
Նոյեմբեր 22-24-ին, Պրազիլի մայրաքաղաք Պրազիլիայի մէջ, Խորհրդարանի Մարդկային Իրաւանց Յանձնաժողովի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Մանուէլ Գոնսէսաուի անուան Ներման եւ Մարդկային Իրաւանց նուիրուած Լատինամերիկեան Երրորդ Սեմինարը, որուն Յանձնաժողովի նախագահ, իշխանութեան վրայ գտնուող Աշխատաւորական Կուսակցութեան կողմէ ընտրուած պատգամաւոր Լուիս Քօութոյի հրաւէրով իր մասնակցութիւնը բերաւ Արժանթինի Սան Անտրէս Համալսարանի եւ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի դասախօս Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ներկայացնելով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը: Ներկայ էր, եւ Սեմինարի պատրաստութեան աշխատանքներուն ակտիւ մասնակցութիւն բերաւ, Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Սան Փաւլոյի ներկայացուցիչ Սիմոն Խրիմեան:
Յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելով, Պուէնոս Այրէսի մէջ հրատարակուող եԱրմենիա« թերթը կը յայտնէ թէ սեմինարին բացումը տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան Թանգարանին մէջ, Նոյեմբեր 22ին, իսկ աշխատանքները ծաւալեցան յաջորդ երկու օրերուն ընթացքին Խորհրդարանի Ներէու Ռամոս լսարանին մէջ մասնակցութեամբ բոլոր լատինամերիկեան երկիրներէ եկած մասնագէտներու, հանրածանօթ մտաւորականներու, պաշտօնական ներկայացուցիչներու եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններու:

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ելոյթ ունեցաւ եՉարչարանք եւ ցեղասպանութիւն« թեմային նուիրուած ներկայացումներու շարքին եւ անդրադարձաւ ցեղասպանութեան երեւոյթին որպէս մարդկային առաջին իրաւունքը -կեանքի իրաւունքը- բռնաբարող ոճիր: Ան ըսաւ, որ 20րդ դարու ցեղասպանութիւններու շարքը սկիզբ առաւ թուրք օսմանեան պետութեան կողմէ ծրագրուած մէկուկէս միլիոն հայերու բնաջնջումով եւ շարունակուեցաւ ընդհուպ մինչեւ դարավերջ, շեշտելով որ ցեղասպանութեան սպառնալիքը կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Բոլոր ցեղասպանութիւնները, շարունակեց, բազմաթիւ հասարակաց յայտարարներ ունին սկսելով օգտագործուած բառամթերքէն եւ ներկայացուած պատճառաբանութիւններէն հասնելով մինչեւ բնաջնջման մեթոտները եւ, ի մասնաւորի, ոճիրը եանհետացնելու« նախանձախնդրութիւնը: Այս իմաստով ան մէջբերեց Հայոց Ցեղասպանութենէն մինչեւ Լատին Ամերիկեան երկիրներու մէջ Պաղ Պատերազմի ժամանակ գործադրուած հաւաքական սպանութիւններու եւ տխրահռչակ եանհետացումներու« միջոցառումներուն փաստերը: Պատճառը, ըսաւ Տէր Ղուկասեան, այն է որ բոլոր ցեղասպանները ուշադիր են նախապէս գործադրուած եվերջնական լուծում«ներու դասերը քաղելու եւ իրենց ծրագրած ոճիրը եկատարելագործելու« ընդհուպ մինչեւ անոր հետքերուն եւ յիշողութեան անհետացումը: Հետեւաբար, ըսաւ ան, բաւարար չէ միայն պատիժի ենթարկել ցեղասպանը, անհրաժեշտ է նաեւ պաշտպանել պատմական ճշմարտութիւնը ամէն խեղաթիւրումէ, վերատեսութեան փորձէ եւ մանաւանդ ժխտումի քաղաքականութեան թակարդներէն: Ան օրինակը բերաւ Թուրքիոյ անպատժելիութեան եւ կիրարկած մոռացութեան քաղաքականութեան, ցոյց տալով որ Անգարա կը շահագործէ Երեւանի հետ ստորագրած իր համաձայնութիւնը այն ներկայացնելով որպէս փաստ որ երկու երկիրները համամիտ են հարցը քննարկել եյանձնաժողովներու« մէջ, հետեւաբար հարցականի տակ կը դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը: Հարաւային Ամերիկայի ժողովուրդները որոնք զինուորական բռնատիրութեանց ժամանակ տուժած են մարդկային իրաւանց ահաւոր բռնաբարումներէ չեն կրնար թոյլ տալ որ որեւէ ցեղասպանութիւն ժխտումի ենթարկուի, եւ պէտք է պայքարին որ բոլոր ճշմարտութիւնները հաստատագրուին օրէնքով: Նման օրէնքներ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ունին Ուրուկուան ու Արժանթինը, ըսաւ ան, Չիլէի Ծերակոյտը հրապարակած է յայտարարութիւն եւ Վենեզուելայի Խորհրդարանէն ներս եղած է միջոցառում: Պրազիլ, Հարաւային Ամերիկայի ամէնէն կարեւոր երկիրը որ այսօր համաշխարհային մասշտապով հզօր ուժի մակարդակ նուաճած է ի մասնաւորի ներկայ նախագահին՝ Ինասիօ Լուլա Տա Սիլվայի օրերուն եւ բարձր պահած իր բարոյական սկզբունքներու պաշտպանի յանձնառութիւնը, պէտք է հետեւի այս երկիրներու օրինակին: Աւելի°ն, ըսաւ ան, Հարաւային Ամերիկայի երկիրները այսօր պէտք է առաջքը առնեն ցեղասպանութիւնները ուրացող ամէն փորձութեան եւ ճշմարտութեան ժխտումը նկատեն յանցագործութիւն: Միայն եթէ մարդկութիւնը կարենայ համաշխարհային յանձնառութեան հասնիլ առաջքը առնելու համար ցեղասպանութիւններու կրկնութեան եւ հաստատագրէ ճշմարտութիւնն ու անոր պաշտպանութիւնը, Տէր Ղուկասեան եզրափակեց, պատմութիւնը զօրեղներու մենաշնորհը պիտի դադրի ըլլալէ եւ արդարներն են որ զայն պիտի գրեն:
Նշենք որ առաջին անգամ ըլլալով է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը կþարծարծուի Պրազիլի Խորհրդարանի մէկ միջոցառման ընթացքին: Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Հոկտեմբեր 10ին ստորագրուած համաձայնութիւնն ու անոր ներփակած փրոթոքոլները առիթ տուած են Անգարայի որ դիւանագիտական լայն արշաւի նախաձեռնէ Հարաւային Ամերիկայի հայաշատ երկիրներու ուղղութեամբ՝ լռութեան մատնելու համար Ցեղասպանութեան ամէն ճանաչում: Թրքական դիւանագիտութիւնը ակտիւացած է յատկապէս Արժանթինի, Ուրուկուայի եւ Պրազիլի մէջ: Այս վերջինը, որ մաս կը կազմէ Քսաններու Խմբակին որպէս միջազգային բեմահարթակի վրայ գործօն ուժ, արդէն աւելի քան երեք տարիէ ի վեր ունի իր դեսպանը Հայաստանի մէջ: Հայաստան տակաւին դեսպանութիւն չունի Պրազիլիայի մէջ:

