«ՔԱՐԱՅԻՊԵԱՆՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՓՈՔՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԸ ԿԸ ՍՏԵՂԾԵՆՔ…» Կ’ԸՍԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՆԱՒԱՊՏՈՅՏԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՊԵՏՐՈՍ ՊԱՆՏԱԶԵԱՆ

0 0
Read Time:8 Minute, 57 Second

Ստորեւ, հարցազրոյց մը կատարուած «Հայրենիք»ի ընտանիքի երիտասարդ անդամ Նանօր Պարսումեանի կողմէ, Հայկական Աւանդական Նաւապտոյտը կազմակերպող յանձնախումբի ատենապետ եւ այս գաղափարի յղացման բանալի անդամներէն՝  Պետրոս  Պանտազեանի հետ.-

Հ.- Այս տարուայ նաւապտոյտի պատրաստութիւնները ինչպէ՞ս ընթացան: Եւ ովքե՞ր են այն խումբերն ու անձնաւորութիւնները որոնք պիտի մասնակցին նաւապտոյտի յայտագրին:

Պ.- Այս տարի փորձի տարի մըն էր Հայկական Աւանդական Նաւապտոյտին համար:  Տնտեսական  դաժան պայմաններն ու համաշխարհային տնտեսական դժուար ու վատ իրավիճակը, Հայկական Աւանդական Նաւապտոյտին համար իրական դժուարութիւններու դուռ բացաւ:

Ասոր ազդեցութիւնը մենք զգացինք, այս երկրի բոլոր գործարաններուն եւ ընկերութիւններուն պէս, որոնք նոյնպէս տառապեցան:  Բայց հակառակ ասոր, իսկապէս որ մասնակցողներուն թիւը քաջալերական է: 1100էն աւելի հայորդիներ աշխարհի չորս ծագերէն, արդէն իսկ ապահոված են իրենց  2010ի 13րդ նաւապտոյտի տոմսերը:  Նոյնիսկ մեր հետ գործակցող «Costa Cruise» ընկերութիւնը տպաւորուած է:  Մեզի հաղորդուած է թէ ընդհանուր նաւապտոյտի զբաղումը 30 տոկոսով նուազած է, բայց մեր հայերը դեռ Հայկական Աւանդական Նաւապտոյտին կը մասնակցին, եւ ամէն օր անոնց թիւը մագլցում կ’արձանագրէ:  Այս տարի մեր հիւրերն են Պոսթընի «Սայեաթ Նովա» պարախումբը, Անգլիայէն երգիծաբան Գեւ Օրգեանը, Առաւօտ խումբը, եւ Քալիֆորնիայէն Ճոզէֆ Գրիգորեան խումբը:  Պատուելի կրօնականներ եւ այլ հիւրեր պիտի մասնակցին մեր նաւապտոյտին, որոնց կարգին Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Քէն Խաչիկեանը որ Հայ-Թուրք արձանագրութիւններուն մասին զեկոյց մը պիտի ունենայ, եւ Դոկտր. Անդրանիկ Գասպարեանը որ Արցախի առնչուող հայկական քաղաքականութեան հետեւանքներուն մասին զեկուցում մը պիտի ներկայացնէ:

Հ.- Ինչո՞ւ նաւապտոյտին անունը «Հայկական Աւանդական Նաւապտոյտ» Է: Այլ ի՞նչ անուններ  նկատի առնուեցան:

Պ.- Ուրիշ անուններ նկատի առնուեցան, բայց նոյնքան նկարագրական չէին:  Նաւապտոյտի յանձնախումբը գրեթէ անմիջապէս որոշեց թէ ամէնէն յարմար անունը «Հայկական Աւանդական Նաւապտոյտ»ն է:  Ի միջի այլոց, այս անունը պաշտօնապէս արձանագրուած է պետական տոմարներէն ներս:  Մեր փաստաբանին ժրաջան աշխատանքներուն արդիւնք` կարողացանք «Հայկական Աւանդական Նաւապտոյտ» անունը ապահովել:  Քանի մը փորձեր եղած են ուրիշներու կողմէ անունը իւրացնելու, բայց օրինական միջոցներով կրցած ենք կասեցնել որեւէ օգտագործում, եւ այսպէս  որեւէ ապօրինի օգտագործման վերջ դրած ենք:  Մենք զայն «Հայկական Աւանդական Նաւապտոյտ» անուանեցինք մեր հայկական արմատներուն ակնարկելով, ու մեր իւրայատուկ բոլորովին հայկական յայտագրին համար: 

Հ.- Ընդհանրապէս, նաւապտոյտի մթնոլորտը ինչպէ՞ս է:

Պ .- Ամերիկայի Հայ Մշակութային Ընկերակցութեան նաւապտոյտի յանձնաժողովը փորձած է ստեղծել ամէն-ինչ-ներառեալ (all inclusive) հայկական ազգային մթնոլորտ մը նաւուն վրայ: Եօթ օր եւ 24 ժամ, մասնակցողները կը խորասուզուին բոլորովին հայկական աշխարհէ մը ներս, նաւապտոյտի  ամէնէն ընտիր եւ բացարձակ պայմաններուն տակ:  Հայկական նաւապտոյտ մըն է, բայց սովորական նաւապտոյտի մը կաղապարէն ներս:  Նաւուն ամբողջ միջավայրը բաց է մեր մասնակցողներուն համար, եւ անոնք որոնք արձանագրուած են, կրնան մասնակցիլ հայկական յայտագրին: Ծրագիրները շատ են:  Մասնաւոր հրճուանք մըն է տեսնել հայորդիներ որոնք եկած են աշխարհի չորս ծագերէն առիթը ունենալու իրենց ազգակիցներուն եւ ազգականներուն հետ միատեղ գտնուելու եւ հայօրէն ապրելու բերկրանքը վայելելու, նաւապտոյտի հրաշալի մթնոլորտով շրջապատուած:  Այսպէս, Քարայիպեաններու վրայ, «Փոքր Արմենիա» մը կը ստեղծենք:

Հ.- Ձեզ համար, նաւապտոյտի ընթացքին ամէնէն հաճելին ի՞նչն է:

Պ .- Ինձ այնպէս կը թուի թէ մեր նպատակին գրեթէ հասած ենք: Մեր նպատակն էր կազմակերպել հայկական ճոխ յայտագիր մը, որեւէ յատուկ քաղաքական կամ կուսակցական բնոյթէ զերծ վայր մը ուր աշխարհացրիւ հայորդիներ կարենան եղբայրականօրէն եւ ընկերակցաբար հաւաքուիլ:  Մեր նպատակն էր վայր մը հայթայթել ուր այս ամէնը կարելի ըլլար, վերցնելով այն քաղաքական եւ կուսակցական հարցերը որ երբեմն մեր ժողովուրդը կը բաժնեն:  Ուրեմն, հայթայթելով այս «բաց» միջավայրը, որ զրոյցի եւ ընկերակցութեան առիթ կու տայ, տարբեր մտածելակերպի տէր հայեր կը ծանօթանան եւ կը վայելեն զիրար, առանց հանդիպելու այն նախադատումներուն որոնց կը հանդիպին իրենց գաղութներէն ներս:  Յոյսով ենք որ այս առիթին ստեղծած մթնոլորտին արդիւնք, մեր հիւրերը իրենց տուները վերադառնալով իրենց գաղութներէն ներս նոյն «բաց» մտածելակերպով զրոյցներ նախաձեռնեն:

Հ.- Յիշատակելի դէպք մը կրնա՞ք պատմել:

Պ .- Շատ մը սրամիտ դէպքեր պատահած են նաւապտոյտի ընթացքին, բայց մէկ դէպք մասնաւորապէս հետաքրքրական էր:  Օր մը, նաւապտոյտի ընթացքին, կին մը մօտեցաւ ինձ ու հայերէնով հարց տուաւ.- «Պարոն Պանտազեան, այս Հայկական Աւանդական Նաւապտոյտը հրաշալի է.  Իմ ամէնէն լաւ յիշատակներէն մէկն է հայերուն հետ. Ի՞նչու այս նաւապտոյտը Հայաստան չենք տանիր»:

Խնդալս բռնեց ու պատասխանեցի.- «Տիկին, եթէ ջրային ճանապարհ մը գտնենք Հայաստան տանող, ես նաւապետէն կը խնդրէի որ անմիջապէս այս նաւուն ղեկը դարձնէր դէպի Հայաստան…»:

Այս պատահարը պատմեցի Հայաստանի դեսպանին որ հիւրն էր այդ տարուայ նաւապտոյտին: Ան իր կարգին պատասխանեց.- «Երանի թէ… Այդ մեր երազը պիտի ըլլար, այդպիսի ջրային ճամբու մը գոյութիւնը դէպի Հայաստան:  Կը սպասեմ այդ օրուան երբ այդպիսի նաւապտոյտ կատարէք»:

Հ.- Ի՞նչ պատճառաւ այս տարուայ նաւապտոյտի տոմսերու գիները նուազում կրած են:

Պ .- Մենք բոլորս ալ դաժան տնտեսական իրավիճակներու մէջ ենք: Գիտակցելով, թէ այս տնտեսականօրէն դժուար տարի մը պիտի հանդիսանայ, երկու տարի առաջ բանակցեցանք «Costa Cruise»-ի հետ, որպէսզի գիները նուազեցնեն քանի մը տարի առաջուայ գիներուն հաւասար:  Ասոր արդիւնք` նոյնիսկ այս տնտեսական տագնապի ժամանակ, մասնակցողներուն թիւը մնաց 1100:  Այժմու նաւապտոյտի մարզը տնտեսական սարսափելի նուազումի ենթարկուեցաւ, եւ այս գէշ տնտեսական վիճակը նոյնպէս ալ ազդեց մեր աշխատանքներուն վրայ:  Հակառակ ասոր, «Costa Cruise»ը շատ տպաւորուած է որ մենք դեռ այսպիսի արդիւնքներ ձեռք բերած ենք, եւ ամէն օր մասնակցողներուն թիւը յաւելում կը կրէ:

Հ.- Ինչպէ՞ս կ’ապահովէք մասնակցողներուն վերադարձը, յառաջիկայ տարիներուն:

Պ.- Այս աշխարհին մէջ Հայկական Աւանդական Նաւապտոյտի նմանը չկայ:  Ամէն օր ու գիշեր անդադար զուարճութիւններու եւ ընդունելութիւններու շարքը արդէն իսկ լման ծրագրուած է: Երաժիշտներու եւ հայկական պարախումբերու, սքանչելի թատերգութիւններու, հայ կատակերգակներու, հայկական շարժապատկերներու, թաւլուի եւ պլոթի մրցաշարքերու, կողովագնդակի մրցումներու, Հ.Օ.Մ.ի, Վարդանի Ասպետներու, Համազգայինի, Թեմական Պատուիրակութեան, Առաջնորդարանի, եւ հայկական դպրոցներու շրջանաւարտներու համար (ինչպէս նախապէս կատարուած Կիպրոսի Մելքոնեան Վարժարանի, Լիբանանի Ճեմարանի, եւ այլ դպրոցներու հաւաք-ձեռնարկներ) յատուկ ընդունելութիւններ ու ծրագիրներ պատրաստուած են:  Շարունակ մշակութային ելոյթներ տեղի կ’ունենան նաւէն ներս: Հայերուն հետաքրքրող հարցեր կազմակերպուած զրոյցներու նիւթ կը դառնան:  Հայկական լեզուի եւ պարի դասընթացքներ տեղի կ’ունենան:  Նաւէն ներս, «Հայրենիք»ի գրադարանը նոր եւ հետաքրքրական նուէրներ կ’ունենայ:  Գիրքի հեղինակներ իրենց ստորագրութիւններով կը կնքեն իրենց ծախու գործերը.  Երկու հեռուստատեսիլի կայարաններ կը յատկացուին հայկական ծրագիրներու համար:  Այս ամէնը նմոյշներ են նաւապտոյտի ճոխ յայտագրէն:

Հ.- Իբր նաւապտոյտի յանձնախումբի պատասխանատու, ձեր կազմակերպութեան միջոցները ինչպէ՞ս փոխուած են այս 13 տարիներու ընթացքին:

Պ .- Անպայման.  Հայկական Աւանդական Նաւապտոյտը ձեւականացուցած ենք, աւելի պաշտօնական եւ առեւտրային մօտեցումով:  Մեր հաշուեպահական եւ դրամական գործելաոճը նոյնքան պաշտօնական է, որքան այլ ընկերութիւններունը:

Յաձնախումբեր նշանակուած են որոնք կը զբաղուին տարբեր հարցերով, եւ իւրաքանչիւրն ունի իւրայատուկ պարտականութիւններ:  Ներկայիս ունինք մեր նաւապտոյտի կանոնները: Գործի լծուած ենք նորահաս յանձնախումբի անդամներ պատրաստելու, որպէսզի հասնին բարձր դիրքերու:

Ամէն տարի Նաւապտոյտի յանձնաժողովը սեմինար մը կը կազմակերպէ,«թինք թէնք»ի նման, որուն նպատակն է մեր աշխատանքներուն վերաքննումը եւ նոր գաղափարներու եւ մտապատկերներու ներկայացումը:  Իսկ նաւապտոյտի յանձնաժողովի նոր անդամներուն համար պատրաստած ենք դասընթացքներ:  Փոխանցման համակարգ մը հաստատած ենք, որպէսզի երբ ներկայ ղեկավարութիւնը հանգստեան անցնի, նաւապտոյտի յանձնախումբի անդամներու նոր սերունդը անմիջապէս գործի անցնի: Նաւապտոյտի ծրագիրը դարձուցած ենք ընդմիշտ բարեշրջուող մտապատկեր մը:  Ամէն տարի հարցարաններ կը պատրաստենք որպէսզի այս նաւապտոյտին մասնակցողներուն փափաքներուն եւ առաջարկներուն ծանօթանանք:  Մեր գործերը արհեստավարժ լուրջ աշխատանքի նման կ’ընթանան: Այսուհանդերձ, միեւնոյն ժամանակ տեղեակ ենք մեր հայ ժողովուրդին փափաքներէն եւ Ամերիկայի Հայ Մշակութային Ընկերութեան առաքելութենէն:

Հ.- Ինչպէ՞ս նաւապտոյտի յանձնախումբի անդամներուն յարմարագոյն տարիքը  նկատի առած էք 35-ի շուրջ եւ ո°չ 45 կամ 25:

Պ .- Նաւապտոյտի յանձնախումբի նպատակին համաձայն, որպէսզի միշտ նոր շունչ ունենանք մեր շարքերէն ներս, յղացանք այս 35-ի շուրջ տարիքի գաղափարը,եւ նոյնը կը թելադրենք բոլոր կազմակերպութիւններուն:  Մասնաւոր, հրաւիրած ենք 35 տարեկանի շուրջ երիտասարդներ Նաւապտոյտի յանձնախումբին միանալու, եւ կը փորձենք պահել այնպիսի կշիռ մը որ մեր յանձնախումբի անդամներուն 35 տոկոսը բաղկանայ այս երիտասարդներէն:  Այս շատ մեծ օգուտ ունեցած է նաւապտոյտի երկայնակեցութիւնն ու արդիւնաւորութիւնը ապահովելու:  Այս քայլին արդիւնք, մենք ներկայիս կը տեսնենք որ նաւապտոյտին մասնակցողներուն գրեթէ 35 տոկոսը հայ երիտասարդութիւնը կը ներկայացնէ:  Այս պատճառաւ, վստահ ենք որ նաւապտոյտը երբեք «հին ու չոր» սովորական  ելոյթի մը պիտի չվերածուի:  Անիկա միշտ պիտի կարողանայ հրապուրել երիտասարդն ու տարիքոտը, բոլոր տարիքի հայերու յարմար եւ ճոխ ծրագիրներուն շնորհիւ:  Եթէ թողնենք որ Նաւապտոյտի յանձնախումբը ծերանայ առանց երիտասարդութեան ձայնին ներկայութեան, այն ատեն ան պիտի ձախողի:  Մենք համաձայն ենք որ այս գաղափարը շարունակուի, ուռճանայ, եւ ծաւալի:

Հ.- Այս գործելաոճի եւ նոր սերունդի կատարած աշխատանքներուն արդիւնքներէն օրինակներ կրնա՞ք տալ:

Պ .- Նաւապտոյտի յանձնախումբի երիտասարդ անդամները նոր գաղափարներով եւ տեսիլքներով «զինուած», Հայկական Աւանդական Նաւապտոյտի գործերուն, ընթացքին ու վաճառունակման նոր ու արդի ուղղութիւն տուած են:  Ժամանակ մը կար երբ մարդիկ այն մտքով էին թէ նաւապտոյտը տարիքոտ հայերու հաւաքոյթ է:  Նաւապտոյտի յանձնախումբին համար այդ ազդարարութիւն մըն էր, եւ մենք որոշեցինք լսել նոր սերունդին խրատները, ու անոնց հրաւիրել մեր խումբէն ներս:  Այժմ անոնք դարձած են նաւապտոյտի կազմակերպութեան մէկ կարեւոր մասնիկը, եւ մենք իրենց կը պարտինք մեր յաջողութիւնները:  Ամէն տարի, մեր կայքէջը կ’այցելեն հազարաւոր անձեր:  Նոյնիսկ Facebook-էն ներս, մենք ունինք յատուկ էջ:  Ունինք մասնայատուկ տեսաներիզներ եւ այլ միջոցներ նաւապտոյտի վաճառման նպաստող:  Նաեւ, համացանցային արդի միջոցներով կապի մէջ ենք, նաւապտոյտի բարեկամներու հետ:  Իրաւ որ մեծ հաճոյք է, ինձ համար այս յանձնախումբին անդամ ըլլալ:

Հ.- Նաւապտոյտէն շահերը ինչպիսի՞ աշխատանքներէ ներս կ’օգտագործուին:

Պ .- Ամերիկայի Հայ Մշակութային Ընկերութիւնը կ’երաշխաւորէ այս նաւապտոյտին:  Ուրեմն այս Ընկերութիւնը ոչ-շահաբեր ընկերութիւն մըն է:  Քաղաքական բնոյթ չունի, եւ օժանդակութիւններ կը հայթայթէ հայկական նախաձեռնութիւններու ուսումնասիրութիւններու եւ այլ հայկական աշխատանքներու:  Նաւապտոյտի շահերէն մաս մը կը նուիրուի զանազան ընկերութիւններու, մասնաւորաբար անոնց որոնք կը մասնակցին նաւապտոյտի մշակութային ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցական, կրթական, եւ ուսումնասիրական կազմակերպութիւններու, եւ մասնաւոր դրամագլուխ մը կը յատկացուի հայերէն լեզուով թերթերուն, որոնցմով մենք մասնաւորապէս հետաքրքրուած ենք:

Հ.- Ի՞նչ ծրագիրներ ունիք ապագային համար:  Նաւապտոյտի թիւը աւելցնելու մտադրութիւն ունի՞ք:

Պ .- Նաւապտոյտի թիւը պիտի չաւելցնենք:  Միայն մէկ Հայկական Աւանդական Նաւապտոյտ գոյութիւն կրնայ ունենալ, եւ քանի որ նաւապտոյտի յանձնախումբի անդամները կամաւորաբար կ’աշխատին, անկարելի պիտի ըլլար մէկէ աւելի նաւապտոյտ կազմակերպել, քանի որ մեր միջոցները սահմանուած են:  Այս յանձնախումբը կը բաղկանայ նուիրուած անդամներէ, աշխարհի ամէն կողմերէն, եւ մենք չենք կրնար երեւակայել մէկէ աւելի նաւապտոյտներ:  Այս տարեկան ելոյթի կազմակերպութիւնը դիւրին հարց մը չէ:  Յանձնախումբի անդամներուն աշխատանքը ծանր է, 12 ամիսներ կը տեւէ, եւ նաւապտոյտի ժամանակ աշխատանքը կ’աւելնայ:  Կը նշեմ որ այս եօթ օր, 24 ժամ տեւող յայտագիր մըն է:  Մենք արդէն իսկ սկսած ենք ծրագրել 2011-ի 14-րդ նաւապտոյտը, եւ սկսած ենք սակարկութիւններ կատարել կազմակերպող «Costa Cruise» ընկերութեան հետ:

Ի միջի այլոց, ուրիշ տեսակի հայկական ծրագիրներ սկսած ենք կազմակերպել:  Ներկայիս, դէպի Հայաստան պտոյտներ կը կազմակերպենք, Հայկական Աւանդական Պտոյտներ:  Այս պտոյտներուն կ’ընկերակցի յանձնախումբի անդամներէն մէկը, եւ միշտ ուշադրութիւն կ’ընենք մեր հիւրերու հանգիստին:  Կը փորձենք այս պտոյտները աւելի հետաքրքրական դարձնել, օրինակի համար եկեղեցիներու այցելութիւններու կողքին տարբեր եւ արտասովոր վայրեր ալ կ’այցելենք, եւ զրոյցներ կը կազմակերպենք մեր հայրենիքէն ներս:  Այս նաւապտոյտը մեծ դեր խաղաց «Հայրենիք» ձայնասփիւռը համացանցային ձայնասփիւռ դարձնելու ընթացքին:  Մենք կը շարունակենք նոր գաղափարներ յղանալ եւ ձեռնարկներ օժանդակել ապագային:  Նաւապտոյտի յանձնաժողովի անդամներուն տաղանդներն ու կարողութիւնները թոյլ տուած են որ արդի մօտեցումներով ու նորարար քայլերով յառաջանանք:

Եթէ կարենանք ծրագիրը հետաքրքրական պահել եւ շարունակ բարեշրջումներ կատարել, անշուշտ միշտ երիտասարդութեան մասնակցութիւնը նկատի ունենալով, այս նաւապտոյտը կը մնայ դեռ շատ տարիներ: Այս նոյն նաւապտոյտին շնորհիւ, զոյգեր ծանօթացած են – մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէ «single mingle»ը — եւ ընտանիք կազմած են: Նաւուն վրայ, ամէն տարի կը գտնէք հաւատարիմ մասնակցողներ որոնց համար արդէն իսկ սովորութիւն դարձած է այս նաւապտոյտը, նոյնպէս ալ կան շատեր որոնք առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցին:

Իսկապէս հաճոյք մըն է մեր հետ աշխատիլը:  Ամերիկայի Հայ Մշակութային Ընկերութեան վարչակազմը միշտ ալ նեցուկ կանգնած է մեր աշխատանքներուն:  Բայց եւ այնպէս կը կրկնեմ, մեր աշխատանքները բոլորովին անկախ են մայր կազմակերպութենէն, եւ այս ճամբուն վրայ մնալով վստահ ենք որ ան նոր հասոյթներու պիտի հասնի:  …Յոյսով ենք, որ օրին մէկը նաւ մը լեցնենք, եւ թերեւս զայն կոչենք «Հայկական Սիրոյ Նաւ» (Armenian Love Boat):

“ՀԱՅՐԵՆԻՔ” ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ԲԱՑԱՌԻԿ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles