր, ծնողքն էր զայդ սորվեցուցեր։ Ու, անհաւատ չարաճճի ընկերները կը ծաղրէին հաւատացեալ խաչ հանողին։ Հաﬔրգի մը զինք չեն տաներ, զի աղբար է։՝ Հանրակառքով գացած ատեն եկեղեցի ու խաչքարներ երբ կը տեսնեն կը ծաղրեն զինք, եթէ այստեղ հիմա ըլլար, պիտի կուրծքին խաչակնքէր, խնդացեր են, հռհռացեր են կուշտ ու կուռ, կառքը ճամբէն դուրսն է ելեր հիւանդանոց տարուածները չեն մասնակցեր այդ հաﬔրգին, եւ ստիպուած զինքն են տարեր որ նուագէ, զղջացեր են զինքն ու Քրիստոսը ծաղրեր են…։
… Ու տարի մը Հայաստանի երգչախումբը Երեւանի ԱՐԱՐԱՏին նման կ՛ըլլայ Խորհրդային Միութեանը լաւագոյնը։ Մոսկուա կ՛երթան տիրանալու մրցանակին ﬔծ հաﬔրգով։ Սթալինը հիւծած, հիւանդ պարգեւ կու տայ, ու կը ժպտայ երգողներուն, եւ իրեն ալ…։
* * *
– Մեղք որ այսօր թրոմփեթս չեմ բերած հոս որ նուագեմ ձեզի համար։ Կը նուագեմ ճէազի յայտնի կտորներէն, Արմսթրոնկէն, Կոﬕտասէն, մարդիկ լսեն, կինս լսէ ծովուն բացէն…
-Վաղը՝ կնոջս մահուան տխուր տարելիցն է հոս պիտի գամ ու նուագեմ իրեն համար…։
… եւ կ՛արտասուէ։

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Օգոստոս 5, 2016

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles